Դրան առջեւ եւ հեռախօսով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ
1, 2. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան յայտագիրը յարմարցնել, բազմազբաղ մարդոց օգնելու համար։
1 Ներկայիս մարդիկ զբաղած են։ Այսուհանդերձ շատեր հոգեւոր բաներով հետաքրքրուած են։ Ի՞նչպէս կրնանք անոնց օգնել որ իրենց հոգեւոր կարիքը գոհացնեն։ (Մատթ. 5։3) Բազմաթիւ հրատարակիչներ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն մարդոց դրան առջեւ կամ հեռախօսով։ Կրնա՞ս ծառայութիւնդ ընդարձակել այս կերպը գործածելով։
2 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար, պատրաստ պէտք է ըլլանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ցուցադրելու, երբ պատեհութիւնը ներկայանայ։ Ասիկա ի՞նչպէս եւ ո՞ւր կրնանք ընել։
3. Առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ինչո՞ւ ցուցադրել, եւ ի՞նչպէս։
3 Դրան առջեւ. Եթէ անհատը յօժար է Աստուածաշունչին մասին խօսակցելու, պարբերութիւն մը բաց որ նախապէս պատրաստած ես, օրինակ՝ Ի՛նչ կը պահանջէ գրքոյկին առաջին դասին առաջին պարբերութիւնը։ Պարբերութիւնը կարդա՛, հարցումը ուղղէ, եւ նշուած մէկ կամ երկու համար նկատի առ։ Ասիկա յաճախ կրնաս ընել դրան առջեւ 5-10 վայրկեանի մէջ։ Եթէ անհատը քննարկումէն ախորժի, կարգադրէ որ յաջորդ մէկ կամ երկու պարբերութիւնները ուրիշ ատեն նկատի առնես։—Ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար ուղղակի մօտեցում գործածելու մասին յաւելեալ թելադրութիւններ կը գտնուին Յունուար 2002–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, էջ 6։
4. Ի՞նչպէս կրնանք դրան առջեւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ, երբ վերայցելութիւններ կ’ընենք։
4 Վերայցելութեան համանման մօտեցում մը կարելի է գործածել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն սկսելու համար։ Օրինակ, կրնաս Ի՛նչ կը պահանջէ գրքոյկը ներկայացնել եւ Աստուծոյ անունին մասին խօսիլ, գործածելով 2–րդ դասին 1 եւ 2–րդ պարբերութիւնները։ Յաջորդ այցելութեան, կրնաս նկատի առնել թէ Աստուածաշունչը Եհովայի յատկութիւններուն մասին ի՛նչ կը յայտնէ, գործածելով 3 եւ 4–րդ պարբերութիւնները։ Իսկ յաջորդ խօսակցութեան համար, կրնաս 5 եւ 6–րդ պարբերութիւնները ու էջ 5–ի պատկերը նկատի առնել, ցցուն ընելու համար թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը կրնայ մեզի օգնել Եհովան ճանչնալու։ Այս ամէնը կրնայ տեղի ունենալ դրան առջեւ։
5, 6. (ա) Ոմանք ինչո՞ւ կը նախընտրեն հեռախօսով Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ (բ) Ի՞նչ մօտեցում կրնանք գործածել, երբ կ’առաջարկենք հեռախօսով ուսումնասիրել։
5 Հեռախօսով. Ոմանք կը նախընտրեն հեռախօսով Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Նկատի առ հետեւեալ փորձառութիւնը. երբ քոյր մը տունէ տուն կը քարոզէր, երիտասարդուհիի մը հանդիպեցաւ, որ աշխատող մայր մըն էր։ Չկարենալով անգամ մը եւս զինք տունը գտնել, քոյրը որոշեց հեռախօսել։ Երիտասարդուհին բացատրեց թէ Աստուածաշունչը քննարկելու համար իրապէս ժամանակ չունի։ Քոյրը ըսաւ. «10 կամ 15 վայրկեան տրամադրելով կրնաս նոր բան մը սորվիլ, նոյնիսկ՝ հեռախօսով»։ Երիտասարդուհին պատասխանեց. «Եթէ հեռախօսով, ուրեմն արգելք չունիմ»։ Ուստի հեռախօսով կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը սկսաւ վարուիլ։
6 Կարելի՞ է որ այցելած անհատներէդ ոմանք յօժարին հեռախօսով ուսումնասիրել։ Կրնաս վերոյիշեալ մօտեցումը գործածել, կամ պարզապէս ըսել. «Կրնանք Աստուածաշունչը քննարկել հեռախօսով։ Ասիկա կը նախընտրե՞ս»։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մեր յայտագիրը ուրիշներու պարագաներուն յարմարցնելով, կրնանք անոնց օգնել որ ‘Աստուծոյ գիտութիւնը գտնեն’։—Առ. 2։5. Ա. Կորն. 9։23