Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Sept. 22
«Շատեր պատշաճ բնակարան մը ունենալու նիւթական կարողութիւնը չունին։ Կը խորհի՞ս թէ օրին մէկը ամէն ոք վայելուչ բնակարան պիտի ունենայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Զարթի՛ր պարբերաթերթը բնակարան ապահովելու տագնապին մասին ընթացիկ տեղեկագրութիւն մը կը ներկայացնէ, եւ ցոյց կու տայ թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուծոյ սա խոստումը պիտի կատարուի»։ Կարդա՛ Եսայեայ 65։21, 22–ը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Հոկտեմբեր 1
Կողքին նշած հարցումը կարդա՛։ Ապա հարցուր. «Գիտե՞ս թէ հարցումը ո՛ր նշանին կ’ակնարկէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Մատթէոս 24։3–ը։] Դիտարան–ի այս թիւը նկատի կ’առնէ նշանին երեսակներէն հինգ գլխաւոր երեսակներ եւ կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ զայն պէտք է զատորոշենք»։ Ցոյց տուր էջ 6–ի շրջանակը։
Oct. 8
«Խմիչքի չափազանց գործածութիւնը անհամար խնդիրներ կը պատճառէ։ Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ ալքոլին ունեցած ազդեցութիւնը մարմնին վրայ։ [Ցոյց տուր էջ 7–ի պատկերը։] Այս յօդուածները նկատի կ’առնեն թէ անհատներ ի՛նչպէս կրնան խմիչքի չափազանց գործածութենէն ձերբազատուիլ եւ ուրիշներ ի՛նչպէս կրնան օգնական ըլլալ»։