Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/05 էջ 1
  • Կեանքի առաջնորդող կրթութիւն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կեանքի առաջնորդող կրթութիւն
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովայի վկաները ի՞նչ տեսակէտ ունին ուսումին նկատմամբ
    Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
  • Կրթութիւնը՝ Եհովան փառաբանելու համար գործածենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Աստուածային կրթութեան գերազանց արժէքը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Ուսում ստանալու նպատակը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 12/05 էջ 1

Կեանքի առաջնորդող կրթութիւն

1 Ի՜նչ վարձահատոյց է տեսնել մարդոց աչքերուն փայլիլը, երբ կը սկսին Աստուծոյ Խօսքին բովանդակած ճշմարտութիւնը հասկնալ։ Աստուծոյ գիտութիւնը ու մարդկութեան վերաբերեալ իր նպատակը ուրիշներուն ներկայացնելը արդարեւ գոհունակութիւն կը պատճառէ։ Այս կրթութիւնը կրնայ անհատը յաւիտենական կեանքի առաջնորդել։—Յովհ. 17։3

2 Ինչո՛ւ գերակայ է. Ներկայիս կրթութիւն կը տրուի անհամար միջոցներով եւ ամէն նիւթի շուրջ։ (Ժող. 12։12) Բայց արժէքի կողմանէ, այդ գիտութիւնը կարելի չէ բաղդատել «Աստուծոյ մեծամեծ բաներու»ն հետ։ (Գործք 2։11) Աշխարհի մատուցած կրթութիւնը կրցա՞ծ է մարդկութիւնը Ստեղծիչին մօտեցնել եւ Իր նպատակը գիտցնել։ Անիկա մարդոց օգնա՞ծ է հասկնալու թէ ի՛նչ կը պատահի երբ կը մեռնինք կամ թէ ինչո՛ւ շատ տառապանք կայ։ Անիկա մարդոց յոյս տուա՞ծ է։ Անիկա ընտանեկան կարգադրութիւնը բարելաւելու նպաստա՞ծ է։ Ո՛չ։ Մենք միայն աստուածային կրթութեան միջոցով կրնանք կեանքի ամենակարեւոր հարցումներուն իսկական պատասխաններ գտնել։

3 Աստուածային կրթութիւնը կը մատուցանէ բան մը որ ներկայ աշխարհի մէջ հազուագիւտ է,– բարոյական զարգացում։ Աստուծոյ Խօսքը արմատախիլ կ’ընէ ցեղապաշտութիւնը, տոհմապաշտութիւնը եւ ազգայնականութիւնը, անոնց սիրտէն՝ որոնք իր ուսուցումները կ’ընդունին ու կը կիրարկեն։ (Եբր. 4։12) Անիկա անհատները մղած է որ ամէն տեսակ բռնութիւն մերժեն ու ‘նոր անձնաւորութիւնը հագնին’։ (Կող. 3։9-11. Միք. 4։1-3) Ասկէ զատ, աստուածային կրթութիւնը միլիոնաւորներու զօրութիւն տուած է, որ յաղթահարեն արմատացած սովորութիւններ եւ առանձնայատկութիւններ, որոնք Աստուած կը տհաճեցնեն։—Ա. Կորն. 6։9-11

4 Ինչո՛ւ հրատապ է. Մեր Մեծ Ուսուցիչը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ ներկայ ժամանակներուն նշանակութիւնը։ Իր մարգարէական դատաստանները կը բովանդակեն այժմէական տեղեկութիւններ, որոնք համայն աշխարհի մէջ պէտք է յայտարարուին։ (Յայտ. 14։6, 7) Քրիստոս երկինքի մէջ կ’իշխէ, սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը կործանուելու վրայ է, իսկ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պատրաստ է երկրային բոլոր կառավարութիւնները մէջտեղէն վերցնելու։ (Դան. 2։44. Յայտ. 11։15. 17։16) Հետեւաբար շատ կարեւոր է որ մարդիկ Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը ընդունին, Մեծ Բաբելոնէն դուրս ելլեն եւ հաւատքով Եհովայի անունը կանչեն։ (Սաղմ. 2։11, 12. Հռովմ. 10։13. Յայտ. 18։4) Կեանքի առաջնորդող կրթութիւնը ուրիշներուն հաղորդելու մէջ, թող մեր լման բաժինը բերենք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել