Քարոզելու պատեհութիւններ ստեղծէ՛
1 Քրիստոնէական ժողովքը այլազան պարագաներ ունեցող անհատներէ կազմուած է։ Այսուհանդերձ, Եհովան փառաբանելու նոյն վճռակամութիւնը ունինք։ (Սաղմ. 79։13) Եթէ վատ առողջութիւնը կամ այլ դժուար պարագայ մը կը սահմանափակէ մեր մասնակցութիւնը բարի լուրի քարոզչութեան, ի՞նչպէս կրնանք քարոզելու պատեհութիւններ ստեղծել։
2 Ամէնօրեայ գործունէութեանց ընթացքին. Յիսուս իր ամէնօրեայ գործունէութեանց ընթացքին մարդոց վկայեց։ Ան Մատթէոսի խօսեցաւ երբ մաքսատան մը առջեւէն կ’անցնէր, Զաքէոսի՝ երբ կը ճամբորդէր, եւ Սամարացի կնոջ մը՝ երբ կը հանգստանար։ (Մատթ. 9։9. Ղուկ. 19։1-5. Յովհ. 4։6-10) Մենք ալ կրնանք սովորական խօսակցութիւնները օգտագործել վկայելու համար։ Ձեռքի տակ Աստուածաշունչ, թերթիկներ ու գրքոյկներ ունենալը, մեզ պիտի քաջալերէ մեր յոյսին մասին արտայայտուելու։—Ա. Պետ. 3։15
3 Ֆիզիքական տկարութիւնը կը նուազեցնէ՞ դռնէ դուռ ծառայութեան մասնակցիլդ։ Թող աչքէդ չվրիպին վկայելու պատեհութիւնները, երբ քեզի կ’այցելեն հիւանդապահներ եւ ուրիշներ։ (Գործք 28։30, 31) Եթէ պարագաներդ թոյլ չեն տար որ տունէն դուրս ելլես, փորձա՞ծ ես հեռախօսով կամ նամակով վկայել։ Քոյր մը կանոնաւորաբար կը գրէ իր Վկայ չեղող ազգականներուն, պարփակելով աստուածաշնչական քաջալերական գաղափարներ եւ դաշտի ծառայութեան իր փորձառութիւնները։
4 Ո՛ւր որ կ’աշխատիս կամ դպրոցը. Եհովան փառաբանելու մեր փափաքը մեզ պիտի մղէ նաեւ որ ճշմարտութեան սերմերը ցանելու պատեհութիւններ ստեղծենք ո՛ւր որ կ’աշխատինք կամ դպրոցը։ Ութ տարեկան հրատարակիչ մը իր դասընկերներուն հաղորդեց լուսինին մասին Զարթի՛ր–ի ներկայացուցած տեղեկութիւնները։ Աղբիւրէն տեղեակ ըլլալէ ետք, իր ուսուցչուհին սկսաւ կանոնաւորաբար Դիտարան–ն ու Զարթի՛ր–ը առնել։ Գործատեղը, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը յարմար տեղ մը դնելը կրնայ հարցումներու դուռ բանալ որ վկայենք։
5 Առօրեայ գործունէութիւններուդ ընթացքին քարոզելու պատեհութիւններ ստեղծելու այլ կերպեր կրնա՞ս գտնել։ Մեր պարագաները լաւագոյնս օգտագործելով, ջանանք ամէն օր «Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ» մատուցանել։—Եբր. 13։15