Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Apr.
«Շատեր կ’ըսեն թէ խաչը իրենց կ’օգնէ Աստուծոյ աւելի մօտիկ զգալու։ Սակայն ոմանք հարց կու տան. պատշա՞ճ է պատուել այն գործիքը, որով Յիսուս սպաննուեցաւ։ Յիսուս իսկապէս խաչի՞ մը վրայ մեռաւ։ Էջ 12–ի վրայ սկսող յօդուածը այս հարցումները նկատի կ’առնէ Աստուածաշունչի լոյսին տակ»։ Կարդա՛ Գործք Առաքելոց 5։30–ը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Մայիս 1
«Համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներ աղքատութեան գէշ հետեւանքներէն կը տառապին։ Քու կարծիքով, ի՞նչ կարելի է ընել անոնց օգնելու։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։21–ը։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս կրնանք Յիսուսի օրինակին հետեւելով՝ աղքատներով հետաքրքրուիլ»։
May
«Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ ինչո՛ւ կը ծերանանք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչի բացատրութիւնը թէ ինչո՛ւ կը ծերանանք, ցոյց կու տայ թէ Աստուած ի՛նչպէս կարելի դարձուցած է որ անվերջ կեանք մը վայելենք։ [Կարդա՛ Եսայեայ 25։8–ը։] Զարթի՛ր–ի այս թիւը կը քննարկէ կարգ մը ընթացիկ գաղափարներ ծերութեան պատճառներուն մասին»։