Հարցումի Տուփ
◼ Երբ Եհովայի ծառայութեան համար գործածուած կառոյցներ կ’այցելենք, ի՞նչպիսի հագուելակերպ պատշաճ է։
Աշխարհի չորս կողմը գտնուող Թագաւորութեան Սրահները, Համաժողովի Սրահները, Պէթէլի տուները եւ մասնաճիւղի համալիրները, Եհովայի ծառայութեան նուիրուած մասնայատուկ վայրեր են։ Անոնք համեստ, մաքուր ու կոկիկ են, եւ անոնց երեւոյթը լրջութիւն կ’արտացոլացնէ։ Անոնց եւ Սատանայի իրերու դրութեան մէջ եղող բաներուն միջեւ մե՜ծ տարբերութիւն կայ։ Երբ Եհովայի ծառայութեան համար գործածուած վայրերը կ’այցելենք, նոյնպէս պէտք է ճանչցուինք որպէս Եհովայի պատկանող անհատներ, որոնք իր կամքը կը կատարեն։
Քրիստոնեաներ ըլլալով, ամէն կերպով «մենք մեզ կը յանձնարարենք որպէս Աստուծոյ ծառաներ», ի ներառեալ մեր պատշաճ եւ վայելուչ հագուստով ու յարդարանքով։ (Բ. Կորն. 6։3, 4, ՆԱ) Նաեւ մեզմէ կ’ակնկալուի որ լաւ վարմունք ունենանք։ Ամէն ատեն մեր հագուելակերպն ու յարդարանքը պէտք է արտացոլացնէ Եհովա Աստուծոյ ծառաներուն վայել պատշաճութիւնը եւ լրջութիւնը։ Ասիկա յատկապէս շիտակ է երբ Նիւ Եորքի կեդրոնատեղին եւ աշխարհի տարածքին գտնուող մասնաճիւղերը կ’այցելենք։
Պատշաճ հագուելակերպի ու յարդարանքի կարեւորութիւնը քննարկելով, Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գիրքը ուշադրութեան կը յանձնէ ֆիզիքական մաքրութիւնը, համեստ հագուստն ու յարմար յարդարանքը, երբ դաշտի ծառայութեան կ’երթանք եւ քրիստոնէական ժողովներու կը յաճախենք։ Ապա էջ 138–ի վրայ, 3–րդ պարբերութեան մէջ, անիկա կ’ըսէ. «Մտաբերեցէք թէ Պէթէլ անունը կը նշանակէ ‘Աստուծոյ տուն’։ Հետեւաբար, մեր հագուստները, յարդարանքը եւ վարմունքը պէտք է ըլլան ա՛յնպէս ինչպէս կ’ակնկալուի մեզմէ, երբ պաշտամունք մատուցանելու համար Թագաւորութեան Սրահ կը յաճախենք»։ Այս բարձր չափանիշը պէտք է պահպանուի Թագաւորութեան հրատարակիչներուն կողմէ, որոնք Պէթէլ կ’այցելեն մօտակայ շրջանէ մը կամ հեռաւոր շրջաններէ։ Այս կերպով այցելուն պատշաճ գնահատութիւն ու յարգանք կը ցուցաբերէ։—Սաղմ. 29։2
Մեր հագուելակերպը պէտք է մեզ բնորոշէ որպէս «աստուածպաշտութիւնը յանձն առած» անհատներ։ (Ա. Տիմ. 2։10) Պատշաճ հագուելակերպին ու յարդարանքին շնորհիւ, ուրիշներ կրնան Եհովայի ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ դրական տեսակէտ մը ունենալ։ Սակայն նկատուած է թէ Եհովայի ծառայութեան համար գործածուած կառոյցները այցելելու ատեն, կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր չափազանց անպաշտօն, թափթփած կամ մարմինը ցուցադրող հագուստներ կը հագնին։ Այսպիսի հագուելակերպ Քրիստոնեաներուն համար ամէ՛ն ատեն անպատշաճ է։ Ինչպէս մեր քրիստոնէական կենցաղին միւս մարզերուն մէջ, այս հարցին մէջ ալ կ’ուզենք Աստուծոյ ժողովուրդը աշխարհէն զատորոշող բարձր չափանիշները պահպանել, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ընելով։—Հռովմ. 12։2. Ա. Կորն. 10։31
Արդ, երբ Նիւ Եորք նահանգին մէջ կեդրոնատեղին ու մասնաճիւղը կամ մասնաճիւղի այլ դիւրութիւններ այցելես, նախապէս ծրագրուած կերպով կամ ոչ, դուն քեզի հարց տուր. ‘Հագուստս ու յարդարանքս իմ այցելած վայրիս համեստութիւնը, մաքրութիւնը եւ լրջութիւնը կ’արտացոլացնէ՞։ Անիկա պաշտած Աստուծոյս վրայ լաւ անդրադարձ ունի՞։ Երեւոյթս կրնա՞յ ուրիշները նեղացնել կամ ընդվզեցնել’։ Մեր հագուելակերպով ու յարդարանքով, թող միշտ ‘մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ զարդարենք’։—Տիտ. 2։10