Հարցումի Տուփ
◼ Ինչո՞ւ մեր հագուստին ու յարդարանքին մասնայատուկ ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք, երբ կ’այցելենք Ընկերութեան շէնքերը Պրուքլինի, Փէթըրսընի եւ Ուոլգիլի մէջ, ինչպէս նաեւ համայն աշխարհի մէջ եղած մասնաճիւղերը։
Քրիստոնեաներէն կ’ակնկալուի որ պատշաճ երեւոյթ մը պահպանեն։ Ամէն ժամանակ մեր հագուելակերպը ու յարդարանքը պէտք է ցոլացնեն Եհովա Աստուծոյ ծառաներուն վայել եղող պատշաճութիւնը ու լրջութիւնը։ Ասիկա մասնաւորաբար կիրարկելի է, երբ կ’այցելենք Ընկերութեան շէնքերը Նիւ Եորքի մէջ եւ աշխարհի շուրջ եղող մասնաճիւղերը։
1998–ի ընթացքին, նահանգային եւ միջազգային համաժողովներ տեղի պիտի ունենան։ Բազմաթիւ երկիրներէ հազարաւոր եղբայրներ պիտի այցելեն Ընկերութեան Նիւ Եորքի կեդրոնատեղին, ինչպէս նաեւ՝ ուրիշ երկիրներու մէջ գտնուող մասնաճիւղերը։ Ոչ միայն երբ այս շէնքերը կ’այցելենք, այլ՝ ամէն ատեն պէտք է ‘ամէն բանի մէջ մեր անձը ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս’, ի ներառեալ մեր պատշաճ հագուելակերպով ու յարդարանքով։—Բ. Կորն. 6։3, 4
Պատշաճ հագուելակերպի ու յարդարանքի կարեւորութեան մասին խօսելով, Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գիրքը կը յիշէ ֆիզիքական մաքրութեան, համեստ հագուելակերպի եւ պատշաճ յարդարանքի կարիքին մասին, երբ կը մասնակցինք դաշտի ծառայութեան եւ կը յաճախենք քրիստոնէական ժողովներուն։ Անկէ ետք, էջ 131–ի վրայ, 2–րդ պարբերութեան մէջ կ’ըսէ. «Միեւնոյնը կը կիրարկուի երբ կ’այցելենք Պրուքլինի Պէթէլը կամ Ընկերութեան որեւէ մասնաճիւղի գրասենեակը։ Մի՛ մոռնաք, Պէթէլ անունը կը նշանակէ ‘Աստուծոյ Տունը’, հետեւաբար, մեր հագուստները, յարդարանքը եւ վարմունքը ըլլան ա՛յնպէս ինչպէս կ’ակնկալուի մեզմէ, երբ պաշտամունք մատուցանելու համար Թագաւորութեան Սրահ կը յաճախենք»։ Այս միեւնոյն բարձր չափանիշը պէտք է պահպանուի Թագաւորութեան հրատարակիչներու կողմէ, որոնք կու գան թէ՛ մօտիկ եւ թէ հեռու շրջաններէ, Պէթէլի ընտանիքի անդամները տեսնելու ու անոնց հետ ընկերակցելու, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի շէնքերը այցելելու համար։
Մեր հագուելակերպը ուրիշներուն վրայ դրական ազդեցութիւն մը պէտք է ունենայ, Եհովայի ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ անոնց տեսակէտին ազդելով։ Սակայն, տեսնուած է թէ եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք երբ Ընկերութեան շէնքերը կ’այցելեն, չափազանց անպաշտօն կերպով հագուած կ’ըլլան։ Այսպիսի հագուստներ անպատշաճ են, երբ կ’այցելենք որեւէ Պէթէլ։ Այս առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական կենցաղի միւս բոլոր մարզերուն մէջ, կը փափաքինք պահպանել այն միեւնոյն բարձր չափանիշները, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդը կը զատորոշեն աշխարհէն, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ընելով։ (Հռովմ. 12։2. Ա. Կորն. 10։31) Նաեւ լաւ կ’ըլլայ որ Աստուածաշունչի մեր աշակերտներուն եւ առաջին անգամ Պէթէլ այցելող ուրիշ անհատներու հետ խօսինք եւ անոնց յիշեցնենք պատշաճ հագուելակերպի ու յարդարանքի ուշադրութիւն ընծայելու կարեւորութիւնը։
Հետեւաբար, երբ Ընկերութեան շէնքերը կ’այցելէք, դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Հագուելակերպս ու յարդարանքս պարկե՞շտ են’։ (Բաղդատել՝ Միքիայ 6։8։) ‘Իմ պաշտած Աստուծոյս մասին լաւ տպաւորութիւն կը ձգե՞ն։ Ուրիշներ իմ երեւոյթիս պատճառաւ կրնա՞ն մտացրուիլ կամ գայթակղիլ։ Առաջին անգամ այցելողներուն համար պատշաճ օրինակ կը հանդիսանա՞մ’։ Թող որ միշտ մեր հագուելակերպով ու յարդարանքով ‘մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ զարդարենք’։—Տիտ. 2։10