Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/02 էջ 2
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Ինչո՞ւ մեր հագուելակերպն ու տեսքը կարեւոր են
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Անմոռանալի լաւ գործեր
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2019)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
թծ 6/02 էջ 2

Հարցումի Տուփ

◼ Երբ Պէթէլի տուներ կամ մասնաճիւղի գրասենեակներ կ’այցելենք, հագուստի ու յարդարանքի ի՞նչ չափանիշ պէտք է պահենք։

Երբ Պէթէլ կ’այցելենք, ըլլայ անիկա Պէթէլի ընտանիքի անդամներուն այցելելու կամ շրջապտոյտի համար, «մեր հագուստները, յարդարանքը եւ վարմունքը պէտք է ըլլան ա՛յնպէս ինչպէս կ’ակնկալուի մեզմէ, երբ պաշտամունք մատուցանելու համար Թագաւորութեան Սրահ կը յաճախենք»։ (om 131) Սակայն, տեսնուած է թէ եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք երբ մասնաճիւղի գրասենեակները կ’այցելեն, չափազանց անպաշտօն կերպով հագուած կ’ըլլան։ Ասիկա պատշաճ չէ, երբ այս վայրերը կ’այցելենք։ Մեր արտաքին երեւոյթը պէտք է օրինակելի, կոկիկ եւ համեստ ըլլայ, արտացոլացնելով Եհովա Աստուծոյ ծառաներուն վայել պատշաճութիւնն ու արժանապատուութիւնը։—Ա. Տիմ. 2։9, 10

Ասիկա կարեւոր է մանաւանդ երբ Պէթէլի տուները եւ մասնաճիւղի շէնքերը կ’այցելենք, քանի որ շատ մը Վկայ չեղողներ իրենց ուշադրութիւնը կը դարձնեն այցելուներուն վրայ։ Այսպիսի ականատեսներ կրնան Աստուծոյ ժողովուրդին ու անոր կազմակերպութեան մասին կարծիքներ կազմել, հիմնուելով իրենց տեսածին վրայ։ Լաւ կ’ըլլայ որ Աստուածաշունչի աշակերտներուն եւ այցելող ուրիշ անհատներու հետ խօսինք եւ անոնց յիշեցնենք պատշաճ հագուելակերպի ու յարդարանքի ուշադրութիւն ընծայելու կարեւորութիւնը։ Պէթէլի ընտանիքը ձեր այս ըրածը պիտի գնահատէ։

Որպէս Քրիստոնեայ քարոզիչներ, պէտք է զգոյշ ըլլանք որ մեր արտաքին երեւոյթը որեւէ գայթակղութեան պատճառ չըլլայ։ (Բ. Կորն. 6։3, 4) Փոխարէն, մեր պատշաճ երեւոյթով, թող որ միշտ «մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ զարդարենք»։—Տիտ. 2։10

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել