Ի՛նչպէս պարբերաթերթերը առաջարկել
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 հոկտեմբեր
«Մատթէոս 6։9–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը շատերու ծանօթ են։ [Կարդալ։] Այսուհանդերձ շատերու համար որպէս Հայր՝ Աստուծոյ մօտիկ զգալը դժուար կը թուի։ Ըստ քեզի, ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ մօտենալ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ մեր երկնաւոր Հօր զանազան յատկութիւնները եւ ի՛նչպէս կրնանք զինք իրապէս ճանչնալ»։
Oct.
«Տարբեր կրօնքներու պատկանող անհատներ, Աստուծոյ իսկական բնոյթին շուրջ հակասական տեսակէտներ ունին։ Բայց Աստուծոյ Որդին զինք ի՞նչպէս նկարագրեց։ Նկատի առ Յովհաննէս 4։24–ի մէջ Յիսուսի խօսքերը։ [Կարդալ։] Միայն երկու էջով այս յօդուածը կը ներկայացնէ Աստուածաշունչին տեսակէտը սա հարցումին շուրջ. ‘Ի՞նչ է Աստուծոյ բնոյթը’»։ Էջ 24-25–ի վրայ եղող յօդուածը ներկայացուր։
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 նոյեմբեր
«Այս անկայուն ժամանակներուն, շատեր ապագային նկատմամբ մտահոգ են։ Ի՞նչ բան քեզի կ’օգնէ դրական հայեցակէտ պահպանելու։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ Աստուածաշունչի սա խոստումը։ [Կարդա՛ Եսայի 65։17–ն։] Այս պարբերաթերթը ապագային նկատմամբ լաւատես ըլլալու վաւերական պատճառներ կու տայ»։
Nov.
«Մարդիկ յաճախ յաջողութիւնը կ’առնչեն համբաւի, հարստութեան կամ հեղինակութեան։ Ի՞նչպէս կը սահմանես յաջողութիւնը։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ըստ Աստուածաշունչին, նկատի առ թէ ի՛նչ բան յաջողութեան կ’առաջնորդէ։ [Կարդա՛ Սաղմոս 1։1-3–ը։] Այս յօդուածը յաջողութեան նպաստող վեց բանալիներ կը քննարկէ»։ Էջ 6–ի վրայ սկսող յօդուածը աչքառու դարձուր։