Կրնա՛ս ուսուցիչ մը ըլլալ
1. Թագաւորութեան իւրաքանչիւր հրատարակիչի ի՞նչ առանձնաշնորհեալ պատեհութիւն մատչելի է։
1 Ծառայութեան ամէնէն վարձահատոյց երեսակներէն մէկն է՝ ճշմարտութիւնը մէկու մը սորվեցնել։ Թանկագին փորձառութիւն մըն է տեսնել թէ ան Թագաւորութեան պատգամին ի՛նչպէս կ’ընդառաջէ եւ անոր օգնել որ տիեզերքի Գերիշխանին մօտենայ (Յակ. 4։8)։ Թագաւորութեան իւրաքանչիւր հրատարակիչի նպատակակէտը պէտք է ըլլայ՝ ճշմարտութեան ծարաւը ունեցողի մը սորվեցնել ու նկատել թէ ի՛նչպէս իր անձնաւորութեան, երեւոյթին եւ վարքին մէջ յատկանշական փոփոխութիւններ կը մտցնէ (Մատ. 28։19, 20)։
2. Ոմանք ինչո՞ւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու կը վարանին, եւ ի՞նչ բան իրենց պիտի օգնէ այս խնդիրը յաղթահարելու։
2 Եհովայի ապաւինէ։ Անցեալին, հաւատարիմ ծառաներ իրենց յանձնարարութիւնը կատարելու առնչութեամբ իրենց որակները հարցականի տակ դրին։ Եհովա Աստուծոյ ապաւինիլը կարելի դարձուց որ Մովսէս, Երեմիա, Ամովս եւ այլ սովորական անհատներ, իրենց կասկածները կամ մտահոգութիւնները յաղթահարեն ու նշանակալից գործ մը կատարեն (Ել. 4։10-12. Եր. 1։6, 7. Ամովս 7։14, 15)։ Պօղոս առաքեալն ալ ‘համարձակութիւն ունեցաւ Աստուծմով’ (Ա. Թես. 2։2)։ Արդարեւ, բոլորս ալ կրնանք Եհովայի ապաւինիլ որ մեզի հարկ եղած օգնութիւնը, իմաստութիւնը եւ զօրութիւնը հայթայթէ՝ Աստուածաշունչի արդիւնաբեր ուսումնասիրութիւններ վարելու համար (Եսա. 41։10. Ա. Կոր. 1։26, 27. Ա. Պետ. 4։11)։
3, 4. Աստուծոյ Խօսքը ուսուցանելու մէջ մեզի օգնելու համար, ո՞ր մարզումը տեղին է։
3 Մարզումը ընդունէ։ Մեր Մեծ Ուսուցիչը՝ Եհովա Աստուած հոգեւոր կրթութեան կանոնաւոր ծրագրի մը միջոցաւ մարզում կը հայթայթէ, որպէսզի կարենանք իբրեւ ուսուցիչներ լիովին ատակ ըլլալ (Եսա. 54։13. Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Այս մարզումը ընդունէ՝ պատեհութիւնները լիովին օգտագործելով որ Սուրբ Գրութիւններու հասկացողութիւնդ աւելցնես եւ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները ուսուցանելու կարողութիւնդ բարելաւես։ Թէեւ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին եւ Ծառայութեան ժողովին գլխաւոր նպատակը ասիկա է, բայց բոլոր ժողովքային հանդիպումները մեզ կը մարզեն որ Աստուծոյ Խօսքէն սորվեցնենք։
4 Ջանա՛ պարզ կերպեր սորվիլ, նոյնիսկ խորունկ հոգեւոր ճշմարտութիւններ ուսուցանելու համար։ Ծառայութեան դպրոց գիրքը, էջ 227, կը բացատրէ. «Եթէ կ’ուզէք ձեր նիւթը ուրիշներուն հասկցնել, նախ դո՛ւք զայն լաւ հասկցած պէտք է ըլլաք»։ Ժողովներուն պատասխաններ տալը մեզի կ’օգնէ գլխաւոր կէտերը մեր մտքին մէջ դրոշմելու, ապագային զանոնք գործածելու համար։ Ուստի նիւթերը լաւ պատրաստէ, եւ ուսուցանելու կարողութեանդ հանդէպ վստահութիւնդ պիտի աճի։
5. Ժողովքին մէջ յաւելեալ ի՞նչ մարզում ունինք, որ մեզի կ’օգնէ իբրեւ ուսուցիչներ յառաջդիմելու։
5 Սկիզբէն իսկ քրիստոնեայ քարոզիչներ աշակերտելու գործին մէջ իրարմէ սորվեցան (Ղուկ. 10։1)։ Եթէ կարելի է, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գործին մէջ ընկերակցէ փորձառու հրատարակիչներու, ի ներառեալ՝ ռահվիրաներ, երէցներ եւ ճամբորդող տեսուչներ։ Նկատի առ թէ անոնք հրատարակութիւններուն նշած պարզ առակները եւ ուսուցանելու օժանդակող այլ միջոցները ի՛նչպէս կը գործածեն՝ աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ բացատրելու։ Անոնցմէ խնդրէ թելադրութիւններ, թէ ի՛նչպէս կրնաս աւելի լաւ ուսուցիչ մը ըլլալ (Առ. 1։5. 27։17)։ Այս բոլորը Աստուծոյ կողմէ տրուած մարզում ըլլալով, զայն գնահատէ (Բ. Կոր. 3։5)։
6. Աստուածաշունչի ուսուցիչ ըլլալու համար, ի՞նչ բան անհրաժեշտ է։
6 Եհովայի ապաւինէ եւ անոր հայթայթած մարզումէն օգտուէ։ Յառաջդիմութիւնդ աղօթքի նիւթ դարձուր (Սաղ. 25։4, 5)։ Դուն ալ կրնաս վայելել այն ուրախութիւնը, որ յառաջ կու գայ մէկու մը օգնելէն որ Աստուածաշունչի ուսուցիչ ըլլայ, քեզի նման։