Ծառայութիւնդ կրնա՞ս ընդարձակել
1. Դաշտի ծառայութեան մէջ ի՞նչ ստիպողական կարիք կայ եւ ինչո՞ւ։
1 Թագաւորութեան բարի լուրին հանդէպ բազմութիւններուն ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը նկատելով, Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրեց որ ‘հունձքին Տէրոջը աղաչեն, որ մշակներ հանէ իր հունձքին’ (Մատ. 9։37, 38)։ Հունձքի եղանակին վերջին ժամերուն մէջ ըլլալով, մեր գործը որեւէ ժամանակէ աւելի հրատապ է։ Ասիկա կը նշանակէ, որ ջերմեռանդ աղօթքով պէտք է նկատի առնենք, թէ ի՛նչպէս կրնանք դաշտի ծառայութեան մէջ աւելի բաժին բերել (Յովհ. 14։13, 14)։
2. Ոմանք դաշտին մէջ աւելի մշակներ հանելու կոչին ի՞նչպէս ընդառաջած են։
2 Ընդարձակուած ծառայութիւն։ Եհովայի առաջնորդութեամբ եւ օգնութեամբ, շատեր կրցած են ռահվիրայական ծառայութեան ձեռնարկել (Սաղ. 26։2, 3. Փլպ. 4։6)։ Ոմանք մասնայատուկ ջանք թափած են, որ տարուան ընթացքին մէկ կամ երկու ամիս իբրեւ օժանդակ ռահվիրաներ ծառայեն։ Ասիկա իրենց ծառայութիւնը ընդարձակելու ընտիր կերպ մը եղած է։ Այս առանձնաշնորհումին առթած երջանկութիւնը պատճառ եղած է, որ անոնցմէ շատեր կանոնաւոր ռահվիրայութեան ձեռնարկեն (Գործք 20։35)։
3. Եթէ նախապէս ռահվիրայութիւն ըրած ես, թերեւս փափաքիս ի՞նչ բան նկատի առնել։
3 Կրնա՞ս ռահվիրայական ծառայութիւնդ վերսկսիլ։ Եթէ նախապէս ծառայած ես իբրեւ ռահվիրայ, վստահաբար արժէքաւոր յիշատակներ ունիս։ Աղօթքով մտածա՞ծ ես ռահվիրաներու շարքին վերադառնալու կարելիութեան մասին։ Այն պատճառները, որոնց համար ռահվիրայական ծառայութիւնը ձգեցիր, գուցէ այժմ գոյութիւն չունին։ Թերեւս ժամանակն է, որ այս մասնայատուկ առանձնաշնորհումը անգամ մը եւս վայելես (Ա. Յովհ. 5։14, 15)։
4. Մեր բոլորին ի՞նչ անզուգական պատեհութիւն մը մատչելի է։
4 Հունձքի գործը բաւական յառաջ գացած է եւ վերջանալու վրայ է (Յովհ. 4։35, 36)։ Բոլորս մեր ներկայ պարագաները քննենք, տեսնելու համար թէ կրնա՞նք մեր զբաղումները կարգի դնել, որպէսզի դաշտին մէջ մեր մասնակցութիւնը ընդարձակենք։ Իսկ եթէ անկեղծօրէն նկատենք թէ չենք կրնար մեր ծառայութիւնը ընդարձակել, աւելի ազդու ըլլալու կերպեր կրնա՞նք գտնել (Մար. 12։41-44)։ Այժմ ի՜նչ սքանչելի առանձնաշնորհում մը ունին բոլոր անոնք, որոնց ներկայ պարագաները թոյլ կու տան Եհովայի կողմէ գործածուելու այս անզուգական աշխատանքին մէջ (Սաղ. 110։3)։