Ինչպէ՛ս պարբերաթերթերը առաջարկել
Դիտարան 1 յունուար
«Կը խորհի՞ս որ օրին մէկը Աստուած համայն աշխարհի մէջ տառապանքին վերջ պիտի դնէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ այս աստուածաշնչական խոստումը, որ յուսալու պատճառ կու տայ մեզի։ [Կարդա՛ էջ 7–ի վրայ նշուած համարներէն մէկը։] Այս պարբերաթերթը Աստուածաշունչին միջոցաւ ցոյց կու տայ, թէ Աստուած ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս ամէն տառապանք պիտի չքացնէ»։
Դիտարան 1 փետրուար
«Ոգելից ըմպելիներու գործածութեան նկատմամբ կրօնական տարակարծութիւններ կան։ Քու կարծիքովդ, Աստուած ոգելից ըմպելիի գործածութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ճիշդ է որ Աստուածաշունչը կը նշէ, թէ առիթով մը Յիսուս հրաշալիօրէն ջուրը գինիի վերածեց, բայց նաեւ հետեւեալը կ’ըսէ։ [Կարդա՛ Առակաց 23։20ա։] Այս պարբերաթերթը Աստուածաշունչի հաւասարակշռուած տեսակէտը ցոյց կու տայ»։