Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/10 էջ 3
  • Հարցումի տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Վերստուգուած Հանրային Դասախօսութիւններէն Օգտուինք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Շարունակեցէք Յառաջդիմել
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ձայնագրութիւնները ինչպէ՛ս գործածել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2015)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
թծ 4/10 էջ 3

Հարցումի տուփ

◼ Եհովայի վկաները ձայնագրուած կամ գրի առնուած դասախօսութիւններ պէ՞տք է շրջաբերեն։

Աստուածաշնչական դասախօսութիւնները մեզ կը զօրացնեն ու կը քաջալերեն (Գործք 15։32)։ Հետեւաբար բնական է որ ուզենք այսպիսի քաջալերական տեղեկութիւններ բաժնել անոնց հետ, որոնք ներկայ չէին։ Ձայնագրութեան արդի սարքերուն շնորհիւ, կարելի է դասախօսութիւն մը ձայնագրել եւ անմիջապէս ուրիշներու բաշխել։ Ոմանք ձայնագրուած դասախօսութիւններու հաւաքածոյ մը պահած են, ի ներառեալ՝ տարիներ առաջ ներկայացուած դասախօսութիւններ, եւ լաւ շարժառիթով զանոնք բարեկամներու փոխ կու տան կամ կը վերարտադրեն։ Ուրիշներ իրենց ցանցակայքին մէջ դասախօսութիւններ դրած են, որպէսզի ամէն ոք կարենայ զանոնք բեռնաւորել։

Հասկնալիօրէն, արգելք չկայ որ անհատական գործածութեան կամ մեր ընտանիքի անդամներուն համար դասախօսութիւններ ձայնագրենք։ Ասկէ զատ, երէցներ կրնան կարգադրութիւն ընել, որ դասախօսութիւններ ձայնագրուին անկարող եղբայրներուն համար, որոնք չեն կրնար ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Սակայն վաւերական պատճառներ կան, որ գրի առնուած կամ ձայնագրուած դասախօսութիւններ չշրջաբերենք։

Դասախօսութիւնները յաճախ տեղական կարիքները ի մտի ունենալով կը ներկայացուին, ուստի շրջաբերութեան դրուած ձայնագրութեան նշած կէտերը կրնանք դիւրաւ սխալ հասկնալ, քանի որ դասախօսութեան պարագաները չենք գիտեր։ Աւելին, դժուար է ստուգել, թէ ո՛վ է դասախօսը եւ ե՛րբ զայն ներկայացուցած է, վստահ ըլլալու համար թէ տեղեկութիւնները այժմէական ու ճշգրիտ են (Ղուկ. 1։1-4)։ Ասկէ զատ, գրի առնուած կամ ձայնագրուած դասախօսութիւններ շրջաբերելը կրնայ փորձութեան դուռ բանալ, որ ոմանք անտեղի ուշադրութիւն ու պատիւ տան կամ ընդունին (Ա. Կոր. 3։5-7)։

Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան ծանր կ’աշխատի, որպէսզի «ատենին» յարմար հոգեւոր «ուտելիք» մատակարարէ (Ղուկ. 12։42)։ Ասիկա կը պարփակէ՝ դասախօսութիւններ, որոնք ժողովքներուն մէջ կը ներկայացուին, եւ ձայնագրութիւններ, զորս կարելի է բեռնաւորել պաշտօնական ցանցակայքէն՝ jw.org։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան եւ իր Կառավարիչ մարմինը մեզի հարկ եղածը պիտի հայթայթեն, որպէսզի հաւատքին մէջ հաստատ մնանք (Գործք 16։4, 5)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել