Մեր նախապատուութիւնը
1. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ իրեն համար ծառայութիւնը կարեւոր էր։
1 Ծառայութիւնը Յիսուսի նախապատուութիւնն էր։ Պաղեստինի տարածքին հարիւրաւոր մղոններ քալելով, Յիսուս անխոնջ ջանք թափեց՝ կարելի եղածին չափ շատ մարդոց քարոզելու։ Ան իր կեանքը պարզ պահեց, որպէսզի կարենար ծառայութեան աւելի ժամանակ տրամադրել եւ աւելի ուշադրութիւն ընծայել (Մատ. 8։20)։ Երբ ամբոխներ փորձեցին ստիպել որ չհեռանայ իրենցմէ, որպէսզի հիւանդները բժշկէ, Յիսուս ըսաւ. «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ» (Ղուկ. 4։44)։
2. Յիսուս ինչո՞ւ ծառայութիւնը շատ կարեւոր նկատեց։
2 Յիսուսի համար ծառայութիւնը ինչո՞ւ շատ կարեւոր էր։ Եհովայի անուան սրբացումը իր գլխաւոր հետաքրքրութիւնն էր (Մատ. 6։9)։ Իր երկնաւոր Հայրը սիրելով, ան փափաքեցաւ անոր կամքը կատարել ու բոլոր պատուիրաններուն հնազանդիլ (Յովհ. 14։31)։ Աւելին, ան անկեղծօրէն մարդոցմով հետաքրքրուեցաւ եւ ուզեց անոնց օգնել (Մատ. 9։36, 37)։
3. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ ծառայութիւնը մեր կիզակէտն է։
3 Յիսուսը ընդօրինակէ։ Յիսուսի նոյն կեդրոնացումը ունենալը կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ, քանի որ աշխարհը մեր ժամանակին մեծ մասը կը խլէ ու բազմաթիւ զբաղումներ կը հրամցնէ (Մատ. 24։37-39. Ղուկ. 21։34)։ Հետեւաբար, աւելի կարեւոր բաները պէտք է ընտրենք, ծրագրելով՝ կանոնաւորաբար քարոզչութեան նախապատրաստուիլն ու մասնակցիլը (Փլպ. 1։10)։ Կը ջանանք պարզ կենցաղակերպ մը պահպանել ու խուսափիլ աշխարհը լիովին գործածելէ (Ա. Կոր. 7։31)։
4. Ինչո՞ւ կենսական է որ հիմա՛ շիտակ նախապատուութիւնը պահենք։
4 Երբ ժամանակը սահմանափակ է, խոհեմ անհատը առաջնահերթութիւններ կը դնէ։ Օրինակ՝ եթէ իմանայ թէ վտանգաւոր փոթորիկ մը կը մօտենայ, ան իր ժամանակն ու կորովը կը տրամադրէ իր ընտանիքին ապահովութեան համար կարգադրութիւններ ընելու եւ իր դրացիները զգուշացնելու, իսկ նուազ կարեւոր գործունէութիւնները կը յետաձգէ։ Արմագեդոնի փոթորիկը ժամանելու վրայ է (Սոփ. 1։14-16. Ա. Կոր. 7։29)։ Ե՛ւ մեզ, ե՛ւ մեզ լսողները փրկելու համար, շարունակ պէտք է ուշադիր ըլլանք մեր անձին ու մեր սորվեցուցածին, ժողովքէն ներս թէ դուրս (Ա. Տիմ. 4։16)։ Այո, մեր վերապրումը կախեալ է ծառայութիւնը յարատեւ մեր նախապատուութիւնը ընելէ։