Զօրաւոր վկայութիւն մը պիտի տրուի
1. Դասախօսութեան կողքին, ուրիշ ի՞նչ բան կրնայ տպաւորել Յիշատակատօնի այցելուները. բացատրէ՛։
1 Ե՞րբ։ Յիշատակատօնի գիշերը։ Շատ ջանքեր թափուած են մարդիկը հրաւիրելու, որ մեզի հետ ներկայ գտնուին։ Այցելուները միայն իրենց լսած բաներով չէ որ կը տպաւորուին։ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելէ ետք, կին մը յատկապէս մեկնաբանեց թէ ի՛նչ տեսաւ,– ամէնուն բարեկամական ըլլալը եւ կամաւորներու կողմէ կառուցուած եւ պահպանուած գեղեցիկ ու մաքուր սրահը։ Ուստի բոլո՛րս, եւ ոչ թէ միայն դասախօսը, տարուան այս կարեւորագոյն առիթին՝ կը մասնակցինք վկայութիւն մը տալու (Եփ. 4։16)։
2. Մեզմէ իւրաքանչիւրը ինչպէ՞ս կրնայ այցելուներուն վկայութիւն տալ։
2 Այցելուները ջերմօրէն ողջունէ՛։ Ջերմ եւ ուրախ ժպիտով այցելուները բարեւելը վկայութիւն պիտի տայ (Յովհ. 13։35)։ Նոյնիսկ եթէ կարող չես բոլորին հետ խօսելու, տակաւին կրնա՛ս ջերմօրէն ինքզինքդ ծանօթացնել քեզի մօտիկ եղողներուն (Եբ. 13։1, 2)։ Փնտռէ այն այցելուները, որոնք ըստ երեւոյթին ոչ մէկը կը ճանչնան ու թերեւս արշաւին ընթացքին հրաւէր մը ստացած են։ Կրնաս անոնց հարցնել. «Առաջի՞ն անգամն է որ հոս կու գաք»։ Զանոնք հրաւիրէ որ քովդ նստին, եւ առաջարկէ անոնց հարցումներուն պատասխանել։ Եթէ ժողովքդ արագօրէն պէտք է մեկնի, որպէսզի ուրիշ ժողովք մը սրահը գործածէ, կրնաս ըսել. «Կը փափաքիմ գիտնալ թէ յայտագրին մասին ի՛նչ գաղափար կազմեցիք։ Ի՞նչ կերպով կրնամ ձեզի հետ կապ պահել»։
3. Անգործունեաներուն ինչպէ՞ս կրնանք բարի գալուստ մաղթել։
3 Անգործունեաներուն բարի գալուստ մաղթէ՛։ Անկասկած՝ ներկաներուն մէջ պիտի ըլլան անգործունեայ հրատարակիչներ, որոնցմէ ոմանք իւրաքանչիւր տարի միայն Յիշատակատօնին ներկայ կը գտնուին։ Զանոնք ջերմօրէն ընդունէ՛ եւ գիտցուր թէ իրապէս ուրախ ես զիրենք տեսնելով (Հռով. 15։7)։ Յիշատակատօնէն կարճ ժամանակ մը ետք, երէցներ կրնան անոնց տունը երթալ՝ զիրենք քաջալերելու համար, որ շարունակեն ժողովքին հետ ընկերակցիլ։ Կ’աղօթենք որ ներկաներէն շատեր մղուին Աստուած փառաւորելու, ոչ միայն իրենց լսած բաներուն պատճառով, այլ նաեւ՝ ‘մեր բարի գործերը տեսնելով’ (Ա. Պետ. 2։12)։