Ողջունէ՛ զանոնք
1. Ո՞ր առիթը մեզի հոյակապ պատեհութիւն կու տայ վկայութիւն տալու եւ ինչո՞ւ։
1 Տարեկան Յիշատակատօնը լաւագոյն առիթն է վկայութիւն տալու։ Այս տարի կ’ակնկալուի, որ աւելի քան 10 միլիոն այցելուներ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուին եւ ունկնդրեն երկու մեծագոյն սիրոյ արտայայտութիւններու մասին, որոնք ցուցաբերուեցան փրկանքին միջոցով (Յովհ. 3։16. 15։13)։ Անոնք պիտի տեղեկանան Եհովայի պարգեւին շնորհիւ իրենց մատչելի եղող օրհնութիւններուն մասին (Եսա. 65։21-23)։ Այս առթիւ, միայն դասախօսը չէ որ վկայութիւն պիտի տայ, այլ բոլոր ներկաները պատեհութիւն պիտի ունենան ազդու վկայութիւն տալու՝ ջերմօրէն ողջունելով այցելուները (Հռով. 15։7)։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք այցելուները ջերմօրէն ողջունել։
2 Պարզապէս աթոռ գրաւելու եւ լուռումունջ յայտագրին սկսելուն սպասելու տեղ, ինչո՞ւ նախաձեռնութիւնը չառնես ինքզինքդ ծանօթացնելու քովիններուդ։ Այցելուները կրնան ջղագրգիռ ըլլալ եւ չգիտնալ ի՛նչ ակնկալել։ Մեր ջերմ ժպիտն ու բարեկամական ողջոյնը կրնայ զիրենք ի՛րապէս հանգստացնել։ Որպէսզի գիտնաս թէ անհատ մը հրաւիրագրի մը միջոցով եկած է կամ ոչ, կրնաս անոր հարցնել, թէ արդեօք ասիկա առաջին անգա՞մն է որ մեր ժողովներէն մէկուն ներկայ կ’ըլլայ, կամ՝ ան ժողովքի անդամներէն ոեւէ մէկը կը ճանչնա՞յ։ Թերեւս զինք հրաւիրես որ քովդ նստի եւ քեզի հետ Աստուածաշունչդ ու երգարանդ գործածէ։ Եթէ Թագաւորութեան սրահ մը պիտի գործածուի, թերեւս այցելուին ցոյց տաս սրահին բաժանմունքները։ Դասախօսութենէն ետք, առաջարկէ իր հարցումներուն պատասխանել։ Եթէ ժողովքդ ստիպուած է անյապաղ մեկնիլ, որպէսզի ուրիշ ժողովքի մը համար տեղ ըլլայ, թերեւս ըսես. «Կ’ուզէի ձեր կարծիքը գիտնալ այս յայտագրին մասին։ Ձեզի հետ կապ պահելու միջոց մը կա՞յ»։ Ապա կարգադրութիւններ ըրէ անոր հետաքրքրութիւնը մշակելու։ Յատկապէս երէցները պէտք է արթուն ըլլան՝ ներկայ գտնուող անգործունեայ հրատարակիչները քաջալերելու։
3. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Յիշատակատօնին այցելուները ողջունելու նախաձեռնութիւնը մենք առնենք։
3 Այցելուներէն շատեր, այս առթիւ առաջին անգամ ըլլալով պիտի ճաշակեն այն հոգեւոր դրախտին ուրախութիւնը, խաղաղութիւնն ու միութիւնը, որ մենք՝ Եհովային ժողովուրդը, կը վայելենք (Սաղ. 29։11. Եսա. 11։6-9. 65։13, 14)։ Այցելուները ի՞նչ տպաւորութեամբ տուն պիտի վերադառնան։ Շատ բան կախեալ պիտի ըլլայ զանոնք ողջունելու մեր նախաձեռնութենէն։