Ի՞նչպէս կրնանք Յիշատակատօնին ներկայ գտնուողներուն օգնել
1. Ի՞նչ զօրաւոր վկայութիւն մը պիտի տրուի 22 Մարտ 2008–ին։
1 22 Մարտ 2008–ին, աշխարհի տարածքին միլիոնաւորներ զօրաւոր վկայութիւն մը պիտի ստանան։ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուողները պիտի լսեն՝ մարդկութեան համար փրկանք մը հայթայթելու առնչութեամբ Եհովայի մեծ սիրոյն մասին։ (Յովհ. 3։16) Անոնք պիտի լսեն Թագաւորութեան մասին եւ թէ Եհովա ի՛նչպէս զայն պիտի գործածէ երկրի նկատմամբ իր կամքը կատարելու համար։ (Մատթ. 6։9, 10) Անոնք անձամբ պիտի տեսնեն Աստուծոյ ժողովուրդին սէրն ու միութիւնը եւ պիտի վայելեն մեր ջերմ հիւրասիրութիւնը։—Սաղմ. 133։1
2. Ներկայ եղող Աստուածաշունչի աշակերտներուն ի՞նչպէս կրնանք օգնել։
2 Աստուածաշունչի աշակերտներ. Ներկաներէն ոմանք մեզի հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրող նորեկներ պիտի ըլլան։ Զիրենք ծանօթացուր եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Շաբաթական ժողովներուն մասին բացատրէ եւ Թագաւորութեան Սրահին մէջ կարճ շրջապտոյտ մը ըրէք։ Դասախօսութեան ընթացքին, դասախօսը այսպիսիները պիտի քաջալերէ որ շարունակեն հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Կրնաս անոր նշած կէտերը գործածել՝ աշակերտներդ քաջալերելու համար։
3. Յիշատակատօնին ներկայ եղող անգործունեայ հրատարակիչները քաջալերելու համար, ի՞նչ քայլեր կրնան առնուիլ։
3 Անգործունեաներ. Ներկաներէն ոմանք անգործունեայ հրատարակիչներ պիտի ըլլան։ Անոնց ջերմօրէն բարեւելու մէջ նախաքայլը առ։ Խուսափէ անձնական հարցումներ ուղղելէ կամ զիրենք նեղ կացութեան մատնող դիտողութիւններ ընելէ։ Յիշատակատօնէն կարճ ժամանակ մը ետք, երէցները պիտի այցելեն Յիշատակատօնին ներկայ գտնուող անգործունեայ անհատներուն, զանոնք գովելով ներկայ ըլլալու իրենց թափած ջանքերուն համար եւ զանոնք ջերմօրէն պիտի հրաւիրեն յաջորդ ժողովին ներկայ գտնուելու։
4. Ի՞նչպէս իւրաքանչիւրս կրնանք այցելուներուն օգնել։
4 Այցելուներ. Ներկաներէն ոմանք կրնան ծանօթներ կամ ընտանիքի անդամներ ըլլալ, զորս անձնապէս հրաւիրած ենք։ Ուրիշներ թերեւս մասնայատուկ արշաւին ընթացքին հրաւիրագիր մը ստացած ըլլան։ Եթէ ներկաներուն մէջ անծանօթ անհատներ տեսնես, դուն քեզ ծանօթացնելու եւ անոնց բարի գալուստ մաղթելու մէջ նախաքայլը առ։ Թերեւս անոնք նախապէս մեր ժողովներուն ներկայ չեն եղած։ Խօսակցութեան ընթացքին թերեւս կարենաս կերպ մը գտնել՝ հետագային անոնց հետ շփման մէջ գալու համար։ Յիշատակատօնէն քանի մը օր ետք անձամբ այցելելով կամ հեռաձայնով հակիրճօրէն խօսելով, փորձէ յաւելեալ հետաքրքրութիւն մշակել եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկել։
5. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար ի՞նչ կրնանք ըսել։
5 Յիշատակատօնի դասախօսութեան բովանդակած տեղեկութիւնը կրնայ գործածուիլ որպէս հիմ՝ վերայցելութեան ատեն Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ներկայացնելու համար։ Օրինակ, Յիշատակատօնի դասախօսը պիտի կարդայ Եսայի 65։21-23–ը։ Վերայցելութեան ատեն կրնաս դասախօսութեան ակնարկել եւ ըսել. «Թոյլ տուր որ ցոյց տամ այլ օրհնութիւններ, զորս փրկանքը կարելի կը դարձնէ»։ Ապա նկատի առ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին 4-5–րդ էջերը։ Կամ, կրնաս ըսել. «Շատեր հարց կու տան թէ Եսայիի մարգարէութիւնը ե՛րբ պիտի կատարուի»։ Ապա նկատի առ 9–րդ գլուխին 1-3–րդ պարբերութիւնները։ Այլ ընտրութիւն մըն է՝ պարզապէս Յիշատակատօնի դասախօսին խօսքերուն ակնարկութիւն ընել, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ներկայացնել, ապա ուսումնասիրութիւնը ցուցադրել։
6. Ի՞նչ պատեհութիւններ ունինք, մինչ իր մահը յիշատակելու Յիսուսի պատուէրին կը հնազանդինք։
6 Թող իւրաքանչիւրս արթուն ըլլանք օգտագործելու պատեհութիւններ՝ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուողներուն օգնելու համար,– Աստուածաշունչի աշակերտներ, անգործունեայ հրատարակիչներ եւ այցելուներ։ (Ղուկ. 22։19) Վստահաբար Եհովա պիտի օրհնէ Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ մեր թափած յաւելեալ ջանքերը։