Ներկայացումի նմոյշներ
Դեկտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթ օրը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար
«Ձեր կարծիքով, անոնք որոնք կը ջանան Աստուծոյ հնազանդիլ, աւելի՞ ուրախ են։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս յօդուածը կը նշէ կարգ մը հետաքրքրական կէտեր»։ Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր թիւէն օրինակ մը տանտիրոջ տուր, եւ էջ 20-21–ի մէջ նշուած մէկ ենթավերնագրին նիւթը եւ առնուազն մէկ նշուած համար միասնաբար նկատի առէք։ Պարբերաթերթերը առաջարկէ եւ միւս հարցումներէն մէկը քննարկելու համար վերայցելութիւն մը հաստատէ։
Դիտարան 1 դեկտեմբեր
«Ոմանք կը խորհին թէ սեռի նկատմամբ Աստուածաշունչի տեսակէտը հնաձեւ եւ անհարկիօրէն կաշկանդիչ է, ուրիշներ Աստուածաշունչին հետ համամիտ են. դուք ի՞նչ կը խորհիք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առէք թէ այս համարը Աստուածաշունչի չափանիշներուն աղբիւրին մասին ի՛նչ կ’ըսէ։ [Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16։] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ, թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս սեռի մասին ուղղուած տասը հարցումներու կը պատասխանէ։ Պարբերաթերթը նաեւ կը բացատրէ թէ Աստուածաշունչի չափանիշները ինչպէ՛ս մեզի կ’օգտեն»։
Զարթի՛ր դեկտեմբեր
Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16։ Ապա ըսէ. «Կարգ մը անհատներ կը համաձայնին թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած է, մինչ ուրիշներ չեն համաձայնիր. դուք ի՞նչ կը խորհիք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Թէեւ այս հարցումին շուրջ պատասխանները կը տարբերին, սակայն ընդհանուր առմամբ ընդունուած է որ Աստուածաշունչին պէս գիրք մը չկայ, որ զինք փճացնելու համար ա՛յսքան շատ ջանքեր թափուած են։ Այս պարբերաթերթը կը նկարագրէ՝ դարերու ընթացքին Աստուածաշունչը կործանելու եւ ատոր ընթերցանութիւնը արգիլելու ջանքերը։ Պարբերաթերթը նաեւ կը բացատրէ թէ ան ինչո՛ւ վերապրած է»։