«Ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»
1. Աստուածաշունչի ո՞ր խրատը պէտք է կիրարկենք, երբ հանդիպինք տանտէրներու, որոնք մեր ներկայութենէն նեղութիւն կը զգան։
1 Եհովայի ժողովուրդը խաղաղասէր է եւ խաղաղութիւն կը քարոզէ (Եսա. 52։7)։ Բայց երբեմն կը հանդիպինք մարդոց, որոնք նեղութիւն կը զգան երբ իրենց դուռը զարնենք։ Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ այդպիսի պարագաներու ներքեւ խաղաղութիւն ունենանք (Հռով. 12։18)։
2. Ինչո՞ւ կարեւոր է խոհեմ ըլլալ։
2 Խոհեմ եղիր։ Թէեւ ոմանք ճշմարտութեան հակառակ կենալնուն պատճառով բարկութեամբ կը հակադարձեն, բայց կան ուրիշներ, որոնք թերեւս նեղութիւն յայտնեն այնպիսի պատճառներով, որոնք կապ չունին մեր պատգամին հետ։ Օրինակ՝ թերեւս անյարմար ժամանակին դուռը զարկինք։ Կամ, թերեւս տանտէրը անձնական խնդիրներ ունի։ Եթէ նոյնիսկ բարի լո՛ւրը զինք բարկացուց, յիշենք որ ան հաւանաբար այսպէս կը հակազդէ, քանի որ մոլորած է (Բ. Կոր. 4։4)։ Խոհեմութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ հանդարտ մնանք եւ անոր բարկութիւնը մեր անձին չվերագրենք (Առ. 19։11)։
3. Ինչպէ՞ս կրնանք տանտիրոջ հանդէպ յարգանք դրսեւորել։
3 Յարգանք դրսեւորէ։ Թաղամասին մէջ, շատեր իրենց հաւատալիքներուն ամրօրէն կը կառչին (Բ. Կոր. 10։4)։ Անոնց իրաւունքն է ընտրել՝ մտիկ ընել կամ ոչ։ Բնաւ պիտի չուզենք տանտիրոջ հաւատալիքները նուաստացնել, կամ այնպէս մը վարուիլ կարծես թէ իրմէ շատ աւելին գիտենք։ Եթէ մեզմէ խնդրուի որ մեկնինք, պէտք է յարգանքով մեկնինք։
4. Ի՞նչ կը նշանակէ շնորհքով խօսիլ։
4 Շնորհքով խօսէ։ Նոյնիսկ եթէ տանտէրը մեզ խօսքով վիրաւորէ, մենք պէտք է հեզութեամբ եւ շնորհքո՛վ խօսինք անոր հետ (Կող. 4։6. Ա. Պետ. 2։23)։ Փոխանակ վէճի բռնուելու, փորձէ հասարակաց գետին մը գտնել։ Թերեւս կրնանք իրեն ազնուութեամբ հարցնել, թէ ինչո՛ւ կը հակառակի։ Սակայն, որպէսզի տանտիրոջ բարկութիւնը աւելի չգրգռենք, երբեմն լաւագոյն բանը կ’ըլլայ՝ խօսակցութիւնը դադրեցնել (Առ. 9։7. 17։14)։
5. Ի՞նչ են ծառայութեան մէջ խաղաղութիւն ունենալուն օգուտները։
5 Եթէ խաղաղութիւն ունենանք, թերեւս տանտէրը մեր վարքով տպաւորուի եւ մտիկ ընէ, երբ յաջորդ անգամ հրատարակիչ մը փորձէ իրեն վկայել (Հռով. 12։20, 21)։ Նո՛յնիսկ եթէ թուի թէ ան հաստատօրէն կը հակառակի, ի մտի ունենանք թէ օրին մէկը ան կրնայ մեր եղբայրը դառնալ (Գաղ. 1։13, 14)։ Ճշմարտութեամբ երբեւէ հետաքրքրուի կամ ոչ, եթէ ժուժկալութիւն պահպանենք եւ խաղաղութիւն դրսեւորենք, Եհովան պատուած կ’ըլլանք եւ մեր ուսուցումները՝ գեղեցկացուցած (Բ. Կոր. 6։3)։