Տանտիրոջ օգնէ որ տրամաբանէ
1. Ծառայութեան մէջ, ո՞ր մօտեցումը լաւագոյնն է։
1 Ծառայութեան մէջ, ո՞ր մօտեցումը աւելի ազդու է,– յամառօրէն խօսի՞լը թէ ոչ տանտիրոջ օգնելը, որ տրամաբանէ եւ ճիշդ եզրակացութիւններու յանգի։ Երբ Թեսաղոնիկէի հրեաներուն կը խօսէր, Պօղոս առաքեալ երկրորդ մօտեցումը գործածեց, եւ «անոնցմէ ոմանք հաւատացին» (Գործք 17։2-4)։ Ուրիշներու հետ տրամաբանելը ի՞նչ կը պարփակէ։
2. Բարի լուրը քարոզելու ատեն, ինչպէ՞ս կրնանք Պօղոսը ընդօրինակել։
2 Նկատի առ զգացումներն ու ենթահողը։ Որպէսզի թաղամասիդ մէջ մարդոց օգնես որ տրամաբանեն, պէտք է որ անոնց զգացումները հաշուի առնես։ Արիսպագոսի մէջ, Պօղոս անհաւատ յոյներուն ճառախօսելու սկսաւ՝ նշելով բաներ, որոնց հաւանաբար ծանօթ էին եւ կ’ընդունէին (Գործք 17։22-31)։ Ուստի երբ ներկայացումդ կը պատրաստես, թաղամասիդ մարդոց ընդհանուր հաւատալիքներն ու կանխադատութիւնները նկատի առ (Ա. Կոր. 9։19-22)։ Եթէ տանտէրը առարկութիւն մը ընէ, փորձէ հասարակաց գետին մը գտնել եւ խօսակցութիւնդ ատոր վրայ հիմնէ։
3. Հմտօրէն հարցումներ գործածելով ինչպէ՞ս կրնանք աւելի ազդուօրէն ուրիշներու հետ տրամաբանել։
3 Հմտօրէն հարցումներ գործածէ։ Չենք կրնար ճամբորդող անձի մը ուղղութիւններ տալ իր որոշած վայրը հասնելու, եթէ չգիտնանք իր ո՛ւր գտնուիլը։ Նմանապէս, չենք կրնար տանտիրոջ օգնել որ շիտակ եզրակացութեան յանգի, եթէ չգիտնանք իր կարծիքը։ Մարդոց հետ տրամաբանելէ առաջ, Յիսուս յաճախ հարցումներ ուղղեց որպէսզի անոնց միտքը գիտնար։ Օրինակի համար, երբ մէկը Յիսուսին հարցուց. «Ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ», պատասխանելէ առաջ, Յիսուս մարդուն տեսակէտը ջանաց գիտնալ (Ղուկ. 10։25-28)։ Ուրիշ առիթով, երբ Պետրոս սխալ պատասխան տուաւ, Յիսուս հմտօրէն հարցումներ գործածեց անոր խորհածը սրբագրելու (Մատ. 17։23-25)։ Ուստի, երբ տանտէրը հարցում ուղղէ կամ սխալ կարծիք մը տայ, կրնանք հարցումներ գործածելով անոր օգնել տրամաբանելու։
4. Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք տանտիրոջ օգնել որ տրամաբանէ։
4 Երբ տանտիրոջ օգնենք որ տրամաբանէ, հետեւած կ’ըլլանք Մեծ Ուսուցիչին՝ Յիսուսին, ինչպէս նաեւ առաջին դարու միւս հմուտ աւետարանիչներու հանդիսացած օրինակին։ Նաեւ, տանտիրոջ պատիւ եւ յարգանք ցոյց տուած կ’ըլլանք (Ա. Պետ. 3։15)։ Որպէս արդիւնք, թերեւս ան աւելի հակամէտ ըլլայ վերայցելութիւն մը ընդունելու։