Ուրախ սրտով նախապատրաստուէ Յիշատակատօնին
1. Յիշատակատօնի շրջանը յատուկ ժամանակամիջոց մըն է ի՞նչ ընելու։
1 Երեքշաբթի, մարտ 26–ին տեղի ունենալիք Յիշատակատօնը հիանալի պատեհութիւն կու տայ, որ Աստուծոյ տուած փրկութեան միջոցին համար ուրախանանք (Եսա. 61։10)։ Նոյնիսկ տօնակատարութենէն առաջ ուրախալի հոգի ունենալը՝ մեզի պիտի օգնէ որ լաւ նախապատրաստուինք։ Ինչպէ՞ս։
2. Ի՞նչը մեզ կը մղէ, որ Յիշատակատօնին համար նախապատրաստութիւններ տեսնենք։
2 Տօնակատարութեան նախապատրաստուիլ։ Տէրոջ ընթրիքը խորիմաստ եւ, միեւնոյն ատեն, պարզ տօնակատարութիւն մըն է։ Սակայն ատիկա կանխաւ ծրագրել կը պահանջէ, որպէսզի կարեւոր մանրամասնութիւնները զանց չըլլան (Առ. 21։5)։ Պէտք է ընտրել ժամն ու յարմար վայրը։ Պէտք է ձեռք ձգել պատշաճ խորհրդանիշները։ Պէտք է մաքրել եւ պատրաստել հանդիպման վայրը։ Նշանակուած դասախօսը պէտք է ուշադրութեամբ նախապատրաստէ նիւթը, իսկ սպասարկուները եւ հիւրընկալները պէտք է կազմակերպուած ըլլան։ Կասկած չկայ թէ ասոնց մեծ մասը արդէն իսկ պատրաստ է։ Փրկանքի զօրութեան նկատմամբ գնահատութիւնը մեզ կը մղէ որ լաւ նախապատրաստուինք այս սուրբ առիթին համար (Ա. Պետ. 1։8, 9)։
3. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր սիրտը պատրաստել Տէրոջ ընթրիքին համար։
3 Սիրտը պատրաստել։ Մեր սիրտը պատրաստելն ալ կարեւոր է, Յիշատակատօնին լման իմաստը հասկնալու համար (Եզր. 7։10)։ Հետեւաբար, պէտք է ժամանակ տրամադրենք՝ Յիշատակատօնին վերաբերեալ Աստուածաշունչի յատուկ ընթերցանութիւնը նկատի առնելու, ապա խոկալու Յիսուսի երկրային կեանքի վերջին օրերուն վրայ։ Յիսուսի անձնազոհութեան հոգիին մասին մտածելը մեզ պիտի մղէ զինք ընդօրինակելու (Գաղ. 2։20)։
4. Փրկանքին օգուտներէն ո՞ր մէկը քեզ մեծապէս կ’ուրախացնէ։
4 Քրիստոսի մահը կը ջատագովէ Եհովայի գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ մեզ կ’ազատագրէ մեղքէն ու մահէն (Ա. Յովհ. 2։2)։ Անիկա ճամբան կը հարթէ որ Աստուծոյ հետ խաղաղ փոխյարաբերութիւն ունենանք եւ յաւիտենական կեանք ստանանք (Կող. 1։21, 22)։ Նաեւ մեզի կ’օգնէ որ ամրապնդենք մեր վճռականութիւնը՝ Եհովայի ուղղուած մեր նուիրումին համաձայն ապրելու եւ հաստատուն մնալու որպէս Քրիստոսի աշակերտներ (Մատ. 16։24)։ Թող ուրախութիւնդ աւելնայ, մինչ կը նախապատրաստուիս եւ ներկայ կը գտնուիս յառաջիկայ Յիշատակատօնին։