Եհովայի աչքին ինչպէ՞ս կ’երեւնամ
1. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս հայելիի մը կը նմանի։
1 Որքա՞ն յաճախ հայելիին կը նայիս։ Մեր մեծամասնութիւնը ասիկա ամէն օր կ’ընէ, որպէսզի իր արտաքին տեսքը ստուգէ։ Աստուածաշունչը նմանցուած է հայելիի մը։ Աստուծոյ Խօսքը կարդալով՝ կրնանք տեսնել մեր ներքին անձը, այսինքն՝ այն անձը, որուն Եհովան կը նայի (Ա. Թագ. 16։7. Յակ. 1։22-24)։ Աստուծոյ Խօսքը «կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները» (Եբ. 4։12)։ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալն ու անոր վրայ խոկալը մեզի ինչպէ՞ս կրնայ օգնել տեսնելու այն մարզերը, որոնց մէջ պէտք է զօրանանք՝ աւելի յաջող աւետարանիչներ դառնալու համար (Սաղ. 1։1-3)։
2. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել մեզի, որ ինքնաքննութիւն մը ընենք։
2 Աստուածաշունչը որպէս հայելի գործածէ։ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն աստուածաշնչական պատմութիւնները մեզի կը սորվեցնեն, թէ իր աչքին ո՛ր յատկութիւնները գեղեցիկ են։ Օրինակ, Դաւիթ Աստուծոյ անուան նկատմամբ նախանձախնդիր էր (Ա. Թագ. 17։45, 46)։ Եսայի քաջաբար յօժարեցաւ դժուար թաղամասի մը մէջ քարոզել (Եսա. 6։8, 9)։ Յիսուսի խոր սէրը իր երկնաւոր Հօր հանդէպ, պատճառ դարձաւ որ իր ծառայութիւնը թարմացումի եւ գոհունակութեան աղբիւր սեպէ, եւ ոչ թէ՝ անտեղի բեռ (Յովհ. 4։34)։ Առաջին դարու քրիստոնեաները նախանձախնդրութեամբ քարոզեցին, Եհովային ապաւինեցան եւ վճռեցին չձանձրանալ կամ չյանձնուիլ (Գործք 5։41, 42. Բ. Կոր. 4։1. Բ. Տիմ. 4։17)։ Այսպիսի օրինակներու վրայ խոկալը մեզի կ’օգնէ որ մեր անձերը քննենք՝ մեր սուրբ ծառայութեան որակը բարելաւելու նպատակաւ։
3. Ինչո՞ւ հարկ եղած փոփոխութիւններ ընելը պէտք չէ յետաձգենք։
3 Թերութիւնները սրբագրէ։ Անշուշտ, երբ հայելիին նայինք բայց թերութիւն մը անտեսենք, բան մը ըրած չենք ըլլար։ Կրնանք Եհովայէն խնդրել որ մեզի օգնէ՝ մեր անձը իրապաշտօրէն դիտելու եւ ապա հարկ եղած ճշդումները ընելու (Սաղ. 139։23, 24. Ղուկ. 11։13)։ Քանի որ որոշումի ժամանակը կարճցած է եւ կեանքեր վտանգի տակ են, հարկ եղած փոփոխութիւններ ընելը պէտք չէ յետաձգենք (Ա. Կոր. 7։29. Ա. Տիմ. 4։16)։
4. Ինչպիսի՞ն կ’ըլլայ այն անձը, որ Աստուծոյ Խօսքին ակնկառոյց կը նայի եւ ապա իր տեսածին հիման վրայ կը գործէ։
4 Անհատի մը ներքին անձը,– ինչ որ Եհովան կը նշմարէ,– շա՛տ աւելի կարեւոր է քան՝ իր դրսերեւոյթը (Ա. Պետ. 3։3, 4)։ Ինչպիսի՞ն կ’ըլլայ այն անձը, որ Աստուծոյ Խօսքին ակնկառոյց կը նայի եւ ապա իր տեսածին հիման վրայ կը գործէ։ Ան որ «կը լսէ, չի մոռնար, այլ կը կատարէ, երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ» (Յակ. 1։25)։ Արդարեւ, ուրախ եւ ազդու քարոզիչներ պիտի ըլլանք, քանի որ կ’արտացոլենք «Տէրոջը փառքը որպէս թէ հայելիի մէջ» (Բ. Կոր. 3։18)։