Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 7/14 էջ 4
  • Ներկայացումի նմոյշներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ներկայացումի նմոյշներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Զայն ամէն առիթով գործածէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Մեր կայքը ծանուցանող նոր թերթիկը գործածէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2015)
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2016)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
թծ 7/14 էջ 4

Ներկայացումի նմոյշներ

Ո՞ւր կրնանք գտնել կեանքի կարեւոր հարցումներուն պատասխանները

Թերթիկը տանտիրոջ տուր այնպէս որ կարենայ խորագիրը տեսնել, եւ ըսէ. «Բարեւ, մենք կը մասնակցինք համաշխարհային արշաւի մը, որ այս կարեւոր պատգամը փոխանցենք։ Ահաւասիկ ձեր օրինակը»։

Եթէ թերթիկը տունը չեղողներուն դրան առջեւ պիտի ձգես, զայն զետեղէ տեղ մը՝ ուր անցորդները չեն տեսներ եւ անհարկիօրէն զայն մի՛ ծալեր։

Եթէ տանտէրը հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ կամ փափաքի խօսակցիլ, կրնաս իրեն ուղղել առաջին էջի հարցումը, որ հաւանական պատասխաններ ունի։ Թերթիկը բաց, եւ իրեն ցոյց տուր թէ Յովհաննէս 17։17–ն ի՛նչ կ’ըսէ։ Բացատրէ թէ թերթիկը կը բովանդակէ տեղեկութիւններ կայքի մը մասին, որ կրնայ օգնել իրեն Աստուածաշունչին մէջ գոհացուցիչ պատասխաններ գտնելու։ Թերեւս կարենաս իրեն դիտել տալ Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել տեսաերիզը։ Մեկնելէ առաջ, իրեն ցոյց տուր վերջին էջին վրայ գտնուող երեք հարցումները եւ հարցուր թէ անոնցմէ ո՛ր մէկը ամէնէն շատ զինք կը հետաքրքրէ։ Առաջարկէ իրեն վերադառնալ, որպէսզի ցոյց տաս թէ ինչպէ՛ս կրնայ այդ հարցումին պատասխանը Աստուածաշունչէն գտնել՝ գործածելով jw.org կայքը։ Երբ վերադառնաս, պատասխանը քննարկէ՝ կայքէն բանալով ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ԳԻՐՔԵՐ ԵՒ ԳՐՔՈՅԿՆԵՐ մասը։

Եթէ մարզային համաժողովի հրաւիրագիրներ ալ կը բաշխես, թերթիկը տանտիրոջ տուած ատեն հրաւիրագիրն ալ տուր, ըսելով. «Ասկէ զատ, կ’ուզենք ձեզի գալիք հանրային ձրի առիթի մը հրաւիրագիրն ալ տալ»։

Դիտարան 1 օգոստոս

Շաբաթավերջերուն, երբ յարմար ըլլայ, Դիտարան–ը ներկայացնելու համար հետեւեալը ըսէ. «Կ’ուզենք նաեւ ձեզի առաջարկել մեր ընթացիկ պարբերաթերթերը։ Դիտարան–ի այս թիւը կը պատասխանէ այս հարցումին. Աստուած քեզմով հետաքրքրուա՞ծ է»։

Զարթի՛ր օգոստոս

Շաբաթավերջերուն, երբ յարմար ըլլայ, Զարթի՛ր–ը ներկայացնելու համար հետեւեալը ըսէ. «Կ’ուզենք նաեւ ձեզի առաջարկել մեր ընթացիկ պարբերաթերթերը։ Զարթի՛ր–ի այս թիւը կը պատասխանէ այս հարցումին. ինչպէ՞ս կրնաս խաղաղարար ըլլալ»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել