Մեր կայքը ծանուցանող նոր թերթիկը գործածէ
Թերթիկին խորագիրն է՝ Ո՞ւր կրնանք գտնել կեանքի կարեւոր հարցումներուն պատասխանները։ Թերթիկին վերջին էջին վրայ 3 հարցումներ կը գտնուին։ Երբ պատեհութիւնը ծագի, անհատին հարցուր թէ ո՛ր հարցումը ամէնէն շատ զինք կը հետաքրքրէ եւ իրեն ցոյց տուր մեր կայքին ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ԳԻՐՔԵՐ ԵՒ ԳՐՔՈՅԿՆԵՐ մասը, որպէսզի պատասխանը գտնէ։ Հոն նաեւ պիտի գտնէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանները։ Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ։
Այս թերթիկէն քովդ թող ըլլան օրինակներ, որպէսզի մարդոց օգնես սորվելու թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ մեր հոյակապ ապագային մասին։