Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերել
Ինչո՛ւ կարեւոր է։ Յիսուս իւրաքանչիւր անհատի հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց։ Օրինակ, առիթով մը երբ ան զգաց թէ խուլ մարդ մը ջղագրգիռ էր, զինք բուժեց առանձնաբար՝ բազմութեան աչքերէն հեռու (Մար. 7։31-35)։ Յիսուս իր աշակերտներուն հանդէպ նկատառու գտնուեցաւ՝ գիտակցելով անոնց սահմանափակումներուն եւ զանոնք չողողելով բազմաթիւ տեղեկութիւններով (Յովհ. 16։12)։ Նոյնիսկ իր երկնային դիրքին մէջ, Յիսուս անձնական հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ (Բ. Տիմ. 4։17)։ Քրիստոսի հետեւորդները ըլլալով, մենք կ’ուզե՛նք զինք ընդօրինակել (Ա. Պետ. 2։21. Ա. Յովհ. 3։16, 18)։ Ասկէ զատ, մեր ծառայութեան մէջ աւելի ազդու պիտի ըլլանք, եթէ տանտիրոջ հանդէպ նկատառու գտնուինք եւ նկատի առնենք իր իւրայատուկ պարագաները, հետաքրքրութիւններն ու մտահոգութիւնները։ Ան աւելի հակամէտ պիտի ըլլայ մտիկ ընելու, երբ զգայ թէ իրմով անձամբ հետաքրքրուած ենք, եւ ոչ թէ պարզապէս եկած ենք պատգամ մը փոխանցելու կամ հրատարակութիւն մը տեղաւորելու։
Ինչպէ՛ս անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերել։
• Լաւ նախապատրաստուէ։ Հանդարտ եղիր, ժպտայ եւ բարեկամական եղիր։
• Աչալուրջ դիտող մը եղիր։ Անհատը զաւակներ ունի՞։ Պարտիզպանութիւն կը սիրէ՞ կամ ընտանի անասուններ ունի՞։ Կրօնական որոշ հաւատալիքներ ունի՞։ Թերեւս կրնաս բացումդ իր պարագաներուն յարմարցնել։
• Իր կարծիքը հարցուր եւ ուշի–ուշով իրեն մտիկ ըրէ՝ առանց անհարկիօրէն զինք ընդհատելու։ Աչքի հաղորդակցութիւն պահէ՝ ցոյց տալու համար թէ իրեն մտիկ կ’ընես։ Իր մեկնաբանութիւններուն համար շնորհակալութիւն յայտնէ եւ զինք սրտանց գովէ։ Առարկութիւններ ընելէ խուսափէ։
• Յարմարող եղիր։ Եթէ հարկ ըլլայ, ներկայացումդ յարմարցուր անհատին մտահոգութիւններուն։ Ասիկա կարծածէդ աւելի դիւրին է, քանի որ մեր թերթիկները, գրքոյկները եւ պարբերաթերթերը այլազան նիւթեր կը քննարկեն։ Եթէ տանտիրոջ հանդիպեցար անյարմար ժամու մը ընթացքին,– զոր օրինակ երբ ան զբաղած է,– պարագան նկատի առ եւ ներկայացումդ հակիրճ պահէ։
Այս ամսուան ընթացքին, հետեւեալը փորձէ.
• Ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին կամ թերեւս ծառայութեան մէջ, փորձի նիստեր ըրէ, թէ ինչպէ՛ս հրատարակիչ մը իր ներկայացումը տանտիրոջ ըսածին կը յարմարցնէ։
• Դաշտի ծառայութեան կարգ մը ժողովներուն ընթացքին, այդ ժողովը վարող եղբայրը կրնայ քննարկել կամ ցուցադրել կերպեր, որոնցմով կրնանք մարդոց հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել։