Անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ՝ յարմարող ըլլալով
1 Պօղոս առաքեալ բարի լուրի իր ներկայացումը միշտ իր ունկնդիրներուն ենթահողին ու մտայնութեան յարմարցնելու մէջ ընտիր օրինակ հանդիսացաւ։ (Ա. Կորն. 9։19-23) Պէտք է ջանանք նոյնը ընել։ Կանխամտածելով, յաճախ կրնանք Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ լոյս տեսած ներկայացումի նմոյշները յարմարցնել մեր թաղամասին մէջ գտնուող մարդոց կարիքներուն։ Երբ դրան մը կը մօտենանք, թերեւս նշմարենք տանտէրը հետաքրքրող բան մը եւ անոր ակնարկենք։ Սակայն այլ կերպով ալ կրնանք մեր ծառայութեան մէջ յարմարունակ ըլլալ։
2 Ուրիշներուն ըսածին վրայ կերտէ. Երբ բարի լուրը կը ներկայացնենք, յաճախ հարցում մը կ’ուղղենք եւ տանտիրոջմէն կը խնդրենք որ պատասխանէ։ Անոր պատասխանը ի՞նչպէս կը նկատես։ Պարզապէս շնորհակալութիւն կը յայտնես ու պատրաստած ներկայացումդ կը շարունակե՞ս, թէ ոչ ըսածդ կը յայտնէ թէ անոր մեկնաբանութիւնը նկատի կ’առնես։ Եթէ ուրիշներուն ըսածով անկեղծօրէն հետաքրքրուիս, կրնաս յաւելեալ նրբանկատ հարցումներ ուղղել, անոնց ներքին խորհուրդները գիտնալու համար։ (Առ. 20։5) Այսպէս կրնաս Թագաւորութեան պատգամին այն երեսակները շեշտել, որոնք ունկնդիրը մեծապէս կը հետաքրքրեն։
3 Ասիկա կը պահանջէ որ յօժարինք մեր ծրագրած նիւթէն տարբեր նիւթերու մասին խօսիլ։ Եթէ լուրերուն մէջ յիշուած հարցի մը շուրջ սկսինք խօսիլ, իսկ տանտէրը զինք հետաքրքրող տեղական կամ անձնական հարց մը նշէ, անոր կարիքները լեցնելու համար կը մղուինք աստուածաշնչական զրոյցը կեդրոնացնելու զինք հետաքրքրող այդ նիւթին վրայ։—Փիլ. 2։4
4 Մեր մօտեցումը յարմարցնենք. Եթէ տանտէրը հարցում մը ուղղէ, թերեւս լաւ կ’ըլլայ որ պատասխան տալը յետաձգենք յաջորդ հանդիպումին, որպէսզի նիւթին շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ հաւաքենք։ Նաեւ կրնաս այդ նիւթը մանրամասնօրէն քննարկող հրատարակութիւններ ներկայացնել։ Այս բոլորը ցոյց կու տան թէ անկեղծօրէն հետաքրքրուած ենք ուրիշներուն օգնելով որ Եհովան ճանչնան։—Բ. Կորն. 2։17