«Զինք դարձեալ տունը չգտա՛յ»
Երբեք այդպէս արտայայտուա՞ծ ես անհատի մը մասին, որ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց։ Թէեւ կրկին անգամ փորձեցիր իրեն այցելել, բայց չկրցար ցանած ճշմարտութեան սերմերը ջրել (Ա. Կոր. 3։6)։ Երբեմն փորձառու հրատարակիչներ նամակ կը գրեն այն անհատին, որուն տունը չգտան, կամ՝ անոր դրան առջեւ նոթ մը կը ձգեն։ Հրատարակիչներէն ոմանք գիտեն, թէ մարտահրաւէր է անհատին դարձեալ տունը գտնել. անոր համար անոր հեռաձայնի թիւը կ’ուզեն՝ թերեւս հարցնելով. «Կրնա՞մ ձեր հեռաձայնին (կամ հեռախօսիկին) թիւը ունենալ»։ Վերայցելութիւն կրնանք հաշուել երբ անհատին այցելենք կամ վկայենք նամակի, ել–մակի, կարճ հաղորդագրութեան կամ հեռաձայնի միջոցաւ, ինչպէս նաեւ՝ երբ անոր դրան առջեւ նոթ մը կը ձգենք։ Նոյնիսկ եթէ ան շատ յաճախ տունը չէ, կրնա՛նք իր հետաքրքրութիւնը աւելցնել։