Սերմերը պէտք է ջրուին որպէսզի աճին
1. Ի՞նչ բան պէտք է ջրուի որպէսզի աճի։
1 Պարտէզի մը մէջ ցանուած սերմեր պէտք է ջրուին որպէսզի աճին։ Նոյնն է պարագան ճշմարտութեան սերմերուն, որոնք մեր թաղամասի մարդոց սրտերուն մէջ կը ցանուին (Ա. Կոր. 3։6)։ Եթէ կ’ուզենք որ այս այլաբանական սերմերը արմատ նետեն, աճին եւ ծաղկին, պէտք է վերայցելութիւններ ընենք եւ Աստուծոյ Խօսքը գործածելով՝ զանոնք ջրենք։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք յաջորդ այցելութեան համար հիմ մը ձգել։
2 Հարցում մը ուղղէ՛։ Երբ ներկայացումդ կը պատրաստես, ինչո՞ւ հետաքրքրութիւն արթնցնող հարցում մըն ալ չպատրաստես, որ վերայցելութեան ընթացքին կրնայ պատասխանուիլ։ Զայն ուղղէ առաջին խօսակցութեան վերջաւորութեան, եւ վերադառնալու համար մասնաւոր կարգադրութիւններ ըրէ։ Շատեր օգտակար կը գտնեն Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքէն կէտ մը ընտրել, որ զիրենք կարող պիտի դարձնէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրելու։
3. Երբ կը նոթագրես ինչ որ առաջին հանդիպումին պատահեցաւ, ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաս պարփակել։
3 Նոթագրէ՛։ Առաջին հանդիպումէն անմիջապէս ետք, նոթագրելու ժամանակ յատկացուր։ Գրի առ անհատին անունն ու հասցէն։ Նաեւ, լաւ է որ գրի առնես թէ ե՛րբ խօսեցար անոր հետ,– թուականն ու ժամը,– ի՛նչ խօսեցար եւ ի՛նչ հրատարակութիւն տեղաւորեցիր։ Ան ըսա՞ւ թէ որոշ կրօնքի մը կը պատկանի։ Ընտանիք ունի՞։ Իր հետաքրքրութիւններն ու մտահոգութիւնները նշե՞ց։ Այսպիսի տեղեկութիւններ քեզի պիտի օգնեն յարմարցնելու ապագայ խօսակցութիւններ։ Նաեւ արձանագրէ թէ ե՛րբ խոստացար վերադառնալ եւ ի՛նչ հարցումի պիտի պատասխանես։
4. Հետաքրքրութիւն հետապնդելու նկատմամբ, ինչո՞ւ պէտք է յարատեւենք։
4 Յարատեւէ՛։ Սատանան անխոնջօրէն պիտի ջանայ անհատին սրտին մէջ ցանուած ‘խօսքը հանել’ (Մար. 4։14, 15)։ Ուստի, երբ անհատը դարձեալ տունը գտնելու մէջ դժուարութիւն ունենաս, մի՛ յանձնուիր։ Կրնա՞ս նամակ մը ուղարկել կամ դրան առջեւ նոթ մը ձգել։ Ռահվիրայ մը դրան առջեւ ուսումնասիրութիւն մը սկսաւ կնոջ մը հետ. սակայն չկարենալով զինք դարձեալ տունը գտնել, նամակ մը ուղարկեց։ Երբ քոյրը ի վերջոյ իրեն հանդիպեցաւ, կինը ըսաւ թէ քրոջ ցուցաբերած անձնական հետաքրքրութիւնը խորապէս սրտին դպչած էր։ Մինչ ճշմարտութեան սերմերը կը ջրենք, կրնա՛նք ուրախանալ տեսնելով թէ անոնք կը ծլին, կ’աճին դէպի հասունութիւն եւ «պտուղ կու տան՝ մէկուն տեղ՝ երեսուն, մէկուն տեղ՝ վաթսուն ու մէկուն տեղ՝ հարիւր» (Մար. 4։20)։