Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Հետաքրքրուած անհատին մասին տեղեկագրել
«Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ» (Ա. Տիմ. 4։16)։ Տիմոթէոսի ուղղուած Պօղոս առաքեալին այս ներշնչեալ խրատը ցոյց կու տայ, թէ պէտք է ջանանք յառաջդիմել, ըլլանք նորեկներ կամ փորձառուներ։ Որպէսզի կարենանք այդ մէկը ընել, Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ լոյս պիտի տեսնէ նոր յօդուածաշարք մը, որուն բնաբանն է «Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ»։ Իւրաքանչիւր յօդուած պիտի քննարկէ կարեւոր հմտութիւն մը եւ պիտի տայ թելադրանքներ զայն մշակելու առնչութեամբ։ Ամսուան ընթացքին, բոլորին քաջալերութիւն պիտի տրուի որ մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայեն այդ հմտութեան։ Երբ ամիսը իր աւարտին հասնի, Ծառայութեան ժողովէն բաժին մը մեզի առիթ պիտի տայ, որ ըսենք թէ ինչպէ՛ս օգտուեցանք այդ հմտութեան վրայ կեդրոնանալով։ Այս ամիս մեզի քաջալերութիւն տրուած է, որ հետաքրքրուած անհատին մասին տեղեկագրենք։
Ինչո՛ւ կարեւոր է։ Մեր պաշտօնը կատարելու համար, պէտք է քարոզելէն աւելին ընենք։ Պէտք է հետաքրքրուած անհատներուն վերադառնանք եւ անոնց սորվեցնենք, այսպիսով՝ մեր տնկած ճշմարտութեան սերմերը ջրելով (Մատ. 28։19, 20. Ա. Կոր. 3։6-9)։ Ասիկա կը պարփակէ՝ անձը անգամ մը եւս գտնել, իր հետաքրքրութիւններուն մասին զրուցել, այսպիսով՝ նախկին խօսակցութիւնը շարունակել։ Ուստի երբ հետաքրքրուած անհատ մը կը գտնենք, անհրաժեշտ է որ անոր մասին տեղեկագրենք։
Ինչպէ՛ս տեղեկագրել։
• Վստահ եղիր որ հետաքրքրուած անհատին մասին տեղեկագրելու համար պէտք եղած իրերը ունիս ծառայութեան պայուսակիդ մէջ։ Նոթերդ թող ըլլան հակիրճ, կազմակերպուած եւ այժմէական։ Իսկ տեղեկագրելդ թող ըլլայ հանդիպումէն անմիջապէս ետք։
• Տանտիրոջ մասին տեղեկութիւններ գրի առ։ Ի՞նչ է իր անունը, հասցէն, հեռաձայնի թիւը կամ ել–մակը։ Իր եւ իր ընտանիքին մասին ի՞նչ բան ուշադրութիւնդ գրաւեց։
• Խօսակցութիւնդ մանրամասնութեամբ գրի առ։ Ի՞նչ համարներ կարդացիր։ Ան ի՞նչ ըսաւ իր հաւատալիքներուն մասին։ Ի՞նչ հրատարակութիւններ ձգեցիր։ Արձանագրէ հանդիպումին ժամը, օրը եւ թուականը։
• Գրի առ, թէ ի՛նչ կը մտադրես ընել յաջորդ այցելութեան։ Ի՞նչ նիւթ խոստացար քննարկել։ Խոստացար որ ե՞րբ վերադառնաս։
• Տեղեկագրութիւնդ այժմէականացուր ամէն անգամ որ կը վերայցելես։ Պէտք եղածէն աւելի տեղեկագրելը՝ օգո՛ւտ ունի վնաս չունի։
Այս ամսուան համար հետեւեալը փորձէ։
• Երբ կը տեղեկագրես, ծառայակիցիդ ըսէ թէ ի՛նչ կ’արձանագրես։