Անպայմա՛ն Վերադարձէք
1 «Ի՜նչ հաճելի խօսակցութիւն մըն էր։ Պէտք չէ մոռնամ իրեն վերայցելել»։ Երբեք այս խօսքերը ըսա՞ծ էք, հետագային մոռնալով թէ անհատը ո՛ւր կը բնակի։ Եթէ այո, ուրեմն անպայման վերադառնալու միակ կերպը՝ արձանագրութիւն մը պահելն է։
2 Ամէն Բան Գրի Առէք. Անհատի մը հետ ձեր ունեցած խօսակցութիւնը մինչ տակաւին թարմ է ձեր մտքին մէջ, մի քանի վայրկեան տրամադրեցէք գրելու համար այս այցելութեան մասին պէտք եղած բոլոր տեղեկութիւնները։ Նշեցէք անհատին անունը եւ զինք ճանչնալու կերպը։ Գրեցէք իր հասցէն, բայց առանց ենթադրելու, քննեցէք՝ վստահ ըլլալու համար թէ ձեր գրածը շիտակ է։ Գրեցէք ձեր խօսած նիւթը, կարդացած համարները, եւ տեղաւորած գրականութիւնը։
3 Եթէ անհատին հարցում մը հարցուցիք որ յաջորդ այցելութեան պիտի պատասխանէք, զայն գրի առէք։ Որեւէ բան գիտցա՞ք անհատին, իր ընտանիքին կամ իր կրօնքին մասին։ Եթէ այո, ասիկա ալ նշեցէք։ Ապա ձեր յաջորդ այցելութեան, ասոնք յիշելը ցոյց պիտի տայ թէ անհատով հետաքրքրուած էք։ Ի վերջոյ, նոթագրեցէք ձեր առաջին հանդիպումին օրն ու ժամը, եւ ե՛րբ խոստացաք վերադառնալ։ Լաւ նոթեր առնելով, յստակ յիշեցումներ պիտի ունենաք եւ նուազ հաւանական է որ վերադառնալու ձեր խոստումը մոռնաք։—Ա. Տիմ. 1։12
4 Անգամ մը որ ձեր արձանագրութիւնը լման ըլլայ, զայն դրէք դաշտի ծառայութեան ձեր միւս պիտոյքներուն՝ ծառայութեան պայուսակին, Աստուածաշունչին, Պատճառաբանել գրքին, եւ գրականութիւններուն՝ հետ որպէսզի միշտ ձեռքի տակ ըլլայ։ Աւելի լաւ կ’ըլլայ եթէ տունէ տուն արձանագրութեան յատուկ թղթիկներուն վրայ, տունը չեղողներուն մասին արձանագրութիւնը անջատէք, վերայցելութիւններ արձանագրելու համար ձեր գործածած թղթիկներէն։ Անշուշտ, վերայցելութիւնները արձանագրելու համար ձեր տրամադրած ջանքը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, կարեւորը այն է՝ որ անպայման վերադառնաք։
5 Անհատին Մասին Մտածեցէք. Երբ ծառայութեան կը պատրաստուիք, վերայցելութիւններուն մասին ձեր առած նոթերը վերաքաղ ըրէք։ Մտածեցէք իւրաքանչիւր անհատին մասին եւ թէ ի՛նչ մօտեցում կարելի է գործածել յաջորդ այցելութեան։ Խորհեցէք թէ ի՛նչպէս կրնաք անհատին հետաքրքրութիւնը մշակել, տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար։ Այսպիսի ծրագիրներ ընելը, որպէս բարի լուրի քարոզիչ կրնայ ձեր արդիւնաբերութիւնը՝ եւ իր կարգին, ձեր անձնական ուրախութիւնը, աւելցնել։—Առ. 21։5ա
6 Ուստի, յաջորդ անգամ երբ մտիկ ընող ականջ մը գտնէք, մի՛ խորհիք որ չէք մոռնար վերայցելել։ Ընդհակառակը, արձանագրութիւն մը պահեցէք, ձեր նոթերը վերաքաղ ըրէ՛ք, շարունակեցէ՛ք անհատին մասին մտածել, ապա անպայմա՛ն վերադարձէք։