Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ20 թիւ 3 էջ 8-9
  • Աստուծոյ մասին կը սորվինք իր մարգարէներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ մասին կը սորվինք իր մարգարէներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱԲՐԱՀԱՄ
  • ՄՈՎՍԷՍ
  • ՅԻՍՈՒՍ
  • ՅԻՍՈՒՍ ԱՍՏՈՒԱԾ ՉԷ
  • Մեր Ստեղծիչին օրհնութիւնները յաւիտեան վայելէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
  • Յիսուս Քրիստոս ինչպէ՞ս Մովսէսի նման մարգարէ մըն էր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Մեծագոյն Մովսէսը գնահատել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Եհովայի ճամբաները ճանչնանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
դհ20 թիւ 3 էջ 8-9
Աբրահամ ձեռքերը պարզած աստղերուն կը նայի։

Աստուծոյ մասին կը սորվինք իր մարգարէներէն

Անցեալին, Աստուած մարդկութեան համար կարեւոր պատգամներ տուաւ իր մարգարէներուն։ Այս պատգամներէն կրնա՞նք գիտնալ ինչպէ՛ս Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալ։ Այո՛։ Տեսնենք թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ երեք հաւատարիմ մարգարէներէ։

ԱԲՐԱՀԱՄ

Աստուած անկողմնակալ է եւ կ’ուզէ բոլոր մարդիկը օրհնել։

Աստուած Աբրահամ մարգարէին խոստացաւ. «Երկրի բոլոր ազգերը քեզմով պիտի օրհնուին» (Ծննդոց 12։3)։

Ի՞նչ կը սորվինք։ Աստուած մեզ շատ կը սիրէ եւ կ’ուզէ օրհնել իրեն հնազանդող բոլոր ընտանիքները,– տղամարդիկ, կիներ եւ երեխաներ։

ՄՈՎՍԷՍ

Աստուած ողորմած է եւ կ’օրհնէ անոնք, որոնք կը ջանան զինք ճանչնալ։

Ամենակարող Աստուած Մովսէս մարգարէին զօրութիւն տուաւ մեծ հրաշքներ կատարելու։ Այսուհանդերձ, Մովսէս աղօթեց. «Ինծի ցուցուր. . . քու ճամբադ՝ որպէս զի ճանչնամ քեզ, այնպէս որ քու առջեւդ շնորհք գտնեմ» (Ելից 33։13)։ Աստուծոյ հաճելի երեւցաւ Մովսէսին խնդրանքը, եւ անոր տուաւ իր ճամբաներուն ու յատկութիւններուն նկատմամբ աւելի գիտութիւն եւ հասկացողութիւն։ Օրինակ, Մովսէս սորվեցաւ որ Ստեղծիչը «ողորմած ու բարերար» Աստուած է (Ելից 34։6, 7)։

Ի՞նչ կը սորվինք։ Աստուած կ’ուզէ բոլորս օրհնել,– տղամարդիկ, կիներ եւ երեխաներ,– եթէ ջանանք զինք աւելի լաւ ճանչնալ։ Ան Սուրբ Գրութիւններուն մէջ կը նշէ, թէ ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ զինք պաշտենք եւ թէ ինք շա՜տ կը փափաքի իր հաճութիւնն ու օրհնութիւնը շնորհել մեզի։

ՅԻՍՈՒՍ

Յիսուս բորոտ մը կը բուժէ։

Յիսուս կարեկցութեամբ բուժեց ամէն տեսակ հիւանդութիւն

Կրնանք Աստուծոյ յաւիտենական օրհնութիւնները վայելել, եթէ սորվինք Յիսուսին մասին, ինչպէս նաեւ իր ըրածներուն ու սորվեցուցածներուն մասին։

Աստուծոյ Խօսքը շատ մանրամասնութիւններ կը բովանդակէ Յիսուսի կեանքին եւ ուսուցումներուն մասին։ Աստուած Յիսուսին զօրութիւն տուաւ բազմաթիւ հրաշքներ ընելու, ինչպէս՝ կոյրերը, խուլերը եւ անդամալոյծները բժշկել։ Յիսուս նոյնիսկ մեռելները ետ կեանքի բերաւ։ Այսպէս ան յայտնեց, թէ Աստուած ապագային ի՛նչ օրհնութիւններ պիտի տեղացնէ ամբողջ մարդկութեան վրայ։ Յիսուս բացատրեց թէ իւրաքանչիւրս ինչպէ՛ս կրնանք այդ օրհնութիւնները վայելել, ըսելով. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3)։

Յիսուս կարեկից, քնքուշ ու ազնիւ էր։ Տղամարդիկ ու կիներ, երիտասարդներ ու տարեցներ, իր շուրջ կը հաւաքուէին՝ ընդառաջելով իր ջերմ հրաւէրին. «Ինձմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք» (Մատթէոս 11։29)։ Յիսուսի օրերուն շատեր կիներուն հետ գէշ կերպով կը վարուէին, բայց ինք անոնց հետ ազնուութեամբ, արժանապատուութեամբ եւ յարգանքով վարուեցաւ։

Ի՞նչ կը սորվինք։ Յիսուս մարդիկը խորապէս սիրեց եւ հոյակապ օրինակ ձգեց, թէ իրարու հետ ինչպէ՛ս պէտք է վարուինք։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՍՏՈՒԱԾ ՉԷ

Սուրբ Գրութիւնները կը սորվեցնեն, թէ «մենք մէկ Աստուած ունինք» եւ թէ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ խոնարհ պատգամաւորն էր (Ա. Կորնթացիս 8։6)։ Յիսուս յստակօրէն ըսաւ, թէ Աստուած իրմէ մեծ է եւ թէ Աստուած զինք երկիր ղրկեց (Յովհաննէս 11։41, 42. 14։28)a։

a Յիսուս Քրիստոսի մասին աւելի տեղեկութիւններ գիտնալու համար, տե՛ս Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր գրքոյկին 4–րդ դասը, որ առցանց մատչելի է www.jw.org/hyw կայքին վրայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել