Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ20 թիւ 3 էջ 14-15
  • Մեր Ստեղծիչին օրհնութիւնները յաւիտեան վայելէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մեր Ստեղծիչին օրհնութիւնները յաւիտեան վայելէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՞նչ կրնաս սորվիլ Յիսուսին հրաշքներէն
    2004−ի անգլերէն «Դիտարան»էն յօդուածներ
  • Յիսուսի հրաշքներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Ան սիրեց մարդիկը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Աստուծոյ մասին կը սորվինք իր մարգարէներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
դհ20 թիւ 3 էջ 14-15
Երկրային դրախտին մէջ, տարբեր ենթահողերէ մարդիկ իրարու ընկերակցութիւնը կը վայելեն։

«Երկիր իր պտուղը պիտի տայ. ու Աստուած, մեր Աստուածը, մեզ պիտի օրհնէ» (ՍԱՂՄՈՍ 67։6)

Մեր Ստեղծիչին օրհնութիւնները յաւիտեան վայելէ

Աստուած Աբրահամ մարգարէին խոստացաւ, որ իր սերունդէն եղող անհատ մը «երկրի բոլոր ազգեր»ուն օրհնութիւններ պիտի բերէր (Ծննդոց 22։18)։ Ո՞վ էր ան։

Գրեթէ 2000 տարի առաջ, Աստուած հոյակապ հրաշքներ ընելու զօրութիւն տուաւ Յիսուսին, որ Աբրահամի սերունդէն էր։ Այդ հրաշքները ցոյց տուին, թէ Աբրահամին խոստացուած օրհնութիւնը ազգերուն պիտի գար Յիսուսին միջոցով (Գաղատացիս 3։14)։

Յիսուսի ըրած հրաշքները ականատեսներուն օգնեցին գիտնալու, թէ ինքն էր այն անձը, որ Աստուած ընտրած էր մարդկութիւնը օրհնելու համար։ Այդ հրաշքները նաեւ ցոյց տուին, թէ Աստուած ինչպէ՛ս Յիսուսը պիտի գործածէ մարդկութիւնը յաւիտեան օրհնելու համար։ Տե՛ս թէ Յիսուսի հրաշքները ինչպէ՛ս կը յայտնեն իր հրապուրիչ յատկութիւններէն ոմանք։

Քնքշութիւն. Յիսուս հիւանդները բժշկեց։

Օր մը, բորոտ մը Յիսուսին աղաչեց, որ զինք բժշկէ։ Յիսուս անոր դպաւ ու ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ»։ Անմիջապէս բորոտութիւնը անհետացաւ (Մարկոս 1։40-42)։

Առատաձեռնութիւն. Յիսուս անօթիները կերակրեց։

Յիսուս չուզեց որ մարդիկ անօթի մնան։ Մէկէ աւելի առիթներով, ան հազարաւորներ հրաշքով կերակրեց, քանի մը հաց ու քանի մը պզտիկ ձուկ գործածելով (Մատթէոս 14։17-21. 15։32-38)։ Ուտելէ ետք, բոլորը կշտացան եւ շատ ուտելիք աւելցաւ։

Կարեկցութիւն. Յիսուս մեռելներուն յարութիւն տուաւ։

‘Խղճալով’ Յիսուս յարուցանեց միակ զաւակը սգացող այրիի մը, որ ուրիշ մէկը չունէր որ իրեն հոգ տանէր (Ղուկաս 7։12-15)։

ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ

Յիսուս արդէն ցոյց տուած է, որ Աստուած կրնա՛յ ամբողջ մարդկութիւնը օրհնել։ Մօտ ատենէն, երբ Յիսուս վերադառնայ, ինչպէս որ խոստացաւ, Ամենակարող Աստուած զինք պիտի գործածէ, որ նոյնիսկ աւելի մեծ հրաշքներ ընէ ամբողջ երկրի վրայ։

Երկրի վրայ կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ, երբ Աստուած կատարէ Աբրահամին տուած իր խոստումը։ Անոնք որոնք Աստուած կը սիրեն ու կը յարգեն, «պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղմոս 37։11)։ «Ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (Յայտնութիւն 21։4)։

Ի՜նչ մեծ օրհնութիւն պիտի ըլլայ՝ երկրի վրայ խաղաղութեամբ ապրիլ յաւիտեան։ Դեռ ուրիշ օրհնութիւններ ալ կան, որոնք Աստուած մօտ ատենէն մարդկութեան վրայ պիտի տեղացնէ։ Քեզ կը քաջալերենք որ www.jw.org/hyw կայքը այցելես, որպէսզի այդ օրհնութիւններուն մասին աւելին գիտնաս։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել