Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ17 Ապրիլ էջ 2
  • Զանոնք ջերմօրէն դիմաւորէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Զանոնք ջերմօրէն դիմաւորէ
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիշատակատօնին՝ Անոնց Բարի Գալուստ Մաղթենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • Զօրաւոր վկայութիւն մը պիտի տրուի
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • ԲՈԼՈՐ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵՆՔ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • Մեր հիւրերուն բարի գալուստ մաղթենք
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2016)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
ժտ17 Ապրիլ էջ 2

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Զանոնք ջերմօրէն դիմաւորէ

Որո՞նք։ Ոեւէ անհատ որ մեր ժողովներուն ներկայ կը գտնուի,– ըլլայ անիկա նորեկ կամ տարիներու հաւատակից (Հռով. 15։7. Եբ. 13։2)։ Անհատը կրնայ ըլլալ ուրիշ երկրէ եկած հաւատակից մը կամ ալ անգործունեայ մը, որ երկար բացակայութենէ ետք առաջին անգամ ըլլալով ժողովի ներկայ կը գտնուի։ Եթէ այսպիսի պարագայի մը մէջ ըլլայիր, ի՞նչ պիտի զգայիր։ Չէի՞ր փափաքեր ջերմ ընդունելութիւն ստանալ (Մատ. 7։12)։ Ուրեմն լաւ կ’ըլլայ որ աւելի ջանք թափես որ Թագաւորութեան սրահին մէջ ուրիշները բարեւես ժողովէն առաջ եւ վերջ։ Ասիկա ջերմ եւ սիրալիր մթնոլորտ մը կը ստեղծէ եւ Եհովային փառք կը բերէ (Մատ. 5։16)։ Անշուշտ, թերեւս չհասնիս բոլորին հետ խօսելու։ Ասով հանդերձ, բոլորը ջերմօրէն ընդունուած պիտի զգան եթէ իւրաքանչիւրս ասոր մէջ բաժին բերենքa։

Հիւրասիրութիւն ցոյց կու տանք ո՛չ միայն մասնաւոր առիթներու, ինչպէս՝ Յիշատակատօնին, հապա՝ ամէն ատեն։ Երբ նորեկները մեր քրիստոնէական սէրը շօշափեն, թերեւս մղուին Աստուած փառաբանելու եւ ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ մեզի միանալու (Յովհ. 13։35)։

a Աստուածաշունչին սկզբունքները կը թելադրեն որ բարեւ չտանք վտարուած կամ ընկերակցութիւնը խզած անհատներու, որոնք ժողովներու ներկայ կը գտնուին (Ա. Կոր. 5։11. Բ. Յովհ. 10)։

Եղբայր մը ջերմօրէն կը դիմաւորէ Թագաւորութեան սրահ եկող նորեկներ

ՆՈՐԵԿՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵԼՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

  • Դուն քեզ ծանօթացուր եւ հարցուր թէ անոնց անունը ինչ է

  • Զանոնք հրաւիրէ որ քովդ նստին

  • Միասին հետեւեցէք Աստուածաշունչէդ եւ երգարանէդ

  • Ժողովէն ետք, դուն քեզ մատչելի դարձուր որ անոնց հարցումներուն պատասխանես

  • Եթէ յարմար կը տեսնես, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկէ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել