Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ17 Յունիս էջ 7
  • Եհովային բարոյական չափանիշները բարձր պահէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովային բարոյական չափանիշները բարձր պահէ
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Ինչո՞ւ մեր հագուելակերպն ու տեսքը կարեւոր են
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Հագուածքդ Եհովային փառք կը բերէ՞
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
ժտ17 Յունիս էջ 7

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Եհովային բարոյական չափանիշները բարձր պահէ

Եհովա Աստուած մարդոց համար բարոյականութեան չափանիշ կը դնէ։ Օրինակ, ան պատուիրած է որ ամուսնութիւնը մնայուն կապ ըլլայ ամուսինին եւ կնոջ միջեւ (Մատ. 19։4-6, 9)։ Ան կը դատապարտէ ամէն տեսակ սեռային անբարոյութիւն (Ա. Կոր. 6։9, 10)։ Ան նոյնիսկ հագուելակերպի եւ յարդարանքի նկատմամբ կու տայ սկզբունքներ, որոնք իր ժողովուրդը ուրիշներէ տարբեր կը դարձնեն (Բ. Օր. 22։5. Ա. Տիմ. 2։9, 10)։

Այսօր շատեր Եհովային չափանիշները կը մերժեն (Հռով. 1։18-32)։ Անոնք կը ձգեն որ մեծամասնութեան կարծիքը ազդէ իրենց հագուելակերպին ու յարդարանքին եւ վարքին վրայ։ Շատեր իրենց լուրջ յանցանքները կը ցուցադրեն եւ ուրիշները կը քննադատեն տարբեր չափանիշ ունենալնուն համար (Ա. Պետ. 4։3, 4)։

Որպէս Եհովայի վկաներ պէտք է որ քաջութեամբ բարձր պահենք մեր Աստուծոյն չափանիշները (Հռով. 12։9)։ Ինչպէ՞ս։ Պէտք է մարդոց փափկանկատօրէն գիտցնենք թէ իրեն համար ինչն է ընդունելին։ Բայց մենք ալ պէտք է որ մեր կեանքին մէջ բարոյական բարձր չափանիշ պահպանենք։ Օրինակ, երբ կ’ընտրենք մեր հագուելակերպն ու յարդարանքը, կրնանք մենք մեզ հարցնել. ‘Ընտրութիւններս Եհովայի՞ն չափանիշները ցոյց կու տան թէ ոչ աշխարհին։ Հագուելակերպս եւ յարդարանքս ցոյց կու տա՞ն որ աստուածավախ քրիստոնեայ մըն եմ’։ Կամ երբ յայտագիր մը կամ ֆիլմ մը պիտի դիտենք, կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Եհովան կ’ուզէ՞ որ այս յայտագիրը դիտեմ։ Անիկա որո՞ւն բարոյական չափանիշները յառաջ կը մղէ։ Ժամանցի ընտրութիւնս կրնա՞յ բարոյական պաշտպանութիւնս տկարացնել (Սաղ. 101։3)։ Անիկա կրնա՞յ ընտանիքիս անդամները կամ ուրիշները գայթակղեցնել’ (Ա. Կոր. 10։31-33)։

Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ Եհովային բարոյական չափանիշները վեր բռնենք։ Մօտ ատենէն Յիսուս Քրիստոս ազգերը պիտի բնաջնջէ եւ ամէն չարութիւն մէջտեղէն վերցնէ (Եզեկ. 9։4-7)։ Միայն անոնք՝ որոնք Աստուծոյ կամքը կը կատարեն պիտի չմեռնին (Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Ուրեմն թող Եհովային չափանիշները բարձր պահենք, որպէսզի ամէն ո՛վ որ մեր լաւ վարքը տեսնէ Աստուած փառաւորէ (Ա. Պետ. 2։11, 12)։

Կին մը հագուստ կը զատէ

Իմ հագուելակերպս եւ յարդարանքս ի՞նչ կ’ըսեն բարոյական չափանիշներուս մասին

ԴԻՏԷ ՄԷԿ ՏՂԱՄԱՐԴ, ՄԷԿ ԿԻՆ ՎԻՏԷՈՆ ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Ինչո՞ւ իմաստութիւն է Եհովային չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։

  • Ինչո՞ւ ծնողներ պէտք է սկսին իրենց զաւակներուն կանուխ տարիքէն սորվեցնել Եհովային բարոյական չափանիշներուն մասին։

  • Ինչպէ՞ս թէ՛ պզտիկները եւ թէ մեծերը կրնան մարդոց օգնել որ Աստուծոյ բարութենէն օգտուին։

Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՍԵՍ ԵԹԷ ՄԷԿԸ ՔԵԶԻ ԸՍԷ. . .

  • «Միասեռականութեան մասին կարծիքդ ի՞նչ է»։

  • «Միասեռականութեան մասին Աստուածաշունչին կարծիքը շատ յետամնաց է»։

  • «Միասեռականները իրենց պարագան չեն կրնար փոխել. անոնք այդպէս կը ծնին»։

(yp1 գլ. 23. yp2 գլ. 28)

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել