ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
‘Պօղոս գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ եւ սիրտ առաւ’
Երբ Հռոմի ժողովքը լսեց որ Պօղոս կու գայ, խումբ մը եղբայրներ մօտ 64 քմ. կտրեցին՝ իրեն դիմաւորելու։ Իրենց անձնազոհութիւնն ու սէրը ինչպէ՞ս ազդեցին Պօղոսին։ «Պօղոս զանոնք տեսնելով՝ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ եւ սիրտ առաւ» (Գործք 28։15)։ Ճիշդ է որ ընդհանրապէս Պօղո՛ս ժողովքները կը քաջալերէր, բայց այս անգամ, բանտարկեալ ըլլալով, ի՛նք քաջալերութիւն ստացաւ (Բ. Կոր. 13։10)։
Այսօր շրջանային տեսուչները մէկ ժողովքէն միւսը կ’երթան եղբայրները եւ քոյրերը քաջալերելու համար։ Մեզի պէս, անոնք երբեմն յոգնած կը զգան, մտահոգ կ’ըլլան եւ յուսախաբութիւններ կ’ունենան։ Յաջորդ անգամին, երբ շրջանային տեսուչն ու իր կինը ժողովքդ այցելեն, ի՞նչ կրնաս ընել որ զանոնք քաջալերես, որպէսզի «փոխադարձ քաջալերութիւն» ըլլայ (Հռով. 1։11, 12, ՆԱ)։
Դաշտի ծառայութեան ժողովներուն ներկայ գտնուէ։ Շրջանային տեսուչը կը քաջալերուի, երբ հրատարակիչները զոհողութիւններ ընեն այդ մասնայատուկ շաբթուան ընթացքին, որ լաւագոյնս օգտուին (Ա. Թես. 1։2, 3. 2։20)։ Կրնաս մտածել այդ ամսուան ընթացքին որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայել։ Կրնաս տեսուչին եւ անոր կնոջ հետ քարոզել կամ ալ անոնցմէ մէկը ուսումնասիրութիւններէդ մէկուն քով տանիլ։ Անոնք կը սիրեն ծառայել տարբեր հրատարակիչներու հետ, մէջ ըլլալով անոնք՝ որոնք նոր հրատարակիչներ են կամ ալ անոնք՝ որոնք կը զգան որ ծառայութեան մէջ շատ փորձառու չեն։
Հիւրասէր եղիր։ Կրնաս առաջարկել որ այդ շաբաթ տեսուչն ու իր կինը ձեր տունը մնան եւ գիշերեն կամ ալ կրնաս զանոնք ճաշի հրաւիրել։ Այսպիսով ցոյց պիտի տաս որ կը սիրես զանոնք։ Վստահ եղիր որ անոնք երկար–բարակ պատրաստութիւններ չեն ակնկալեր (Ղուկ. 10։38-42)։
Շրջանային տեսուչին խրատներուն եւ ուղղութիւններուն մտիկ ըրէ։ Շրջանային տեսուչը սիրալիրօրէն մեզի կ’օգնէ որ տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր ծառայութիւնը բարելաւել։ Կրնայ ըլլալ որ ան երբեմն զօրաւոր խրատ մը տայ (Ա. Կոր. 5։1-5)։ Տեսուչը կ’ուրախանա՛յ երբ տրուած ցուցմունքներուն կը հնազանդինք եւ կ’ենթարկուինք (Եբ. 13։17)։
Շնորհակալ եղիր։ Շրջանային տեսուչին եւ իր կնոջ ըսէ թէ ինչպէս օգտուեցար իրենց այցելութենէն։ Ասիկա կրնաս ընել բերանացի կամ ալ նոթի կամ քարտի մը միջոցաւ (Կող. 3։15)։