Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ19 Փետրուար էջ 8
  • Շարունակէ մեծ ակնկալութեամբ եւ տոկալով սպասել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շարունակէ մեծ ակնկալութեամբ եւ տոկալով սպասել
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2019)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բանի մը առիթ մի՛ տար որ քեզ մրցանակէն զրկէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • «Համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Համբերատարութիւնը Վարձահատոյց Է
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2019)
ժտ19 Փետրուար էջ 8

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Շարունակէ մեծ ակնկալութեամբ եւ տոկալով սպասել

Որքա՞ն ժամանակէ ի վեր կը սպասես որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ։ Թերեւս համբերութեամբ կը տոկաս, հակառակ դժուարութիւններուդ (Հռով. 8։25)։ Կարգ մը քրիստոնեաներ ատելութիւն, գէշ վերաբերմունք, բանտարկութիւն կամ նոյնիսկ մահ կը դիմագրաւեն։ Շատեր ալ կը պայքարին երկարատեւ հիւանդութեան մը կամ յառաջացած տարիքի դէմ։

Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ շարունակենք մեծ ակնկալութեամբ սպասել՝ հակառակ անոր որ դժուարութիւններ ունինք։ Պէտք է մեր հաւատքը սնուցանենք, ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդալով եւ մեր կարդացածին վրայ խոկալով։ Պէտք է մեր յոյսին վրայ կեդրոնանանք (Բ. Կոր. 4։16-18. Եբ. 12։2)։ Պէտք է Եհովային աղօթքով աղերսենք, որ սուրբ հոգիին միջոցաւ մեզի ոյժ տայ (Ղուկ. 11։10, 13. Եբ. 5։7)։ Մեր սիրալիր Հայրը կրնայ մեզի օգնել, որ ‘ամէն ինչի լիովին տոկանք համբերութեամբ եւ ուրախութեամբ’ (Կող. 1։11, ՆԱ)։

ԴԻՏԷ ՊԷՏՔ Է «ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆՈՎ ՎԱԶԵՆՔ». ՎՍՏԱՀ ԵՂԷՔ ՈՐ ՄՐՑԱՆԱԿԸ ՊԻՏԻ ՇԱՀԻՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Րաֆֆին եւ իր կինը դաշտի ծառայութեան ընթացքին

    Ի՞նչ «դիպուած»ներ կրնան ծագիլ կեանքի մէջ (Ժող. 9։11)։

  • Րաֆֆիին կաթուածէն ետք, Քարլը իրեն համար մը կը բանայ

    Աղօթքը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի, երբ դժուարութիւններ ունենանք։

  • Րաֆֆին եւ Քարլը հովուական այցելութիւն մը կ’ընեն զոյգի մը

    Եթէ առաջուան չափ չենք կրնար ծառայել Եհովային, ինչո՞ւ պէտք է կեդրոնանանք այն բաներուն վրայ, որոնք տակաւի՛ն կրնանք ընել։

  • Րաֆֆին կ’երեւակայէ որ Դրախտին մէջ դարձեալ կը վազէ

    Աչքերդ մրցանակին վրայ պահէ

    Ի՞նչը քեզի կ’օգնէ, որ շարունակես վստահ ըլլալ, որ մրցանակը պիտի շահիս։

Ինչպէ՞ս կրնաս օգնել դժուարութիւն ունեցողներուն եւ անոնց ընտանիքի անդամներուն։

  • Անոնց հետ քաղցրութեամբ խօսէ եւ զանոնք ուրիշներու հետ մի՛ բաղդատեր

  • Լաւ մտիկ ըրէ

  • Անոնց համար եւ անոնց հետ աղօթէ

  • Անոնց ճաշ մը պատրաստէ կամ տան գործերուն մէջ օգնէ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել