Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ19 Յունիս էջ 8
  • Անձնական ուսումնասիրութիւնդ արդիւնաբեր դարձուր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Անձնական ուսումնասիրութիւնդ արդիւնաբեր դարձուր
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2019)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ուսումնասիրելը Վարձահատոյց Է
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ուսումնասիրութիւնը. վարձահատոյց եւ հաճելի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Թագաւորական օրինակին հետեւեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Եհովայի Հետ Մտերմութիւն Մշակել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2019)
ժտ19 Յունիս էջ 8

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Անձնական ուսումնասիրութիւնդ արդիւնաբեր դարձուր

ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է։ Աստուծոյ Խօսքը անձամբ սերտելը մեզի կ’օգնէ, որ հասկնանք ճշմարտութեան «լայնութիւնը ու երկայնութիւնը եւ խորութիւնը ու բարձրութիւնը» (Եփ. 3։18)։ Ատիկա նաեւ մեզի կ’օգնէ, որ այս չար աշխարհին մէջ «անբիծ» եւ «առանց մեղադրանքի» մնանք եւ ‘կենաց խօսքը ամուր բռնենք’ (Փլպ. 2։15, 16)։ Անձնական ուսումնասիրութեան մէջ կրնանք մեզի պէտք եղած նիւթերը զատել։ Ի՞նչ կրնանք ընել, որ կարելի եղածին չափ շատ օգտուինք այն ժամանակէն, որ կը տրամադրենք Աստուծոյ Խօսքը կարդալու եւ սերտելու։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ԸՆԵԼ։

  • Գիծ քաշէ համարներու տակ եւ նոթեր գրէ տպուած կամ ելեկտրոնային Սուրբ Գիրքիդ մէջ։

  • Մինչ Սուրբ Գիրքը կը կարդաս, դուն քեզի այս հարցումները հարցուր. ‘Ո՞վ, ի՞նչ, ե՞րբ, ո՞ւր, ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս’։

  • Իրողութիւնները հասկցիր։ Պրպտումի գործիքները գործածելով պրպտում ըրէ նիւթին կամ համարին մասին։

  • Կարդացածիդ վրայ խոկայ, որ գիտնաս թէ տեղեկութիւնները ինչպէ՞ս կը կիրարկուին քեզի։

  • Սորվածդ գործադրէ ամէնօրեայ կեանքիդ մէջ (Ղուկ. 6։47, 48)։

ԴԻՏԷ ԿԵՆԱՑ ԽՕՍՔԸ ‘ԱՄՈՒՐ ԲՌՆԵՑԷՔ’՝ ԱԶԴՈՒ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՄԲ ՎԻՏԷՈՆ ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Ոմանք ի՞նչ ըսած են անձնական ուսումնասիրութեան մասին։

  • Ինչո՞ւ ամէն անգամ որ անձնական ուսումնասիրութիւն պիտի ընենք, պէտք է նախ աղօթենք։

  • Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ Սուրբ Գիրքէն մեր կարդացածը աւելի լաւ հասկնանք։

  • Ի՞նչ նշաններ կրնանք դնել մեր Սուրբ Գիրքին մէջ։

  • Ինչո՞ւ պէտք է խոկանք, երբ Սուրբ Գիրքը կը սերտենք։

  • Մեր սորվածները ինչպէ՞ս պէտք է գործածենք։

Քոյր մը խոր անձնական ուսումնասիրութիւն կ’ընէ. եղբայր մը գունաւոր նշաններ կը դնէ իր Սուրբ Գիրքին մէջ. քոյր մը Սուրբ Գիրքին մէջ գրած իր նոթերը կ’ըսէ երկու անձերու. եղբայր մը կ’աղօթէ

«Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս» (Սաղ. 119։97)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել