ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Երիտասարդնե՛ր, «բարի գործերու նախանձախնդիր» եղէք
Տիտոսին ուղղուած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ գրեց որ երիտասարդները, մէջը ըլլալով Տիտոս, պէտք է իրենց լաւագոյնը ընեն որ ‘ամէն կողմէ իրենց անձը բարի գործերու օրինակ ցուցնեն’ (Տիտ. 2։6, 7)։ Նոյն գլուխին մէջ, ան ըսաւ որ Յիսուս Եհովային ժողովուրդը պիտի մաքրէր, որպէսզի «բարի գործերու նախանձախնդիր» ըլլային (Տիտ. 2։14)։ Այդ բարի գործերէն մէկն է՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզելն ու սորվեցնելը։ Եթէ երիտասարդ ես, կրնա՞ս ուժդ եւ կորովդ գործածել որ օժանդակ կամ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլաս (Առ. 20։29)։
Եթէ կը փափաքիս ռահվիրայ ըլլալ, կեանքդ այնպէս մը ծրագրէ որ կարենաս նպատակակէտիդ հասնիլ (Ղուկ. 14։28-30)։ Մտածէ թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենաս ծախսերդ հոգալ եւ ժամերդ ինչպէ՞ս պիտի բերես։ Աղօթքով Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ (Սաղ. 37։5)։ Ծրագիրիդ մասին խօսէ ծնողքիդ հետ եւ անոնց հետ, որոնք յաջողութեամբ ռահվիրայութիւն կ’ընեն։ Ետքը, քայլեր առ որ նպատակակէտիդ հասնիս։ Եհովան անկասկած պիտի օրհնէ քու նախանձախնդրութիւնդ եւ ջանքերդ։
ԴԻՏԷ ԵՀՈՎԱՆ ՊԱՏՈՒՈՂ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
Ոմանք ի՞նչ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելած են, որ ռահվիրայութիւն ընեն, եւ ինչպէ՞ս։
Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել, որ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլան։
Ինչո՞ւ քարոզելու յայտագիր դնելը կարեւոր է։
Ժողովքին անդամները ինչպէ՞ս կրնան ռահվիրաները քաջալերել եւ անոնց օգնել։
Ռահվիրաները ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելեն։
Ինչպէ՞ս կրնամ ռահվիրայ ըլլալու նպատակակէտիս հասնիլ։