ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ռահվիրայութիւն ընելով Եհովան փառաբանէ
Իսրայէլացիները հոյակապ պատճառներ ունէին Եհովան փառաբանելու։ Եհովան զանոնք Եգիպտոսէն հանած էր եւ փարաւոնին զօրքէն ազատած էր (Ել. 15։1, 2)։ Եհովան մինչեւ օրս կը շարունակէ լաւ բաներ ընել իր ծառաներուն։ Լաւ ինչպէ՞ս կրնանք մեր գնահատութիւնը ցուցնել իրեն հանդէպ (Սաղ. 116։12)։
Կերպերէն մէկն է՝ ծառայել որպէս օժանդակ կամ կանոնաւոր ռահվիրայ։ Կրնաս աղօթքով Եհովայէն խնդրել որ ռահվիրայ ըլլալու նկատմամբ փափաքդ աւելցնէ եւ ոյժ տայ որ այդ քայլը առնես (Փլպ. 2։13)։ Շատեր նախ կը սկսին օժանդակ ռահվիրայութեամբ։ Կրնաս ընտրել 30 կամ 50 ժամ ծառայել մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ այն ամիսը՝ երբ շրջանային տեսուչը ժողովքդ այցելէ։ Օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելու ուրախութիւնը համտեսելէ ետք, թերեւս ուզես կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալ։ Կան անհատներ, որոնք կրցած են կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալ, հակառակ անոր որ լիաժամ կ’աշխատին կամ շատ լաւ առողջութիւն չունին (ժտ16.07 8)։ Անկասկած Եհովան արժանի՛ է այն ջանքերուն, որոնք կը թափենք իրեն փառք բերելու համար (Ա. Մն. 16։25)։
ԴԻՏԷ ՄՈՆԿՈԼԻԱՅԻ ՄԷՋ ԵՐԵՔ ՔՈՅՐԵՐ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ.
Երեք քոյրերը ի՞նչ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելան, որ ռահվիրայ ըլլան։
Անոնք ի՞նչ օրհնութիւններ վայելեցին։
Ծառայութեան ի՞նչ նոր դռներ բացուեցան անոնց առջեւ, երբ անոնք ռահվիրայութիւն ըրին։
Անոնց օրինակը ինչպէ՞ս ազդեց ուրիշներուն։