ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Շարունակեցէք ձեր ըմբռնողականութիւնը մարզել
Մարզիկ մը պէտք է շարունակէ իր մկանները մարզել, որպէսզի ձիրքը պահէ։ Մենք ալ պէտք է շարունակենք ջանք թափել, որ մեր ըմբռնողականութիւնը մարզենք եւ մարզուած պահենք (Եբ. 5։14)։ Կրնայ ըլլալ որ մեզի համար աւելի դիւրին է ուրիշներուն պէս որոշումներ առնել, բայց մենք պէտք է սորվինք ինչպէ՛ս պէտք է մտածենք եւ որոշումներ առնենք։ Ինչո՞ւ։ Ամէն անձ ի՛ր առած որոշումներուն համար Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ (Հռով. 14։12)։
Եթէ տարիներէ ի վեր մկրտուած ենք, ասիկա ըսել չէ որ լաւ որոշումներ պիտի առնենք։ Իմաստուն որոշումներ առնելու համար պէտք է լման վստահինք Եհովային, իր Խօսքին եւ իր կազմակերպութեան (Յես. 1։7, 8. Առ. 3։5, 6. Մատ. 24։45)։
ԴԻՏԷ «ՄԱՔՈՒՐ ԽՂՃՄՏԱՆՔ ՈՒՆԵՑԷՔ» ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
Էմման ի՞նչ որոշում պէտք էր առնէր։
Ինչո՞ւ պէտք չէ մեր կարծիքը տանք խիղճի ձգուած հարցերուն մէջ։
Զոյգ մը ի՞նչ իմաստուն խրատ մը տուաւ Էմմային։
Էմման ուրկէ՞ գտաւ այն տեղեկութիւնները, որոնց պէտք ունէր որոշում առնելու համար։