Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ21 Սեպտեմբեր էջ 15
  • Տուր այն բարի լուրը թէ մօտ ատենէն աւելի լաւ աշխարհ մը պիտի ունենանք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Տուր այն բարի լուրը թէ մօտ ատենէն աւելի լաւ աշխարհ մը պիտի ունենանք
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանելու յատուկ քարոզարշաւ՝ նոյեմբերին
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
  • Սեպտեմբերին յատուկ քարոզարշաւ՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանելու համար
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Եհովայի վկաները կազմակերպուած են՝ բարի լուրը քարոզելու
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35 Թերթիկը Ընդլայնօրէն Բաշխեցէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
ժտ21 Սեպտեմբեր էջ 15
Դրախտին մէջ զոյգ մը կը բարեւէ իր բարեկամներուն։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Տուր այն բարի լուրը թէ մօտ ատենէն աւելի լաւ աշխարհ մը պիտի ունենանք

Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին, մասնաւոր ջանք պիտի թափենք որ տանք այն բարի լուրը, թէ մօտ օրէն աւելի լաւ աշխարհ մը պիտի ունենանք (Սաղ. 37։10, 11. Յայտ. 21։3-5)։ Յայտագիրդ այնպէս մը դիր, որ կարենաս լման մասնակցիլ այս արշաւին։ Եթէ այդ ամիս օժանդակ ռահվիրայութեան դիմես, կրնաս ընտրել 30 կամ 50 ժամ ծառայել։

Պատրաստուէ որ կարելի եղածին չափ շատ մարդոց կարդաս նոր աշխարհի մասին համար մը։ Երբ համար մը կ’ընտրես, նկատի առ թէ քու թաղամասիդ մէջ մարդիկը ինչով հետաքրքրուած են։ Եթէ մէկը հետաքրքրութիւն ցուցնէ առաջին հանդիպումին, իրեն տուր հանրամատչելի Դիտարան–ի 2021–ի թիւ 2–ը։ Ետքը, կարելի եղածին չափ շուտ վերայցելէ անհատին եւ փորձէ իրեն հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքոյկը օգտագործելով։ Որքա՜ն կ’ուրախանանք երբ ամէն ջանք կ’ընենք, որ «բարութեան աւետիս» տանք մարդոց (Եսա. 52։7)։

Տեսնելու համար թէ ինչպէ՛ս կրնաս բարի լուրը տալ, դիտէ Առաջին հանդիպում. Բարի լուրը (Սաղ. 37։10, 11) վիտէոն

ԴԻՏԷ ԴՐԱԽՏ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ ՅԱՏՈՒԿ ԵՐԳԻՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Պզտիկ աղջիկը ի՞նչ հիանալի ապագայ մը կ’երեւակայէ։

  • Նոր աշխարհին մէջ ի՞նչ բաներու անհամբեր կը սպասես։

  • Քու յոյսիդ վրայ խոկալը քեզի ինչպէ՞ս կրնայ պատրաստել, որ լման մասնակցիս նոյեմբերի արշաւին (Ղուկ. 6։45)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել