Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ21 Յուլիս էջ 26-29
  • Ուրախ կեանքս Եհովայի ծառայութեան մէջ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ուրախ կեանքս Եհովայի ծառայութեան մէջ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՃԱՄԲՈՐԴԵԼ ԴԷՊԻ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷ
  • ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
  • ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆՔ ԲԵԹԷԼ
  • ՏՊԱՐԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՅ
  • ՈՒՐԻՇ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
  • Մասնաճիւղին Նամակը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Պէթէլի Ծառայութիւնը—Յաւելեալ Կամաւորներու Կարիքը Կայ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Կրնա՞ք Դուք Ձեզ Մատչելի Դարձնել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Ասիկա կրնա՞յ լաւագոյն ասպարէզը ըլլալ ձեզի համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
դ21 Յուլիս էջ 26-29
Ճոն եւ Լորա Քիքոդներ։

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ուրախ կեանքս Եհովայի ծառայութեան մէջ

ԿԸ ՊԱՏՄԷ ՃՈՆ ՔԻՔՈԴ

ՔԱՆԱՏԱՅԻ Բեթէլին մէջ առաջին գործս էր՝ այն շէնքին գետինը մաքրել, ուր տպագրութիւնը տեղի կ’ունենար։ 1958 թուականն էր եւ ես 18 տարեկան էի։ Կեանքը աղուոր էր. ժամանակ մը ետք, սկսայ աշխատցնել մեքենայ մը, որ տպուած պարբերաթերթերուն ծայրերը կը կտրէր։ Շա՜տ ուրախ էի որ Բեթէլին մէջ էի։

Յաջորդ տարին, Բեթէլի ընտանիքին յայտարարուեցաւ, որ Հարաւային Ափրիկէի մասնաճիւղը կամաւորներու պէտք ունէր, քանի որ նոր տպագրամեքենայ մը պիտի բերէր։ Անունս տուի եւ շա՜տ ուրախացայ, երբ ընտրուեցայ։ Ուրիշ երեք քանատացի բեթէլականներ ալ ընտրուեցան. Գեն Նորտին, Պիլ ՄքԼելան եւ Տէնիս Լիչ։ Մեզի ըսուեցաւ, որ Հարաւային Ափրիկէի մէջ երկար ժամանակ պիտի մնայինք։

Մօրս հեռաձայնեցի. «Մա՛մ, քեզի լուր մը ունիմ. Հարաւային Ափրիկէ կ’երթամ»։ Մայրս լուռ կին մըն էր, բայց զօրաւոր հաւատք ունէր եւ Եհովային հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն կը վայելէր։ Ան շատ բան չըսաւ ինծի, բայց գիտէի որ որոշումիս համաձայն էր։ Թէեւ հայրս ու մայրս տխուր էին, որ իրենցմէ բաւական հեռու պիտի ըլլայի, բնա՛ւ չառարկեցին առած որոշումիս։

ՃԱՄԲՈՐԴԵԼ ԴԷՊԻ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷ

1959–ին, շոգեկառքով Քէյփ Թաունէն Ճօհանէսպըրկ կը ճամբորդեմ Տէնիս Լիչին, Գեն Նորտինին եւ Պիլ ՄքԼելանին հետ

60 տարի ետք՝ 2019–ին, չորսս մէկտեղ հաւաքուած ենք Հարաւային Ափրիկէի մասնաճիւղին մէջ

Նա՛խ, Պրուքլինի Բեթէլը գացինք, ուր տպելու մասնաւոր կերպի մը նկատմամբ երեք ամիս մարզում ստացանք։ Ետքը, նաւով ուղղուեցանք դէպի Քէյփ Թաուն, Հարաւային Ափրիկէ։ Դեռ նոր 20 տարեկան եղեր էի։ Երեկոյ էր, երբ մեր շոգեկառքը սկսաւ Քէյփ Թաունէն ուղղուիլ դէպի Ճօհանէսպըրկ։ Արշալոյսին, շոգեկառքը առաջին անգամ կանգ առաւ գիւղաքաղաքի մը մօտ, որ կը գտնուի Քառու կոչուող կիսանապատային շրջանին մէջ։ Շատ փոշի կար եւ օդը տաք էր։ Չորսս ալ պատուհանէն դուրս նայեցանք եւ հարց տուինք, թէ ասիկա ի՛նչ տեսակ տեղ էր։ Եւ մտահոգուեցանք մեր նոր նշանակումին մասին։ Յետագային, երբ նորէն այս շրջանը եկանք, անդրադարձանք որ այդ գիւղաքաղաքները շատ գեղեցիկ եւ խաղաղ վայրեր էին։

Քանի մը տարի նշանակումս էր՝ աշխատցնել հոյակապ եւ բարդ Լայնոթայփ մեքենան, Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն տպագրութիւնը պատրաստելու համար։ Մասնաճիւղը պարբերաթերթերը կը տպէր շատ մը ափրիկեան լեզուներով՝ ոչ միայն Հարաւային Ափրիկէի համար, հապա նաեւ ափրիկեան ուրիշ երկիրներու համար։ Ուրախ էինք, որ նոր տպագրամեքենան, որուն համար Քանատայէն եկած էինք, լաւ կը գործածուէր։

Ետքը, աշխատեցայ Տպարանի գրասենեակին մէջ, որ հոգ կը տանէր տպագրութեան, առաքումին եւ թարգմանութեան։ Բազմազբաղ, գոհունակ եւ իմաստալից կեանք մը ունէի։

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

1968–ին, Լորան եւ ես մասնաւոր ռահվիրայութիւն կ’ընենք

1968–ին, ամուսնացայ Լորա Պոուենի հետ, որ Բեթէլի մօտ կ’ապրէր։ Ան ռահվիրայ էր եւ Բեթէլին մէջ ալ կը ծառայէր որպէս մեքենագրուհի Թարգմանութեան բաժանմունքին համար։ Այդ օրերուն, կարգադրութիւն չկար որ նոր ամուսնացած զոյգերը Բեթէլին մէջ մնային։ Անոր համար, նշանակուեցանք որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ։ Ես քիչ մը մտահոգ էի։ Տասը տարի Բեթէլին մէջ ծառայելէ ետք, ուր միշտ ուտելիք եւ ապաստանարան ունէի, ինչպէ՞ս պիտի կարենայինք մեր բոլոր ծախսերը գոցել այն չնչին գումարով, որ պիտի ստանայինք որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ։ Իւրաքանչիւրս ամէն ամիս 25 ռանտ պիտի ստանայինք (այն ատեն՝ 35 ամ. տոլար), եթէ ապահովէինք պահանջուած ժամերը, վերայցելութիւնները եւ հրատարակութիւններու բաշխումը։ Այդ դրամով պէտք էր մեր տան վարձքին, ուտելիքին, երթեւեկին եւ բժշկական դարմանումներուն ծախսերը գոցէինք եւ ուրիշ անձնական ծախսերու ալ հոգ տանէինք։

Նշանակուեցանք ծառայելու Հնդկական ովկիանոսի եզերքը գտնուող Տուրպան քաղաքին մօտ։ Այդտեղ հնդիկներու մեծ բնակչութիւն կար, որոնցմէ շատեր այն գործաւորներուն սերունդն էին, որոնք շուրջ 1875–ին Հարաւային Ափրիկէ եկան շաքարի գործով զբաղելու համար։ Այժմ ուրիշ գործերով կը զբաղէին, թէեւ պահպանած էին իրենց մշակոյթն ու խոհանոցը, մէջը ըլլալով՝ գարիով համով ճաշերը։ Եւ անգլերէն կը խօսէին, ինչ որ մեզի համար կը դիւրացնէր իրենց քարոզելը։

Մասնաւոր ռահվիրաներէն պահանջուած էր, որ ամէն ամիս ծառայութեան տրամադրէին 150 ժամ, անոր համար Լորան եւ ես յայտագիր դրինք, որ առաջին օրը վեց ժամ ծառայենք։ Օդը տաք ու խոնաւ էր։ Ո՛չ վերայցելութիւններ, ոչ ալ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ ունէինք. միայն վեց ժամ դռնէ դուռ ծառայութիւն։ Մեր սկսելէն ժամանակ մը ետք, ժամացոյցիս նայեցայ, եւ միա՛յն 40 վայրկեան անցած էր։ Ես ինծի մտածեցի, թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենայինք ասոր հետ գլուխ ելլել։

Շուտով, լաւ ռութինի մը մէջ մտանք։ Ամէն օր սանտուիչներ կը պատրաստէինք եւ թերմոսը կը լեցնէինք ապուրով կամ սուրճով։ Երբ դադարի պէտք ունենայինք, մեր պզտիկ Ֆոլքսվակընը կը շարէինք մօտակայ ծառի մը շուքին տակ. երբեմն անուշիկ պզտիկ հնդիկներ մեզ կը շրջապատէին եւ հետաքրքրօրէն մեզ կը դիտէին։ Քանի մը օրուան մէջ, անդրադարձանք թէ մէյ մը որ առաջին երկու–երեք ժամերը անցնէին, մնացեալ օրը շատ արագ կը սահէր։

Ի՜նչ ուրախ էինք, որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը կը բաժնէինք այդ թաղամասի հիւրասէր մարդոց հետ։ Տեսանք որ հնդիկները յարգալից եւ աստուածավախ էին։ Շատ մը հինտուներ մեր բերած պատգամին ընդառաջեցին։ Անոնք կը սիրէին սորվիլ Եհովային, Յիսուսին, Աստուածաշունչին, խաղաղ նոր աշխարհին եւ մեռելներուն յոյսին մասին։ Մէկ տարի ետք, 20 ուսումնասիրութիւն ունէինք։ Ամէն օր մեր կէսօրուան ճաշը կ’ուտէինք սերտող ընտանիքներէն մէկուն հետ։ Շա՜տ ուրախ էինք։

Շատ չանցած, ուրիշ նշանակում մը ստացանք. շրջանային գործ՝ գեղեցիկ Հնդկական ովկիանոսին եզերքը։ Ամէն շաբաթ, ընտանիքի մը տունը կը մնայինք, մինչ ժողովքի հրատարակիչներուն կ’այցելէինք եւ իրենց հետ կը ծառայէինք, զիրենք քաջալերելու համար։ Անոնց հետ մէկ ընտանիքի պէս կ’ըլլայինք եւ շա՛տ աղուոր ժամանակ կ’անցընէինք իրենց եւ իրենց զաւակներուն հետ։ Երկու հոյակապ տարիներ անցուցինք։ Ետքը, մէկ անգամէն հեռաձայն եկաւ մասնաճիւղէն։ Եւ ի՛նչ ըսեն. «Կը մտածենք՝ ձեզ ետ Բեթէլ բերել»։ Պատասխանս էր. «Շիտակը, մենք շատ ուրախ ենք հոս»։ Բայց անշուշտ պատրաստ էինք ծառայելու ո՛ւր որ նշանակուէինք։

ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆՔ ԲԵԹԷԼ

Բեթէլին մէջ նշանակուեցայ Ծառայութեան բաժանմունքին մէջ, ուր առանձնաշնորհումը ունեցայ աշխատելու շատ մը հասուն եւ փորձառու եղբայրներու հետ։ Այդ օրերուն, ամէն մէկ ժողովք շրջանային տեսուչին այցելութենէն ետք նամակ մը կը ստանար։ Նամակներուն նպատակն էր՝ քաջալերել եւ պէտք եղած ուղղութիւնները տալ։ Ասիկա մեր քարտուղարներուն համար մեծ աշխատանք էր։ Անոնք շրջանային տեսուչներու նամակները քոսա, զուլու եւ ուրիշ լեզուներէ կը թարգմանէին անգլերէնի, ետքը՝ մասնաճիւղին պատասխանները անգլերէնէն կը թարգմանէին այդ լեզուներուն։ Այս աշխատասէր թարգմանիչներուն շնորհիւ կրցայ տեղեկանալ, թէ մեր ափրիկեցի եղբայրներն ու քոյրերը ի՛նչ դժուարութիւններէ կ’անցնէին։

Այդ ատեն, Հարաւային Ափրիկէի մէջ, ցեղային խտրականութիւն կը տիրէր։ Իւրաքանչիւր ցեղային խումբի նշանակուած էր ապրելու շրջան մը, անոր համար տարբեր ցեղերէ անհատներ իրարու չէին ընկերակցեր։ Մեր ափրիկեցի սեւամորթ եղբայրները իրենց լեզուն կը խօսէին, իրենց լեզուով կը քարոզէին եւ իրենց լեզուն գործածող ժողովքին կ’երթային։

Շատ սեւամորթներ չէի ճանչնար, քանի որ այն թաղամասը, որուն մէջ մեր ժողովքը կը ծառայէր, միայն անգլիախօս էին։ Բայց հիմա առիթը ունէի, որ ծանօթանայի սեւամորթ ափրիկեցիներուն, անոնց մշակոյթին եւ սովորութիւններուն։ Տեղեկացայ այն դժուարութիւններուն մասին, որոնք մեր եղբայրները ունէին տեղական սովորութիւններու եւ կրօնական հաւատալիքներու պատճառով։ Անոնք քաջութիւն ցոյց տուին, ոչ–սուրբգրային սովորութիւններէ ձերբազատուելով եւ իրենց ընտանիքին ու գիւղին կողմէ խիստ հակառակութիւն դիմագրաւելով, ոգեհարցական սովորութիւնները մերժելնուն համար։ Գիւղական շրջաններուն մէջ, շատ աղքատութիւն կար։ Շատեր դպրոց չէին յաճախած, բայց Սուրբ Գիրքին հանդէպ յարգանք ունէին։

Առանձնաշնորհումը ունէի կարգ մը դատական հարցեր նկատի առնելու, որոնք կապ ունէին պաշտամունքի ազատութեան եւ չէզոքութեան հետ։ Հաւատքս շա՜տ զօրացաւ, երբ տեսայ Վկայ պատանիներու հաւատարմութիւնն ու քաջութիւնը, որոնք դպրոցէն վռնտուած էին, քանի որ մերժած էին աղօթքներու եւ կրօնական երգեցողութիւններու մասնակցիլ։

Եղբայրները ուրիշ դժուարութիւն մը ունեցան ափրիկեան պզտիկ երկրի մը մէջ, որ այն ատեն Սուազիլանտ կը կոչուէր (այժմ՝ Էսուաթինի)։ Երբ Սոպուզա Բ. թագաւորը մեռաւ, բոլոր քաղաքացիներէն պահանջուած էր, որ սուգի որոշ սովորութեան մը մասնակցին։ Տղամարդիկը պէտք էր իրենց մազերը ածիլէին, իսկ կիները պէտք էր իրենց մազերը կարճ կտրէին։ Շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր հալածուեցան, քանի որ մերժեցին մասնակցիլ այդ սովորութեան, որ նախահայրերու պաշտամունքին հետ կապ ունէր։ Եհովային հանդէպ անոնց հաւատարմութիւնը մեզ շա՜տ ուրախացուց։ Մեր ափրիկեցի եղբայրներէն շատ բան սորվեցանք հաւատարմութեան եւ համբերութեան մասին, եւ ատիկա մեր հաւատքը զօրացուց։

ՏՊԱՐԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՅ

1981–ին, նշանակուեցայ որ օգնեմ տպելու մեթոտը համակարգչային դրոյթի վերածելու։ Տպարանին մէջ շա՜տ աղուոր ժամանակ անցուցի։ Տպելու մեթոտները արագօրէն կը փոխուէին։ Տեղական առեւտրական մը մասնաճիւղին նոր մեքենայ մը տուաւ, ձրիօրէն փորձելու համար։ Այսպիսով, ինը Լայնոթայփ մեքենաները փոխարինեցինք հինգ նոր մեքենաներով։ Նոր տպագրամեքենայ մըն ալ տեղաւորեցինք։ Որեւէ ժամանակէ աւելի սկսանք մեծ քանակով տպել։

Ժամանակ մը ետք, էջադրումի մեթոտը բարելաւուեցաւ գործածելով ՄԵՓՍ–ը, որ Բազմալեզու ելեկտրոնային հրատարակութեան դրութիւն է։ Մենք՝ չորս քանատացի բեթէլականներս, Հարաւային Ափրիկէ գալէն ի վեր, արուեստագիտութիւնը որքա՜ն յառաջ գնաց (Եսա. 60։17)։ Չորսս ալ ամուսնացանք լաւ եւ հոգեւորապէս հասուն ռահվիրայ քոյրերու հետ։ Պիլն ու ես տակաւին Բեթէլին մէջ կը ծառայէինք։ Իսկ Գենն ու Տէնիսը ընտանիքներ կազմած էին եւ Բեթէլին մօտ կ’ապրէին։

Մասնաճիւղին գործունէութիւնները կը շատնային։ Երթալով աւելի լեզուներով հրատարակութիւններ կը թարգմանուէին, կը տպուէին եւ ուրիշ մասնաճիւղերու կը ղրկուէին։ Հետեւաբար, Բեթէլի նոր համալիրի պէտք ունէինք։ Եղբայրները այդպիսի համալիր մը շինեցին Ճօհանէսպըրկի արեւմուտքը գտնուող գեղեցիկ շրջանի մը մէջ, եւ անոր բացումը եղաւ 1987–ին։ Շատ հաճելի էր այդ ընդարձակումին մէջ պարփակուած ըլլալ եւ տարիներով որպէս Հարաւային Ափրիկէի Մասնաճիւղի յանձնախումբին մէկ անդամը ծառայել։

ՈՒՐԻՇ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

2001–ին անակնկալի եկանք, երբ հրաւիրուեցայ որ նորակազմ Միացեալ Նահանգներու Մասնաճիւղի յանձնախումբին մէջ ծառայեմ։ Թէեւ տխուր էինք, որ Հարաւային Ափրիկէի մէջ մեր գործը եւ բարեկամները պիտի ձգէինք, բայց ուրախ էինք, որ նոր կեանք մը պիտի սկսէինք որպէս Միացեալ Նահանգներու Բեթէլի ընտանիքին մէկ մասը։

Բայց մտահոգ էինք, որ մեր ետին պիտի ձգէինք Լորային մայրը, որ երթալով կը ծերանար։ Մենք Նիւ Եորքէն շատ բան չէինք կրնար ընել իրեն համար, բայց Լորային երեք քոյրերը առաջարկեցին, որ իրեն հոգ տանին ֆիզիքական, զգացական եւ նիւթական գետնի վրայ։ Անոնք ըսին. «Մենք չենք կրնար լիաժամ ծառայութեան մէջ ըլլալ, բայց եթէ մամային պէտքերը հոգանք, ձեզի օգնած կ’ըլլանք, որ ձեր նշանակումին մէջ շարունակէք»։ Խորապէս իրենցմէ շնորհակալ ենք։

Եղբայրս ու իր կինը, որոնք կ’ապրէին Թորոնթոյի մէջ, Քանատա, նոյն ոգիով այրի մօրս հոգ կը տանէին։ Այն ատեն մայրս աւելի քան 20 տարիէ ի վեր իրենց հետ կ’ապրէր։ Շա՜տ կը գնահատենք անոնց սէրն ու հոգատարութիւնը, որ իրեն ցոյց տուին մինչեւ մահանալը, մեր Նիւ Եորք ժամանելէն շատ չանցած։ Ի՜նչ մեծ օրհնութիւն է ունենալ ընտանիքի անդամներ, որոնք պատրաստ են իրենց կեանքը փոխելու, որպէսզի պատասխանատուութիւն մը շալկեն, որ ատեններ բաւական դժուար կրնայ ըլլալ։

Միացեալ Նահանգներուն մէջ, առաջին նշանակումս տպարանին մէջ էր, որուն գործունէութիւնը երթալով աւելի արդի ու պարզ դարձաւ։ Վերջերս Գնումներու բաժանմունքին մէջ կը ծառայեմ։ Ի՜նչ հաճելի է՝ վերջին 20 տարիներուն մաս կազմել այս հսկայ մասնաճիւղին, որ ունի շուրջ 5000 բեթէլականներ եւ շուրջ 2000 երթեւեկող կամաւորներ։

Վաթսուն տարի առաջ բնա՛ւ միտքէս պիտի չանցնէր, թէ հոս պիտի հասնէի։ Այս բոլոր տարիներուն ընթացքին Լորան սրտանց ինծի թիկունք կանգնած է։ Ճոխ կեանք մը ունեցած ենք։ Շա՜տ կը գնահատենք այն զանազան նշանակումները, որոնք ունեցած ենք, եւ այն հիանալի եղբայրները, որոնց հետ աշխատած ենք։ Անոնցմէ շատերուն ծանօթացած ենք բազմաթիւ երկիրներու մէջ՝ մասնաճիւղերը այցելած ատեն։ Հիմա որ աւելի քան 80 տարեկան եմ, ինծի նուազ գործ տրուած է, քանի որ լեցուն երիտասարդ ու հմուտ եղբայրներ կան, որոնք կրնան գործը ընել։

Սաղմոս գրողը ըսաւ. «Երանի՜ այն ազգին, որուն Աստուածը Տէրն է» (Սաղ. 33։12)։ Այդ խօսքը շատ ճիշդ է։ Որքա՜ն ուրախ եմ, որ կրցած եմ Եհովային ծառայել իր ուրախ ժողովուրդին հետ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել