Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ23 Փետրուար էջ 8-13
  • Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն աւելի օգտուէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն աւելի օգտուէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԿԱՐԴԱ՛ ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
  • ԿԱՐԴԱ՛ ՀՈԳԵՒՈՐ ԳԱՆՁԵՐ ԳՏՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
  • ՁԳԷ ՈՐ ԿԱՐԴԱՑԱԾԴ ՔԵԶ ԿԱՂԱՊԱՐԷ
  • ԿԱՐԴԱ՛ ԱՅՆՊԷՍ ՄԸ ՈՐ ՈՒՐԱԽ ԸԼԼԱՍ
  • Կարդալու Հետամուտ Եղէք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Եօթը քայլեր՝ Աստուածաշունչի օգտակար ընթերցանութեան համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • «Խօսքը կատարեցէ՛ք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Աստուծոյ Խօսքէն Հաճոյք Առէք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
դ23 Փետրուար էջ 8-13

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 7

Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն աւելի օգտուէ

«Ի՞նչպէս կը կարդաս» (ՂՈՒԿ. 10։26)։

ԵՐԳ 115 Մեր ճամբան յաջողցնենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa

1. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Սուրբ Գրութիւնները Յիսուսին համար կարեւոր էին։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ թէ ի՜նչ աղուոր բան մըն էր Յիսուսին մտիկ ընելը, երբ ան կը սորվեցնէր։ Յիսուս շատ անգամ Սուրբ Գրութիւններէն մէջբերեց, նոյնիսկ գոց ըսաւ։ Իրականութեան մէջ, ան սկսաւ Սուրբ Գրութիւններէն մէջբերել իր մկրտութենէն անմիջապէս ետք, եւ շարունակեց ասիկա ընել նոյնիսկ իր մեռնելէն առաջ իր վերջին խօսքերուն մէջ (Բ. Օր. 8։3. Սաղ. 31։5. Ղուկ. 4։4. 23։46)b։ Եւ իր ամբողջ երեքուկէս տարուան ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս շատ անգամ մարդոց առջեւ Սուրբ Գրութիւնները կարդաց, անոնք մէջբերեց եւ բացատրեց (Մատ. 5։17, 18, 21, 22, 27, 28. Ղուկ. 4։16-20)։

1. Պզտիկ եղած ատեն, Յիսուս մտիկ կ’ընէ, մինչ իր ծնողքը իրեն հետ կը խօսին։ 2. Հիմա՝ մեծնալէ ետք, պատանի Յիսուսը եւ իր ընտանիքը ժողովարանին մէջ ուշի–ուշով մտիկ կ’ընեն մինչ Սուրբ Գրութիւնները կը կարդացուին։ 3. Երիտասարդ դառնալէ ետք, Յիսուս գալարէ մը կը կարդայ։

Յիսուս իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ցոյց տուաւ որ Սուրբ Գրութիւնները կը սիրէր եւ թոյլ տուաւ որ անոնք ազդեն իր գործերուն (տե՛ս պարբ. 2)

2. Մեծնալու ատեն, ի՞նչը օգնեց Յիսուսին, որ Սուրբ Գրութիւնները լաւ գիտնայ (տե՛ս կողքին նկարը)։

2 Յիսուս իր ծառայութիւնը սկսելէն տարիներ առաջ, Աստուծոյ Խօսքը կը կարդար ու կը լսէր։ Տունին մէջ, Յիսուս վստահաբար Սուրբ Գրութիւններէն համարներ կը լսէր Յովսէփէն ու Մարիամէն, որոնք իրենց առօրեայ խօսակցութիւններուն մէջ անկէ կը մէջբերէին (Բ. Օր. 6։6, 7)c։ Ասկէ զատ, վստահաբար Յիսուս ամէն շաբաթ իր ընտանիքին հետ ժողովարան կ’երթար (Ղուկ. 4։16)։ Եւ հոն ուշադրութեամբ կը լսէր այն ինչ որ Սուրբ Գրութիւններէն կը կարդացուէր։ Ժամանակի ընթացքին Յիսուս սորվեցաւ Սուրբ Գրութիւնները անձամբ կարդալ։ Ասանկով, Յիսուս թէ՛ Սուրբ Գրութիւնները լաւ գիտցաւ, թէ ալ սիրեց եւ ձգեց որ իր կեանքին ազդեն։ Օրինակ, յիշէ տաճարին մէջ ի՛նչ եղաւ, երբ Յիսուս միայն 12 տարեկան էր։ Ուսուցիչները, որոնք Մովսիսական օրէնքը շատ լաւ գիտէին, «կը զարմանային [Յիսուսին] իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ» (Ղուկ. 2։46, 47, 52)։

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Մենք ալ կրնանք Աստուծոյ Խօսքը գիտնալ եւ սիրել, եթէ զայն կանոնաւորաբար կարդանք։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք մեր կարդացածէն լաւագոյն կերպով օգտուիլ։ Կրնանք սորվիլ այն խօսքերէն, որ Յիսուս ըսաւ Օրէնքը շատ լաւ գիտցողներու, ինչպէս՝ դպիրները, փարիսեցիները եւ սադուկեցիները։ Անոնք շատ անգամ կը կարդային Սուրբ Գրութիւնները, բայց իրենց կարդացածէն չէին օգտուեր։ Յիսուս շեշտեց երեք կերպեր, որոնցմով այս մարդիկը չկրցան օգտուիլ Սուրբ Գրութիւններէն։ Յիսուսին խօսքերը կրնան մեզի օգնել, որ 1) մեր կարդացածը հասկնանք, 2) հոգեւոր գանձեր գտնենք եւ 3) ձգենք որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կաղապարէ։

ԿԱՐԴԱ՛ ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

4. Ղուկաս 10։25-29–ն մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Աստուծոյ Խօսքը կարդալուն մասին։

4 Մենք կ’ուզենք Աստուծոյ Խօսքէն մեր կարդացածը հասկնալ, թէ ոչ պիտի չկարենանք անկէ լման կերպով օգտուիլ։ Օրինակ, նկատի առ այն խօսակցութիւնը, որ եղաւ Յիսուսին եւ «օրինական»ի մը՝ Օրէնքը լաւ գիտցող մարդու մը, միջեւ (կարդա՛ Ղուկաս 10։25-29)։ Երբ որ մարդը Յիսուսին հարցուց, որ ի՛նչ պէտք է ընէ որպէսզի յաւիտենական կեանք ունենայ, Յիսուս Աստուծոյ Խօսքին ակնարկելով հարցուց. «Օրէնքին մէջ ի՞նչ գրուած է, ի՞նչպէս կը կարդաս»։ Մարդը կրցաւ ճիշդ պատասխանը տալ, Սուրբ Գրութիւններէն նշելով, որ պէտք է Աստուած սիրէ եւ իր ընկերը սիրէ (Ղեւ. 19։18. Բ. Օր. 6։5)։ Բայց այս հարցումը հարցուց. «Իմ ընկերս ո՞վ է»։ Այսպիսով ցոյց տուաւ որ չէր հասկցած իր կարդացածին իմաստը։ Անոր համար չէր գիտեր այդ համարները իր կեանքին մէջ ինչպէ՛ս գործադրել։

Հասկնալու նպատակով կարդալը ձիրք մըն է, որ կրնանք զարգացնել

5. Ինչպէ՞ս աղօթքը եւ դանդաղօրէն կարդալը կ’օգնեն որ աւելի լաւ հասկնանք։

5 Կարդալու լաւ սովորութիւններ զարգացնելով Աստուծոյ Խօսքը աւելի լաւ կրնանք հասկնալ։ Քեզի օգնելու համար, մի քանի թելադրութիւններ կան։ Կարդալու սկսելէ առաջ աղօթէ՛։ Սուրբ Գրութիւնները հասկնալու համար Եհովայի օգնութեան պէտք ունինք։ Կրնանք իրմէ խնդրել որ սուրբ հոգին տայ, որպէսզի կեդրոնանանք։ Երկրորդ բանը՝ դանդաղօրէն կարդա՛։ Ասիկա պիտի օգնէ քեզի որ հասկնաս կարդացածդ։ Թերեւս օգտակար գտնես բարձր ձայնով կարդալ, կամ մտիկ ընել Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ձայնագրութիւնները մինչ դուն ատոնց հետ կը կարդաս։ Ասիկա պիտի օգնէ որ աւելի շատ զգայարանքներ աշխատցնես, ինչ որ թոյլ պիտի տայ որ Աստուծոյ Խօսքը քու սրտիդ եւ մտքիդ վրայ աւելի խոր ազդեցութիւն ունենայ (Յես. 1։8)։ Երբ կարդալը վերջացնես՝ նորէն աղօթէ Եհովային եւ իրեն շնորհակալութիւն յայտնէ իր տուած նուէրին՝ իր Խօսքին համար, եւ իրմէ օգնութիւն խնդրէ որ գործադրես ինչ որ կարդացիր։

1. Քոյր մը նոթ մը կը գրէ, որպէսզի իր Սուրբ Գիրքին մէջ դնէ։ 2. Եղբայր մը իր թապլեթին վրայ յօդուած մը սերտած ատեն, տեղ–տեղ կը գունաւորէ եւ նոթեր կ’առնէ։ 3. Քոյր մը «ԵՎ գրադարան»ը գործածելով իր Սուրբ Գիրքին մէջ տեղ–տեղ կը գունաւորէ եւ նոթեր կ’առնէ։

Ինչո՞ւ կարճ նոթեր առնելը կրնայ քեզի օգնել, որ հասկնաս եւ յիշես քու կարդացածդ (տե՛ս պարբ. 6)

6. Ինչո՞ւ հարցումներ հարցնելը եւ նոթեր առնելը կրնան քեզի օգնել (տե՛ս նաեւ նկարը)։

6 Հիմա տեսնենք երկու ուրիշ առաջարկներ, որոնք կրնան քեզի օգնել որ կարդացածդ հասկնաս։ Դուն քեզի հարցումներ հարցուր կարդացածիդ մասին։ Օրինակ, դէպք մը կարդալէ ետք հարց տուր. ‘Բուն անձնաւորութիւնները որո՞նք են։ Ո՞վ է խօսողը։ Ան որո՞ւն կը խօսի եւ ինչո՞ւ։ Ո՞ւր եւ ե՞րբ եղաւ այս դէպքը’։ Այս տեսակ հարցումներ քեզի պիտի օգնեն որ կարդացածիդ մասին մտածես եւ բուն գաղափարները մտքիդ մէջ պահես։ Ասկէ զատ, կարդացած ատենդ կարճ նոթեր առ։ Երբ կարդացածդ գրի առնես, ատոր մասին աւելի՛ կը մտածես եւ ատիկա քեզի կ’օգնէ որ աւելի լաւ հասկնաս։ Գրելը նաեւ կրնայ օգնել որ կարդացածդ յիշես։ Օրինակ, կրնաս հարցումներ գրել, ըրած փնտռտուքիդ արդիւնքները գրի առնել, գլխաւոր կէտերը ամփոփուած գրել, գրել թէ կարդացածդ ինչպէ՛ս կրնաս գործածել կամ պարզապէս զգացումներդ գրի առնել։ Պիտի տեսնես որ այս տեսակ նոթեր գրելը կրնայ քեզի օգնել, որ զգաս որ Աստուծոյ Խօսքը անձա՛մբ քեզի ուղղուած է։

7. Մինչ կը կարդանք, ո՞ր յատկութեան պէտք ունինք, եւ ինչո՞ւ (Մատթէոս 24։15)։

7 Յիսուս յիշեց կարեւոր յատկութիւն մը որ պէտք ունինք, եթէ պիտի հասկնանք ինչ որ կը կարդանք Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Այդ յատկութիւնը խորատեսութիւնն է (կարդա՛ Մատթէոս 24։15)։ Ի՞նչ է խորատեսութիւնը։ Անիկա այն կարողութիւնն է, որով կը հասկնանք թէ որոշ գաղափար մը ի՛նչ կապ ունի ուրիշ գաղափարի մը հետ եւ ինչպէ՛ս կը տարբերի անկէ, ինչպէս նաեւ կը տեսնենք բան մը որ յստակօրէն ըսուած չէ։ Ասկէ զատ, Յիսուս ըսաւ որ այս յատկութեան պէտք ունինք որպէսզի կրնանք զանազանել, թէ ո՛ր դէպքերը Աստուածաշունչին մարգարէութիւնները կը կատարեն։ Այս յատկութեան պէտք ունինք նաեւ, որպէսզի կրնանք լիովին օգտուիլ այն բոլոր բաներէն, որ կը կարդանք Աստուածաշունչին մէջ։

8. Ինչպէ՞ս կրնանք խորատեսութեամբ կարդալ։

8 Եհովան իր ծառաներուն խորատեսութիւն կու տայ։ Անոր համար, իրեն աղօթէ խնդրելով որ քեզի օգնէ, որ այս յատկութիւնը զարգացնես (Առ. 2։6)։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնաս աղօթքիդ համաձայն վարուիլ։ Ուշադրութեամբ վերլուծէ կարդացածդ եւ տես թէ անիկա ի՛նչ կապ ունի գիտցածներուդ հետ։ Որպէսզի կրնաս ասիկա ընել, դիմէ Աստուածաշունչը սերտելու նպաստող մեր հրատարակութիւններուն, ինչպէս՝ Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար։ Այս գործիքները քեզի պիտի օգնեն որ կարդացածիդ իմաստը հասկնաս եւ տեսնես թէ ինչպէ՛ս կրնաս գործադրել քու կեանքիդ մէջ (Եբ. 5։14)։ Երբ խորատեսութեամբ կը կարդաս, Աստուածաշունչը աւելի լաւ պիտի հասկնաս։

ԿԱՐԴԱ՛ ՀՈԳԵՒՈՐ ԳԱՆՁԵՐ ԳՏՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

9. Սադուկեցիները ո՞ր կարեւոր ճշմարտութիւնը անտեսած էին։

9 Սադուկեցիները շատ լաւ ծանօթ էին Եբրայերէն Գրութիւններուն առաջին հինգ գիրքերուն։ Բայց անոնք այդ ներշնչուած գիրքերուն մէջ գրուած կարեւոր ճշմարտութիւնները անտեսեցին։ Օրինակի համար, նկատի առ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս պատասխանեց, երբ սադուկեցիները բարութեան մասին իրեն հետ վիճաբանեցան։ Ան հարցուց անոնց. «Մովսէսին գրքին մէջ չէ՞ք կարդացեր մորենիին վրայ, ի՛նչպէս Աստուած անոր խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Ես եմ Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը’» (Մար. 12։18, 26)։ Թէեւ սադուկեցիները այդ հատուածը վստահաբար շատ անգամներ կարդացած էին, բայց Յիսուսին հարցումը մէջտեղ հանեց որ անոնք աստուածաշնչական կարեւոր ճշմարտութիւն մը անտեսած էին, որ է յարութեան ուսուցումը (Մար. 12։27. Ղուկ. 20։38)d։

10. Կարդալու ատեն ի՞նչ բանի պէտք է ուշադրութիւն ընենք։

10 Ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Երբ կը կարդանք, կ’ուզենք մեր աչքերը բանալ եւ տեսնել թէ մեր կարդացած համարը կամ դէպքը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Մենք կ’ուզենք հասկնալ ոչ միայն հիմնական ուսուցումները, հապա նաեւ՝ աւելի խոր ճշմարտութիւններ ու սկզբունքներ, որոնք պահուած են։

11. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17–ի համաձայն, ինչպէ՞ս կրնաս Սուրբ Գիրքին մէջ գանձեր գտնել։

11 Երբ Աստուածաշունչը կը կարդաս, ինչպէ՞ս կրնաս հոգեւոր գանձեր գտնել մէջը։ Նկատի առ Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17–ն ի՛նչ կ’ըսէ (կարդա՛)։ Հոն կ’ըսէ որ «բոլոր գիրքը . . . օգտակար է» 1) սորվեցնելու, 2) յանդիմանելու, 3) շտկելու եւ 4) խրատելու համար։ Այս չորս օգուտները կրնաս քաղել նոյնիսկ Աստուածաշունչի այն գիրքերէն, որոնք շատ չես կարդար։ Դէպքը վերլուծէ՝ տեսնելու համար թէ անիկա ի՛նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին, իր նպատակներուն մասին կամ աստուածային սկզբունքներու մասին։ Նկատի առ թէ ատիկա ինչպէ՛ս օգտակար է յանդիմանելու համար։ Ասիկա ըրէ ուշադիր ըլլալով թէ համարները ինչպէ՛ս քեզի կ’օգնեն, որ գիտնաս եւ մերժես սխալ հակումներ կամ սխալ կեցուածքներ եւ ինչպէ՛ս հաւատարիմ ընթացքի մէջ մնալ։ Ուշադիր եղիր թէ որոշ հատուած մը ինչպէ՛ս կրնաս գործածել, որպէսզի շտկես կամ սրբագրես սխալ տեսակէտ մը, որ ծառայութեան մէջ մէկը ունի։ Նաեւ տես թէ ո՛ր համարներուն մէջ կը գտնես խրատ մը, որ կրնայ քեզի օգնել Եհովային կերպով հարցերը դիտելու։ Երբ այս չորս օգուտները ի մտի ունենաս, պիտի գտնես հոգեւոր գանձեր, որոնք կրնան քեզի օգնել որ աւելի օգտուիս Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն։

ՁԳԷ ՈՐ ԿԱՐԴԱՑԱԾԴ ՔԵԶ ԿԱՂԱՊԱՐԷ

12. Յիսուս ինչո՞ւ փարիսեցիներուն հարցուց. «Չէ՞ք կարդացեր»։

12 Յիսուս նորէն հարցուց. «Չէ՞ք կարդացեր», որպէսզի ցուցնէ որ փարիսեցիները Սուրբ Գրութիւններէն իրենց կարդացածին մասին սխալ տեսակէտ ունէին (Մատ. 12։1-7)e։ Այդ առիթով փարիսեցիները ըսին որ Յիսուսին աշակերտները Շաբաթի օրէնքին չէին հնազանդած։ Անոր համար, Յիսուս սուրբգրային երկու օրինակներ տուաւ եւ Ովսէէ գիրքէն համար մը մէջբերեց, ցոյց տալու համար որ փարիսեցիները Շաբաթի օրէնքին ետին եղող կէտը չէին հասկցած եւ ողորմութիւն ցոյց չէին տուած։ Լաւ, Աստուծոյ Խօսքը կարդալը ինչո՞ւ այս մարդիկը չէր կաղապարած։ Քանի որ անոնք ատիկա կը կարդային քննադատական եւ հպարտ հոգիով։ Այդ պատճառով չկրցան իրենց կարդացածին բուն կէտը ըմբռնել (Մատ. 23։23. Յովհ. 5։39, 40)։

13. Ինչպիսի՞ կեցուածքով պէտք է կարդանք Աստուածաշունչը, եւ ինչո՞ւ։

13 Յիսուսի խօսքերէն կը սորվինք որ Աստուածաշունչը պէտք է կարդանք ճիշդ կեցուածքով։ Փարիսեցիներուն հակառակը, պէտք է անկեղծ ըլլանք եւ սորվելու պատրաստ։ Պէտք է ‘հեզութեամբ ընդունինք մեր մէջ սերմանուած խօսքը’ (Յակ. 1։21)։ Եթէ հեզ ենք, թոյլ պիտի տանք որ Աստուծոյ Խօսքը մեր սրտին մէջ արմատ կապէ։ Եթէ քննադատող եւ հպարտ չըլլանք, այն ատեն է որ Աստուածաշունչին դասերը՝ ողորմութեան, կարեկցութեան եւ սիրոյ մասին, մեզ պիտի կաղապարեն։

Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ, եթէ կը ձգենք որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կաղապարէ (տե՛ս պարբ. 14)f

14. Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ եթէ կը ձգենք որ Սուրբ Գիրքը մեզ կաղապարէ կամ ոչ (տե՛ս նաեւ նկարները)։

14 Ուրիշներուն հետ մեր վարուելակերպը կրնայ ցոյց տալ, եթէ կը ձգենք որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կաղապարէ։ Փարիսեցիները թոյլ չտուին որ Աստուծոյ Խօսքը իրենց սրտին հասնի։ Անոր համար, անոնք ‘անպարտները դատապարտեցին’ (Մատ. 12։7)։ Նոյնն ալ կրնայ պատահիլ մեզի։ Անոր համար, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի այս հարցումները հարցնենք. օրինակ՝ ‘արա՞գ ենք ուրիշներուն լաւ կէտերը իրենց ըսելու մէջ, թէ ոչ արագ ենք անոնց տկար կէտերը անոնց աչքին դնելու մէջ։ Ուրիշներուն կ’ողորմի՞նք եւ պատրա՞ստ ենք ներելու, թէ ոչ քննադատական հոգի ունինք եւ ոխ կը պահենք’։ Երբ այսպէս մենք մեզ քննենք, մէջտեղ պիտի ելլէ թէ իրապէս կը ձգե՞նք որ մեր կարդացածը մեր մտածումներուն, զգացումներուն եւ արարքներուն ազդէ (Ա. Տիմ. 4։12, 15. Եբ. 4։12)։

ԿԱՐԴԱ՛ ԱՅՆՊԷՍ ՄԸ ՈՐ ՈՒՐԱԽ ԸԼԼԱՍ

15. Յիսուս ի՞նչ կը զգար Սուրբ Գրութիւններուն հանդէպ։

15 Յիսուս կը սիրէր Սուրբ Գրութիւնները եւ իր զգացումները մարգարէական կերպով արձանագրուած են Սաղմոս 40։8–ին մէջ։ Հոն կ’ըսէ. «Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է»։ Ասոր համար, ուրախ էր եւ յաջողեցաւ Եհովայի ծառայելուն մէջ։ Մենք ալ կրնանք ուրախ ըլլալ եւ յաջողիլ, եթէ ջանք թափենք որ Աստուծոյ Խօսքը մեր սրտին մէջ մտնէ (Սաղ. 1։1-3)։

16. Ի՞նչ կերպերով կրնաս Աստուածաշունչի ընթերցանութենէդ աւելի օգտուիլ (տե՛ս «Յիսուսին խօսքերը կրնան քեզի օգնել որ կարդացածդ հասկնաս» շրջանակը)։

16 Յիսուսին խօսքերէն եւ օրինակէն օգտուելով, Սուրբ Գիրքը կարդալու մեր կերպերը լաւացնենք։ Օրինակ, կրնանք Սուրբ Գիրքի համարները աւելի լաւ հասկնալ, եթէ աղօթենք, դանդաղօրէն կարդանք, հարցումներ հարցնենք եւ կարճ նոթեր առնենք։ Կրնանք խորատեսութիւն գործածել՝ մեր կարդացածը ուշադրութեամբ վերլուծելով սուրբգրային հրատարակութիւններու օգնութեամբ։ Կրնանք Սուրբ Գիրքը աւելի լաւ կերպով գործածել,– մէջը ըլլալով համարներ, որոնք շատ լաւ չենք գիտեր,– երբ որ անոնց մէջ հոգեւոր գանձեր փնտռենք։ Ասկէ զատ, կրնանք ձգել որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կաղապարէ, երբ որ ճիշդ կեցուածքով ատիկա կարդանք։ Ուրեմն, երբ որ այս կերպերով ջանք կ’ընենք որ Սուրբ Գիրքը կարդանք, մեր կարդացածէն աւելի պիտի օգտուինք եւ Եհովային աւելի պիտի մօտենանք (Սաղ. 119։17, 18. Յակ. 4։8)։

Յիսուսին խօսքերը կրնան քեզի օգնել որ կարդացածդ հասկնաս

  • Ջանք ըրէ որ կարդացածդ հասկնաս, եւ խորատեսութիւն զարգացուր, որպէսզի գիտնաս ատիկա ինչպէ՛ս գործադրես (Մատ. 24։15. Ղուկ. 10։25-37)։

  • Աստուածաշունչի պատմութիւնները ուշադրութեամբ կարդա՛, որպէսզի հոգեւոր գանձեր գտնես (Մար. 12։18-27)։

  • Ձգէ որ Աստուծոյ Խօսքը քեզ կաղապարէ եւ ազդէ ուրիշներուն հետ վարուած կերպիդ (Մատ. 12։1-8)։

ԵՐԲ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԿԸ ԿԱՐԴԱՍ, Ի՞ՆՉ ԲԱՆ ԿՐՆԱՅ ՔԵԶԻ ՕԳՆԵԼ ՈՐ՝

  • կարդացածդ հասկնաս։

  • հոգեւոր գանձեր գտնես։

  • ձգես որ Աստուծոյ Խօսքը քեզ կաղապարէ։

ԵՐԳ 116 Լոյսը կը պայծառանայ

a Բոլորս որ Եհովան կը պաշտենք, ջանք կ’ընենք որ ամէն օր իր Խօսքը կարդանք։ Ուրիշներ ալ Սուրբ Գիրքը կը կարդան, բայց անոնք իրենց կարդացածը չեն հասկնար։ Նոյնն էր պարագան Յիսուսի օրերուն։ Կարգ մը մարդիկ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդային, բայց չէին հասկնար։ Երբ որ նկատի առնենք այն ինչ որ Յիսուս ըսաւ անոնց, պիտի սորվինք դասեր, որոնք մեզի կ’օգնեն որ աւելի օգտուինք Աստուածաշունչի մեր ընթերցանութենէն։

b Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ եւ սուրբ հոգիով օծուեցաւ, ետ յիշեց երկինքին մէջ իր ունեցած յիշատակները (Մատ. 3։16)։

c Մարիամ Սուրբ Գրութիւնները լաւ գիտէր եւ անոնցմէ մէջբերեց (Ղուկ. 1։46-55)։ Հաւանաբար Յովսէփին ու Մարիամին դրամական վիճակը չէր ներեր, որ Սուրբ Գրութիւններէն օրինակներ ունենային։ Շատ հաւանաբար անոնք ժողովարանին մէջ ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէին, մինչ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդացուէր, որպէսզի ետքը կարենային զայն յիշել։

d Տե՛ս «Աստուծոյ մօտեցիր. ‘Ան է կենդանիներուն Աստուածը’» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 փետրուար 2013 թիւին մէջ։

e Տե՛ս նաեւ Մատթէոս 19։4-6–ը, ուր Յիսուս փարիսեցիներուն նոյն հարցումը հարցուց. «Չէ՞ք կարդացեր»։ Ճիշդ է որ անոնք ստեղծագործութեան պատմութիւնը կարդացած էին, բայց անտեսած էին ամուսնութեան նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը։

f ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Թագաւորութեան սրահին մէջ ժողովի մը ընթացքին, եղբայրներէն մէկը, որ հոգ կը տանի ձայնի եւ վիտէոյի գործիքներուն, քանի մը սխալներ կ’ընէ։ Բայց ժողովէն ետք, եղբայրները զինք կը գովեն իր ըրած ջանքերուն համար եւ չեն կեդրոնանար իր սխալներուն վրայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել