Նամակ՝ Կառավարիչ Մարմինէն
Սիրելի ծառայակից վկաներ,
Ձեզի գրելը մեզի համար մե՜ծ ուրախութիւն է։ Կը բաժնենք Յովհաննէս առաքեալի զգացումները, որ ըսաւ թէ ‘ճշմարտութեամբ կը սիրէր’ հաւատակիցները եւ կ’ուրախանար որ ‘ճշմարտութեամբ կը քալէին’ (Բ. Յովհ. 1, 4)։ Արդարեւ ճշմարտութիւնը բոլորիս համար օրհնութիւն մըն է։ Ան մեզ ազատագրած է Մեծ Բաբելոնէն եւ Աստուած անպատուող վարդապետութիւններէն ու աւանդութիւններէն։ Ճշմարտութեան հնազանդիլը մեզի օգնած է գորովալից, քաղցր ու գթասիրտ անհատներ ըլլալու։ Ճշմարտութիւնը նաեւ ճամբան հարթած է, որ Աստուծոյ առջեւ մաքուր կեցուածք եւ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը ունենանք։
Նաեւ շա՜տ երախտապարտ ենք Եհովայի հոգիին համար, որ ամէն օր մեզ կ’առաջնորդէ ու կը զօրացնէ։ Վստահ ենք որ ձեզի հաճոյք պատճառեց Եհովայի այս սիրալիր հայթայթումին երեսակներուն քննարկումը, «Աստուծոյ հոգիով կ’առաջնորդուինք» նահանգային համաժողովին մէջ։ Մինչ աշխարհի վիճակները կը վատթարանան, կենսական է որ Եհովայի հզօր հոգիին ապաւինինք, որպէսզի մեզ առաջնորդէ գալիք ծանրակշիռ օրերուն ընթացքին։
Վստահ ենք որ Տարեգիրք–ին յուզիչ պատմութիւնները ձեր սրտին կոչ ըրին, երբ կարդացիք մեր եղբայրներուն մասին, որոնք իրենց հաւատքին համար մեծապէս տառապեցան։ Եւ ապշեցուցիչ բանը այն է, թէ այս հաւատարիմներէն շատեր տակաւին նոր մկրտուած էին կամ չէին մկրտուած, երբ դժուարութիւնները ծագեցան։ Ո՜րքան կը սիրենք զիրենք, իրենց նուիրուածութեան եւ արդարութեան կողքին իրենց բռնած դիրքին համար։ Իրապէս, անոնց ընտիր օրինակը կը զօրացնէ Թագաւորութեան միշտ հաւատարիմ մնալու մեր վճռականութիւնը, ի՛նչ նեղութիւններ ալ դիմագրաւենք (Ա. Թես. 1։6-8)։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, գիտենք թէ տնտեսական եւ այլ տեսակի բազմաթիւ խնդիրներու հետ կը մաքառիք, ձեր ընտանիքը սիրոյ մէջ միացած պահելու համար։ Ձեզմէ ոմանց համար մարտահրաւէր է՝ նոյնիսկ Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ ժողովքային այլ անհրաժեշտ գործունէութիւններու կանոնաւորաբար ու հաւատարմաբար թիկունք կանգնիլը։ Այս պատճառաւ, շատ աղօթքներ ու քննարկութիւններ ընելէ ետք, ժողովքային հանդիպումներուն մէջ կարգ մը փոփոխութիւններ մտցուցինք՝ 1 յունուար 2009–էն սկսեալ։ Վստահութիւն ունինք թէ այս կարգադրութիւններէն լաւագոյն կերպով պիտի օգտուիք, ձեր անձնական ու ընտանեկան ուսումնասիրութեան աւելի ժամանակ տրամադրելով։
Այս տարուան համաժողովներուն մէջ իսկական ուրախութիւն էր տեսնել, թէ մեծ թիւով անհատներ մկրտութեան որակեալ եղած էին։ Անոնցմէ ոմանք տարիքով շատ փոքր էին։ Ո՛վ ծնողներ, ձեզ կը գովենք, քանի որ ձեր զաւակներուն մէջ ճշմարտութեան հանդէպ գնահատութիւն կը կերտէք ու զանոնք կը քաջալերէք որ Եհովայի նուիրուին։ Տան մէջ լաւ մարզում ստանալով, այս սիրելի դեռատիները դպրոցը բազմաթիւ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելով հանդերձ՝ կրցան մկրտուիլ (Սաղ. 128։1-6)։
Գովելի է նաեւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն յաւելումը, որուն մէջ ջանասէր միսիոնարներն ու մասնաւոր ռահվիրաները մեծ բաժին բերած են։ Մենք,– Կառավարիչ մարմինին բոլոր անդամները,– մեծապէս կը գնահատենք այն կարեւոր դերը, զոր աշխարհի տարածքին մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը խաղան, պարկեշտամիտ անհատներուն ըսելով. ‘Եկէք ու կենաց ջուրը ձրի առէք’ (Յայտ. 22։17)։ Ջերմօրէն բարի գալուստ կը մաղթենք այն 289,678 անհատներուն, որոնք իրենց նուիրումը խորհրդանշեցին ջուրի մկրտութեամբ։
Օգտակար է որ միշտ մենք մեզի յիշեցնենք Յովհաննէս առաքեալին խօսքերը. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ» (Ա. Յովհ. 2։17)։ Նաեւ միշտ ի մտի ունենանք, թէ շա՜տ մօտեցած ենք այն ժամանակին, երբ այս աշխարհը պիտի «անցնի»։ Ո՜րքան խոհեմութիւն է, որ մեր կեանքը կեդրոնացնենք Աստուծոյ կամքը ընելուն վրայ եւ շարունակենք ‘արթուն կենալ’ (Մատ. 24։42)։ Եթէ ասիկա ընենք, երբե՛ք պիտի չզղջանք եւ Եհովայի սիրառատ բարութեան օգուտները պիտի վայելենք (Եսա. 63։7)։
Կը յուսանք որ Տարեգիրք–ին բովանդակած տեղեկութիւնները ձեզ քաջալերեն, որ Թագաւորութեան շահերը ձեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնէք։ Ձեզ կը հաւաստիացնենք թէ ձեր մասին միշտ կը մտածենք ու կ’աղօթենք, եւ թէ ձեզ շատ կը սիրենք։ Թող Եհովա ձեզ առատապէս օրհնէ։
Ձեր եղբայրները՝
Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմին