Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն
Սիրելի՛ հաւատակիցներ,
Մեզի մե՜ծ հաճոյք կը պատճառէ գրել Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն, որոնց թիւը այժմ աւելի քան 7 միլիոնի կը հասնի։ Երբ երկրագունդի ուրիշ մասէն հաւատակիցի մը հանդիպիք, անմիջապէս անոր հանդէպ գուրգուրանքի կապ մը կը զգաք (Յովհ. 13։34, 35)։ Անկասկած, մինչ այս տարուան Տարեգիրք–ը կը կարդաք, տարբեր երկիրներէ եղող ձեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հաւատքի եւ հաւատարմութեան ոգեւորիչ արձանագրութիւնները դարձեալ պատճառ պիտի դառնան որ այդ մասնայատուկ կապը զգաք։
Աշխարհի չորս կողմէն տեղեկագրութիւններ ցոյց կու տան, թէ ձեզմէ հսկայ թիւով անհատներ Ընտանեկան պաշտամունքի յայտագիրը լուրջի կ’առնեն։ Ձեզմէ անոնք՝ որոնք երեխաներ ունին, բազմաթիւ հետաքրքրական կերպեր զարգացուցած են, որպէսզի անոնց ուշադրութիւնը գրաւեն եւ պահեն (Եփ. 6։4)։ Այս յայտագրին հայթայթած հոգեւոր փոխանակումին առ ի արդիւնք, զոյգեր իրարու աւելի կը մօտենան (Եփ. 5։28-33)։ Արդարեւ, անհատներ ե՛ւ ընտանիքներ կ’օգտուին Աստուծոյ Խօսքը խորազնին կերպով սերտելու այս կարգադրութենէն (Յես. 1։8, 9)։
Կը կարեկցինք բոլոր անոնց՝ որոնք վերջերս պատահած բնական աղէտներուն ի հետեւանք վնասուեցան։ Այս պատեհութիւնը կ’օգտագործենք շնորհակալութիւն յայտնելու այն բազմաթիւ անհատներուն, որոնք նեղութեան այդ դժուար ժամանակին՝ առանց վարանելու շտապ օգնութեան մասնակցեցան (Գործք 11։28-30. Գաղ. 6։9, 10)։ Ասկէ զատ, իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ ձեզմէ ոմանք, մեր եղբայրներուն նիւթական կարիքները զատորոշելով՝ անոնց օգնելու նախաձեռնութիւնը կ’առնեն։ Վաղեմի Այծեմնիկին նման, դուք «բարի գործերով ու ողորմութիւններով» լեցուն էք (Գործք 9։36)։ Վստահ եղէք որ Եհովա այս մէկը կը նշմարէ եւ ատոր համաձայն ձեզ պիտի վարձատրէ (Մատ. 6։3, 4)։
Կարգ մը երկիրներու մէջ, ձեր իրաւունքները կ’ոտնակոխուին անոնց կողմէ, որոնք ‘օրէնքին միջոցով չարիք կը պատրաստեն’ (Սաղ. 94։20-22, ՆԱ)։ Գիտակցելով թէ Յիսուս այսպիսի հալածանք նախագուշակեց, դուք քաջաբար կը տոկաք եւ Եհովան ձեր ապաստանարանը կը նկատէք (Յովհ. 15։19, 20)։ Վստահ եղէք որ մենք կանոնաւորաբար ձեզ մեր աղօթքներուն մէջ կը նշենք, մինչ կը շարունակէք ‘պատասխան տալ ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն’ (Ա. Պետ. 3։13-15)։
Ջերմօրէն կը գովենք միլիոնաւորներ՝ որոնք տարիէ տարի բարոյապէս մաքուր կը մնան, հակառակ անոր որ Սատանան նենգօրէն ապականած եւ անբարոյ վարք յառաջ կը մղէ։ Ժամանակի մը մէջ, երբ աշխարհի բարոյական չափանիշները երթալէն աւելի կը նուաստանան, դուք ‘ կը զօրանաք Տէրոջմով ու անոր զօրութեան կարողութիւնովը’ (Եփ. 6։10)։ «Աստուծոյ սպառազինութիւնը» հագած էք եւ այսպէս «Սատանային հնարքներուն դէմ» հաստատուն կը կենաք (Եփ. 6։11, 12)։ Գիտցէք թէ Եհովան ձեր օրինակը կը գործածէ, որպէսզի անարգողին՝ Սատանային վճռական պատասխան տայ (Առ. 27։11)։
Ուրախացանք գիտնալով որ 2011–ի մեր Տէրոջ մահուան Յիշատակատօնին, 19,374,737 հոգի ներկայ էին։ Ներկաներու այդ տպաւորիչ թիւը, մասամբ անցեալ ապրիլին օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցելու ձեր հսկայ ընդառաջումին արդիւնքն է։ Երկրագունդի միլիոնաւոր բնակիչներ կրցան լսել Եհովայի հաւատարիմ վկաներուն միաձայն փառաբանութիւնը (Հռով. 10։18)։ Ըլլաք այդ 2,657,377–էն, որոնք այդ ամիս որպէս օժանդակ ռահվիրաներ ծառայեցին, կամ անոնցմէ՝ որոնք ջանացին իրենց գործունէութիւնը կերպով մը աւելցնել, բոլո՛րդ ձեր կամաւոր հոգիին եւ նախանձախնդրութեան պատճառով մեզ շա՜տ ուրախացուցիք (Սաղ. 110։3. Կող. 3։23)։
Անցեալ տարի, 263,131 նորեկներ Եհովայի ըրած իրենց նուիրումը խորհրդանշեցին։ Եհովայի շնորհապարտ ենք ասոր համար, եւ բոլորի՛դ շնորհակալութիւն կը յայտնենք, որ մեզի հետ տակաւին ուրիշներ պիտի հրաւիրէք՝ ըսելով. «‘Եկո՛ւր’ եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. ‘Եկո՛ւր’ ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ» (Յայտ. 22։17)։ 2011–ի նահանգային համաժողովներուն մէջ, մասնաւորաբար նկատի առնելէ ետք Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան երեսակները, որեւէ ժամանակէ աւելի զգացումով կ’ըսենք. «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը թո՛ղ գայ»։ Խթանուելով Յիսուսի «շուտով կու գամ ես» երաշխիքով, ամբողջ սրտով Յովհաննէս առաքեալի հետ կ’ըսենք. «Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս» (Յայտ. 22։20)։
Մինչ այդ զգայացունց դէպքին առնչութեամբ արթուն կը մնաք, վստահ եղէք թէ մենք կը սիրենք ձեզ՝ իւրաքանչիւրդ՝ որ Եհովայի հանդէպ ձեր սէրը «գործով ու ճշմարտութիւնով» կ’ապացուցանէք (Ա. Յովհ. 3։18)։
Ձեր եղբայրները՝
Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմին