Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/14 էջ 3-4
  • Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն»ը՝ համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներու կողմէ գնահատուած
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Աստուծոյ Խօսքը սիրողներուն համար յատկանշելի դէպք մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • ‘Աստուծոյ Խօսքը Լման Քարոզենք’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Աստուծոյ Խօսքին դիւրահասկնալի թարգմանութիւն մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
թծ 3/14 էջ 3-4

Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն

Սիրելի ծառայակիցներ,

Մեզի համար մե՜ծ ուրախութիւն է այս կարեւոր տարուան սկիզբը ձեզի գրել։ 2014–ի վերջաւորութեան, մեր սիրելի Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսի՝ իր թշնամիներուն մէջտեղը իշխելուն ամբողջ դար մը անցած պիտի ըլլայ (Սաղ. 110։1, 2)։

Այս ծառայութեան տարուան սկիզբը, Փէնսիլվանիոյ դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ թերթիկի ընկերութեան տարեկան ժողովին, Աստուածաշունչի Նոր աշխարհի թարգմանութեան յանձնախումբը լոյս ընծայեց՝ վերստուգուած Նոր աշխարհի թարգմանութիւնը անգլերէն լեզուով։ Եհովան իր հոգիէն–ծնած որդիները գործածեց, որպէսզի մատակարարէ առաջին Նոր աշխարհի թարգմանութիւնը (Հռով. 8։15, 16)։ Չէ՞ք համաձայնիր որ այս իրողութիւնը ինքնին՝ այս թարգմանութիւնը մասնայատուկ կը դարձնէ։

Տարիներ շարունակ, Կառավարիչ մարմինի Գրական յանձնախումբը, Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը առաջին տեղը դրած է։ Ներկայիս, Նոր աշխարհի թարգմանութիւնը ամբողջութեամբ կամ մասամբ՝ մատչելի է 121 լեզուներով։ Ձեզ կը քաջալերենք որ Եհովայի ցոյց տաք, թէ որքա՜ն կը գնահատէք Աստուածաշունչը։ Ամէն օր զայն կարդացէք եւ անոր վրայ խոկացէք։ Այսպիսով, անոր Հեղինակին՝ Եհովա Աստուծոյ աւելի՛ պիտի մօտենաք (Յակ. 4։8)։

Մեր թանկագին եղբայրներուն եւ քոյրերուն դիմագրաւած փորձութիւններուն մասին լսելով՝ կը կարեկցինք անոնց։ Կը հասկնանք, որ երբեմն անոնց համար դժուար կրնայ ըլլալ եղբայրութեան հետ ուրախանալ։ Օրինակ, վերջերս Ասիոյ մէջ, ընտանիքի մը կեանքը բոլորովին փոխուեցաւ, երբ մայրը յա՛նկարծ ամբողջովին անդամալուծուեցաւ։ Բժշկական մասնագէտներ շփոթած ըլլալով՝ չկրցան անոր վիճակը բարեփոխել։ Ի՜նչ ցաւալի բան։ Այժմ, այս կնոջ ամուսինը օրը 24 ժամ անոր հոգ կը տանի։ Իսկ իրենց տղան եւ երկու աղջիկները սիրալիրօրէն իրենց աջակցելով՝ քրիստոնէավայել եւ օրինակելի վարմունք կը ցուցաբերեն։ Այս ընտանիքը, ինչպէս նաեւ դուք՝ որ զանազան փորձութիւններու հետ յաջողապէս գլուխ ելած էք, կրնաք զգալ այն ուրախութիւնը, որ հաւատքի փորձութիւններու տոկալէն յառաջ կու գայ (Յակ. 1։2-4)։ Եհովան իր օծեալները եւ ուրիշ ոչխարները կը վստահեցնէ, թէ բոլորս ուրախ պիտի ըլլանք որ յարատեւաբար փորձութիւններու տոկացինք, քանի որ պիտի օրհնուինք՝ յաւիտենական կեանքի պարգեւը ստանալով (Յակ. 1։12)։

Անցեալ տարուան Յիշատակատօնին, ներկաներուն թիւն էր՝ 19,241,252։ Ի՜նչ քաջալերական է տեսնել հոծ բազմութիւն մը, որ Աստուծոյ ժողովուրդին տարեկան ամէնէն կարեւոր ժողովին ներկայ գտնուելով՝ Եհովան եւ Յիսուս Քրիստոսը կը պատուէ։ Յիշատակատօնին շրջանին, փառաբանութեան մե՛ծ աղաղակ բարձրացաւ, երբ միլիոնաւորներ մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայեցին։ Ի՜նչ քաջալերութիւն։ Վստահաբար ուրախացաք երբ գիտցաք, որ շրջանային տեսուչին այցելութեան ամիսը, օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցողները կրնան ռահվիրաներուն յատկացուած ամբո՛ղջ ժողովէն օգտուիլ,– նոյնիսկ եթէ տեսուչին այցելութիւնը մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն չէ։ Հոգեւորապէս իմաստուն անհատները քարոզչութեան եւ ժողովքային գործունէութեան մէջ զբաղած մնալուն արժէքը կը հասկնան։ Զբաղած մնալը մեզի կ’օգնէ, որ հաստատուն եւ անշարժ կենանք, թոյլ չտալով Բանսարկուին որ մեր հաւատքը տկարացնէ կամ մեզ ճշմարտութենէն շեղեցնէ (Ա. Կոր. 15։58)։

Ի՜նչ ոգեւորիչ է նկատել, թէ անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին, 277,344 նորեկներ իրենց նուիրումը խորհրդանշեցին ջուրի մկրտութեամբ, եւ այժմ կեանքի տանող ճամբուն մէջ կը քալեն իրենց եղբայրներուն հետ, համայն աշխարհի մէջ (Մատ. 7։13, 14)։ Այս նորեկները մեր աջակցութեան պէտք ունին, որ «հաւատքին մէջ հաստատուած» ըլլան (Կող. 2։7)։ Ուստի շարունակեցէ՛ք զիրար քաջալերել տոկալու մինչեւ վերջ (Մատ. 24։13)։ «Յուսադրեցէ՛ք վհատածները, պաշտպան եղէք տկարներուն, համբերատար եղէք բոլորին հանդէպ» (Ա. Թես. 5։14, Անթիլիաս)։ Վերջապէս, թող որ իւրաքանչիւրս ‘անդադար աղօթենք’, ըսելով. «Քու թագաւորութիւնդ գայ» (Ա. Թես. 5։17. Մատ. 6։10)։

Ո՜վ Եհովան սիրողներ, գիտցէք թէ մենք ձեզ՝ իւրաքանչիւրդ, շա՜տ կը սիրենք։

Ձեր եղբայրները՝

Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմին

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել