Վստահութեամբ վկայել առեւտրական շրջաններու մէջ
1. Ինչո՞ւ պէտք չէ յուսահատինք, եթէ կը վարանինք առեւտրական շրջաններու մէջ վկայելու։
1 Առեւտրական շրջաններու մէջ վկայելու գաղափարը քեզ կը վախցնէ՞։ Եթէ այո՛, մի՛ յուսահատիր, որովհետեւ նո՛յնիսկ Պօղոս, որ քաջ եւ անվախ քարոզիչ մըն էր, ‘համարձակութեան’ պէտք ունեցաւ քարոզելու համար (Ա. Թես. 2։2)։ Վարը նշուած են կարգ մը սովորական մտահոգութիւններ եւ զանոնք յաղթահարելու գործնական առաջարկներ։
2. Ինչո՞ւ պէտք չէ մտահոգուինք գործաւորներուն նեղութիւն պատճառելու մասին։
2 Գործաւորներուն նեղութիւն պիտի պատճառե՞մ եթէ գործերնին ընդհատեմ։ Շատ մը առեւտրական շրջաններու մէջ, գործաւորները հանրութեան կը ծառայեն եւ ընդհատումներ կ’ակնկալեն։ Անոնք յաճախ ազնիւ պիտի ըլլան, քանի որ թերեւս քեզ յաճախորդի տեղ դնեն։ Արժանավայել հագուելակերպդ եւ ջերմ ու բարեկամական ըլլալդ յարգալից վերաբերմունք պիտի քաջալերէ։
3. Ինչպէ՞ս կրնանք խուսափիլ յաճախորդները ջղագրգռելէ։
3 Ստիպուած պիտի ըլլա՞մ ներկայացումս շատ մը յաճախորդներու դիմաց տալ։ Եթէ կարելիութիւն կայ, ընտրէ ժամանակ մը, երբ խանութները բազմազբաղ չեն ըլլար, ինչպէս՝ երբ նոր կը բացուին։ Նախքան խօսիլը, սպասէ՛ մինչեւ որ խանութպանը կամ պաշտօնեան առանձին ըլլայ։ Ներկայացումդ շատ կարճ պահէ։
4. Ի՞նչ կրնանք ըսել, երբ առեւտրական շրջաններու մէջ կը քարոզենք։
4 Ի՞նչ պիտի ըսեմ։ Եթէ քանի մը գործաւորներ կան, պատասխանատուի՛ն հետ խօսէ։ Թերեւս ըսես. «Առեւտրական մարդիկն իրենց տուները գտնելը դժուար է. անոր համար ձեր գործատեղին եկանք ձեզի այցելելու։ Գիտե՛մ որ կ’աշխատիք, ուստի շատ կարճօրէն պիտի խօսիմ»։ Որպէսզի չկարծեն թէ վաճառական ենք, սովորաբար լաւագոյն բանն է չնշել նուիրատուութեան կարգադրութիւնը, ի բացառեալ՝ եթէ մեզի հարցնեն թէ մեր գործունէութիւնը ինչպէ՛ս կը ֆինանսաւորուի։ Գործի տեսակէն կախեալ ըլլալով, կրնաս խանութպանէն արտօնութիւն խնդրել գործաւորներուն հակիրճ կերպով խօսելու. ներկայացումդ կրկնէ անոնց։ Եթէ գործաւոր մը զբաղած կ’երեւնայ, ներկայացումդ կարճ կապէ եւ թերթիկ մը տուր անոր։ Եթէ գործաւորներուն հետ խօսիլը կարելի չէ, թերեւս քեզի արտօնուի հրատարակութիւններ ձգել դադարի վայրը կամ ուրիշ հասարակաց տեղ մը։
5. Առեւտրական շրջաններու մէջ վստահութեամբ վկայելու ի՞նչ պատճառներ կան։
5 Յիսուս եւ Պօղոս վստահութեա՛մբ քարոզեցին մարդոց՝ անոնց գործատեղիները. դո՛ւն ալ կրնաս նոյնը ընել (Մատ. 4։18-21. 9։9. Գործք 17։17)։ Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ որ սիրտդ հանգիստ ըլլայ եւ համարձակ ըլլաս (Գործք 4։29)։ Առեւտրական շրջաններու մէջ դժուար թէ ըսես. «Տունը չէ»։ Ուստի ինչո՞ւ ծառայութեան այս արդիւնաբեր ձեւը չփորձես։