Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կահ յօդուած 176
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ համավարակներու մասին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ համավարակներու մասին
  • Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչին պատասխանը
  • Աստուածաշունչը համավարակներու մասին մարգարէացա՞ւ
  • Ասկէ առաջ Աստուած մարդիկ հիւանդութեամբ պատժա՞ծ է
  • Մեր օրերու համավարակները Աստուծմէ պատի՞ժ են
  • Համավարակները վերջ պիտի գտնե՞ն
  • Աստուածաշնչական համարներ՝ հիւանդութիւններու մասին
  • 6 Միլիոն մարդ մեռաւ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակէն. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
    Ուրիշ նիւթեր
  • Օր մը օրանց արդար տնտեսական պայմաններ պիտի ըլլա՞ն
    Ուրիշ նիւթեր
  • Մեր չարչարանքը Աստուծոյ կողմէ պատի՞ժ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2018
  • Արդեօք ‘վերջին օրերուն’ մէ՞ջ կ’ապրինք
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
կահ յօդուած 176
Երկիր մոլորակին նկարը, որ ցոյց կու տայ հիւանդութիւններու լայն կերպով տարածուիլը աշխարհի չորս կողմը։

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ համավարակներու մասին

Աստուածաշունչին պատասխանը

Աստուածաշունչը մարգարէացաւ, որ վերջին օրերուն մահտարաժամներ (լայնատարած հիւանդութիւններ, մէջը ըլլալով՝ համավարակներ) պիտի ըլլային (Ղուկաս 21։11)։ Այսպիսի համավարակներ Աստուծմէ պատիժ չեն։ Իրականութեան մէջ, մօտ ատենէն Աստուած իր Թագաւորութեան միջոցաւ վերջ պիտի դնէ ամէն տեսակ առողջապահական խնդիրներու, մէջը ըլլալով՝ համավարակներու։

  • Աստուածաշունչը համավարակներու մասին մարգարէացա՞ւ

  • Ասկէ առաջ Աստուած մարդիկ հիւանդութեամբ պատժա՞ծ է

  • Մեր օրերու համավարակները Աստուծմէ պատի՞ժ են

  • Համավարակները վերջ պիտի գտնե՞ն

  • Աստուածաշնչական համարներ՝ հիւանդութիւններու մասին

Աստուածաշունչը համավարակներու մասին մարգարէացա՞ւ

Աստուածաշունչը չմարգարէացաւ մասնայատուկ համավարակներու կամ հիւանդութիւններու մասին, ինչպէս՝ ՔՈՎԻՏ–19, ԷՅՏԶ կամ Սպանական կրիփը։ Բայց ատիկա մարգարէացաւ «մահտարաժամներ»ու եւ «մահացու հիւանդութիւններ»ու մասին (Ղուկաս 21։11. Յայտնութիւն 6։8, ՆԱ)։ Այս դէպքերը «վերջին օրեր»ու կամ «աշխարհի վախճան»ին նշանին մէկ մասն են (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Մատթէոս 24։3, ՆԱ)։

Ասկէ առաջ Աստուած մարդիկ հիւանդութեամբ պատժա՞ծ է

Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք միայն քանի մը դէպքեր, երբ Աստուած մարդիկ հիւանդութիւններով պատժեց։ Օրինակ, ան կարգ մը մարդիկ բորոտութեամբ զարկաւ (Թուոց. 12։1-15. Դ. Թագաւորաց 5։20-27. Բ. Մնացորդաց 26։16-21)։ Բայց ասոնք լայնատարած համավարակներ չէին, որոնք հարուածեցին նաեւ անմեղ մարդիկը։ Հապա, ուղղակի պատիժ էին այն անձերուն, որոնք Աստուծոյ դէմ ելան։

Մեր օրերու համավարակները Աստուծմէ պատի՞ժ են

Ո՛չ։ Ոմանք կ’ըսեն որ Աստուած համավարակներու եւ ուրիշ հիւանդութիւններու միջոցաւ մարդիկը կը պատժէ։ Բայց Աստուածաշունչը այսպիսի բան չի սորվեցներ։ Ինչո՞ւ։

Նախ եւ առաջ, Աստուծոյ թէ՛ անցեալի եւ թէ ներկայ ծառաներէն ոմանք հիւանդութիւններ ունեցած են։ Օրինակ, հաւատարիմ Տիմոթէոսը «յաճախակի հիւանդութիւններ» ունէր (Ա. Տիմոթէոս 5։23)։ Բայց Աստուածաշունչը չըսեր որ ասիկա ըսել էր որ ան Աստուծոյ հաճութիւնը չունէր։ Նոյնպէս այսօր, Աստուծոյ կարգ մը հաւատարիմ ծառաները կ’անհանգստանան կամ հիւանդութիւնով մը կը վարակուին։ Շատ անգամ, քանի որ անոնք սխալ ժամանակին սխալ վայրի մէջ կ’ըլլան (Ժողովող 9։11)։

Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, որ Աստուծոյ դատաստանի ժամանակը դեռ չէ հասած։ Ընդհակառակը, հիմա կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, որ կը կոչուի՝ «փրկութեան օր», որուն ընթացքին Աստուած սիրով բոլոր մարդիկը կը հրաւիրէ որ իրեն մօտենան եւ փրկուին (Բ. Կորնթացիս 6։2)։ Օրինակ, ան ասիկա կ’ընէ համաշխարհային քարոզչութեան միջոցաւ։ Ամբողջ աշխարհի մէջ, մարդիկ ‘Արքայութեան աւետարանը’ կամ Թագաւորութեան բարի լուրը կը լսեն (Մատթէոս 24։14)։

Համավարակները վերջ պիտի գտնե՞ն

Այո՛։ Աստուածաշունչը կը մարգարէանայ ժամանակի մը մասին, երբ մօտ ապագային մէկը այլեւս պիտի չհիւանդանայ։ Իր Թագաւորութեան իշխանութեան տակ, Աստուած բոլոր առողջապահական խնդիրները պիտի լուծէ (Եսայի 33։24. 35։5, 6)։ Ան վերջ պիտի դնէ չարչարանքին, ցաւին եւ մահուան (Յայտնութիւն 21։4)։ Ան մեռելները ե՛տ կեանքի պիտի բերէ, որ կատարեալ առողջութիւն վայելեն հոս՝ երկրի վրայ՝ կատարեալ պայմաններու տակ (Սաղմոս 37։29. Գործք 24։15)։

Աստուածաշնչական համարներ՝ հիւանդութիւններու մասին

Մատթէոս 4։23. «Յիսուս բոլոր Գալիլիա պտըտելով, կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ եւ արքայութեան աւետարանը կը քարոզէր ու ժողովուրդին մէջի ամէն կերպ հիւանդութիւնները ու ամէն կերպ ցաւերը կը բժշկէր»։

Իմաստ. Յիսուսին հրաշքները ցոյց տուին, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մօտ օրէն ի՛նչ պիտի ընէ ամբողջ մարդկութեան համար։

Ղուկաս 21։11. «Մահտարաժամներ... պիտի ըլլան»։

Իմաստ. Լայնատարած առողջապահական խնդիրները վերջին օրերու նշանին մէկ մասն են։

Յայտնութիւն 6։8, ՆԱ. «Տեսայ դեղին ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողին անունը Մահ էր եւ Դժոխքը անոր ետեւէն կ’երթար ու անոնց իշխանութիւն տրուեցաւ... որ... մահացու հիւանդութիւններով... սատկեցնեն»։

Իմաստ. Յայտնութիւն գիրքին մէջ անցած չորս ձիաւորներուն մասին մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ, որ մեր օրերուն համավարակներ պիտի ըլլային։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել