Անոնք «այնպէս ըրին»
«Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք»։—Ա. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5։3
1. Աստուծոյ սիրոյ տարողութեան մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։
«ԱՍՏՈՒԱԾ ՍԷՐ Է»։ Անոնք որոնք Աստուած կը ճանչնան եւ իր պատուիրաններուն կը հնազանդին, լիովին կը գնահատեն այդ սիրոյ խորութիւնը։ «Այս բանին մէջ է սէրը, որ ո՛չ թէ մենք սիրեցինք Աստուած, հապա որ անիկա մեզ սիրեց ու իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու»։ Երբ Յիսուսի թանկարժէք քաւիչ զոհին հաւատք ընծայենք, ‘Աստուծոյ սիրոյն մէջ կը բնակինք’։ (Ա. Յովհաննու 4։8–10, 16) Այս կերպով հոգեւոր ճոխ օրհնութիւններ կը ստանանք հիմա, իսկ իրերու գալիք դրութեան մէջ՝ յաւիտենական կեանք։—Յովհաննու 17։3. Ա. Յովհաննու 2։15, 17
2. Աստուծոյ պատուիրանները պահելը ինչպէ՞ս օգտակար եղած է իր ծառաներուն։
2 Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը լեցուն է անոնց օրինակներով, որոնք Աստուծոյ պատուիրանները պահած են եւ որու հետեւանքով մեծապէս օրհնուած են։ Անոնց կարգին են նախա–Քրիստոնէական շրջանի վկաները, որոնցմէ քանի մը հատին մասին Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ասոնք ամէնքն ալ հաւատքով մեռան՝ խոստումները չառած, հապա հեռուէն տեսան զանոնք ու ողջունեցին եւ խոստովանեցան թէ իրենք օտարներ ու պանդուխտներ են երկրի վրայ»։ (Եբրայեցիս 11։13) Հետագային, Աստուծոյ նուիրուած ուրիշ Քրիստոնեայ ծառաներ օգտուեցան ‘Յիսուս Քրիտոսի ձեռքով եղած շնորհքէն եւ ճշմարտութենէն’։ (Յովհաննու 1։17) Մարդկային պատմութեան շուրջ 6,000 տարիներու ընթացքին, Եհովա վարձատրած է այն հաւատարիմ ծառաները, որոնք հնազանդած են իր պատուիրաններուն, որոնք իրապէս «ծանր բան չեն»։—Յովհաննու 5։2, 3
Նոյի Օրերուն
3. Նոյ ի՞նչ բանի մէջ «այնպէս ըրաւ»։
3 Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Հաւատքով Նոյ պատգամ առնելով Աստուծմէ՝ դեռ չերեւցած բաներուն համար՝ վախնալով տապանը շինեց իր տունը փրկելու համար, որով աշխարհս դատապարտեց եւ ժառանգորդ եղաւ այն արդարութեանը, որ հաւատքով կ’ըլլայ»։ Որպէս «Արդարութեան քարոզիչ», Նոյ անվերապահօրէն Աստուծոյ հնազանդեցաւ, նախա–ջրհեղեղեան վայրագ աշխարհը աստուածային վաղահաս դատաստանին դէմ ազդարարելով։ (Եբրայեցիս 11։7. Բ. Պետրոս 2։5) Տապանը շինելու համար ան, բծախնդրութեամբ հետեւեցաւ Աստուծոյ կողմէ հայթայթուած նախագծին։ Ապա, անոր մէջ զետեղեց նշանակուած անասուններն եւ ուտեստեղէնները։ «Եւ ըրաւ Նոյ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս, այնպէս ըրաւ»։—Ծննդոց 6։22. Աեւմտհ. Աշխրհբ. Թարգմն.։
4, 5. (ա) Չարաբաստիկ ազդեցութիւն մը ինչպէ՞ս մարդկութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցուցած է մինչեւ օրս։ (բ) Աստուածային հրահանգներուն հնազանդելու մէջ ինչո՞ւ պէտք է ‘այնպէս ընենք’։
4 Նոյ ու իր ընտանիքը անհնազանդ հրեշտակներուն չարաբաստիկ ազդեցութեան դէմ պէտք էր պայքարէին։ Աստուծոյ այդ որդիները նիւթականացան եւ կիներու հետ կենակցեցան, մարդկութեան սպառնացող խառնածին գերբնական սերունդ մը յառաջ բերելով։ «Երկիրը Աստուծոյ առջեւ ապականեցաւ եւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ»։ Եհովա Ջրհեղեղը բերաւ այդ ամբարիշտ սերունդը բնաջնջելու համար։ (Ծննդոց 6։4, 11–17. 7։1) Նոյի օրերէն ի վեր, դիւային հրեշտակներուն չթոյլատրուեցաւ մարդկային մարմիններ առնելով նիւթականանալ։ Այսուհանդերձ, ‘ամբողջ աշխարհ կը շարունակէ չարին’՝ Բանսարկու Սատանային՝ ‘զօրութեան ներքեւ’ ըլլալ։ (Ա. Յովհաննու 5։19. Յայտնութիւն 12։9) Յիսուս, Նոյի օրուան ըմբոստ սերունդը մարգարէաբար բաղդատեց այն սերունդին հետ, որ զինք մերժած է 1914–ին իր «ներկայութեան» նշանը բացայայտ ըլլալէն ի վեր։—Մատթէոս 24։3, 34, 37–39. Ղուկաս 17։26, 27
5 Ինչպէս Նոյի օրերուն, այսօր ալ Սատանան կը ջանայ մարդկութիւնը եւ մեր մոլորակը աւերել։ (Յայտնութիւն 11։15–18) Հետեւաբար, ստիպողական է հետեւեալ ներշնչեալ պատուէրին ուշադրութիւն ընծայել. «Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէսզի կարող ըլլաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել»։ (Եփեսացիս 6։11) Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելով եւ մեր կեանքին մէջ զայն կիրարկելով, կը զօրանանք։ Ունինք նաեւ Եհովայի հոգածու կազմակերպութիւնը, իր օծեալ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ով եւ սիրալիր երէցներով, որոնք մեր քալելիք ճամբուն մէջ համբերութեամբ մեզ կը հովուեն։ Համայն երկրի վրայ կատարելիք քարոզչական գործ մը ունինք։ (Մատթէոս 24։14, 45–47) Ինչպէս Նոյ աստուածային հրահանքներուն բծախնդրութեամբ հնազանդեցաւ, մենք ալ միշտ ‘այնպէս ընենք’։
Ամենէն Հեզ Մարդը՝ Մովսէս
6, 7. (ա) Մովսէս ի՞նչ վարձահատոյց ընտրութիւն մը ըրաւ։ (բ) Մովսէս ի՞նչ քաջալերական օրինակ ձգած է մեզի։
6 Նկատի առնենք հաւատքի տէր ուրիշ մարդ մը՝ Մովսէսը։ Ան կրնար Եգիպտոսի փարթամութեանց մէջ ինքնայագ կեանք մը վայելել։ Բայց ան նախընտրեց «Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ, քան թէ մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը վայելել»։ Որպէս Եհովայի կողմէ յանձնարարուած ծառայ մը, ան «կը սպասէր վարձքին հատուցումին»։ Ան «Համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր»։—Եբրայեցիս 11։23–28
7 Թուոց 12։3–ի մէջ կը կարդանք. «Մովսէս շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի»։ Ասոր հակառակը, Եգիպտոսի Փարաւոնը բոլոր մարդոցմէ աւելի սնապարծութեամբ վարուեցաւ։ Երբ Եհովա Մովսէսի ու Ահարոնի պատուիրեց որ Փարաւոնին վրայ բերելիք իր դատաստանը ծանուցանեն, անոնք ի՞նչպէս հակազդեցին։ «Մովսէս եւ Ահարոն Տէրոջը իրենց պատուիրածին պէս ըրին. այնպէս ըրին»։ (Ելից 7։4.7. Արեւտմհ. Աշխրբ. Թարգմ.) Ներկայիս Աստուծոյ դատաստանները ծանուցանողներուս համար, ի՜նչ քաջարի օրինակ մը։
8. Իսրայելացիներէն ինչպէ՞ս պահանջուած էր ‘այնպէս ընել’, եւ ինչպէս մօտ ապագային նոյնանման ցնծութիւն մը պիտի ըլլայ։
8 Իսրայելացիները հաւատարմօրէն թիկունք կանգնեցա՞ն Մովսէսի։ Եհովա Եգիպտոսի վրայ տասը պատուհասներէն ինն բերելէն ետք, ան Իսրայէլի մանրամասն հրահանգներ տուաւ Պասեքի տօնակատարութեան մասին։ «Ժողովուրդը խոնարհեցաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ։ Եւ Իսրայէլի որդիները գացին ու Տէրոջը Մովսէսի ու Ահարոնի պատուիրածին պէս ըրին. այնպէս ըրին»։ (Ելից 12։27, 28. Արեւմտհ. Աշխրհբ. Թարգմ.)։ Հ.Դ.Ա. 1513 Նիսան 14–ի այդ դիպուածալից օրուան կէս գիշերին, Աստուծոյ հրեշտակը սկսաւ Եգիպտացի բոլոր անդրանիկները սպաննել, բայց Իսրայելացիներուն տուներուն վրայէն անցաւ։ Իսրայելացի անդրանիկները ինչո՞ւ խնայուեցան։ Քանի որ անոնք իրենց դրանդիքներուն վրայ սրսկուած Պասեքի գառնուկին արեան ներքեւ պաշտպանուեցան։ Անոնք ըրին ճիշդ ինչպէս որ Եհովա Մովսէսի ու Ահարոնի պատուիրած էր։ Այո, անոնք «այնպէս ըրին»։ (Ելից 12։50, 51) Կարմիր Ծովուն մէջ Եհովա ուրիշ հրաշք մըն ալ կատարեց, իր հնազանդ ժողովուրդը փրկելով, իսկ Փարաւոնն ու անոր զինուորական հզօր գործիքները կործանելով։ Ի՜նչ ցնծութիւն էր Իսրայելացիներուն համար։ Ներկայիս ալ, Եհովայի պատուիրաններուն հնազանդողներէն շատեր պիտի ցնծան, Արմագեդոնին Իր ջատագովութիւնը տեսնելով։—Ելից 15։1, 2. Յայտնութիւն 15։3, 4
9. Տաղաւարին կապակցաբար Իսրայելացիներուն ‘այնպէս ընելը’ արդի ի՞նչ առանձնաշնորհումներ կը նախագուշակեն։
9 Երբ Եհովա Իսրայէլի պատուէր տուաւ որ նուիրատուութիւններ հաւաքեն ու անապատին մէջ տաղաւար մը շինեն, ժողովուրդը առատաձեռնութեամբ լիովին թիկունք կանգնեցաւ։ Ապա, ամենադոյզն մանրամասնութեամբ, Մովսէս եւ իր կամաւոր գործակիցները, Եհովայի կողմէ հայթայթուած ճարտարարուեստական յատակագծերուն հետեւեցան։ «Խորանին, այսինքն վկայութեան խորանին վրանին, բոլոր գործը լմնցաւ եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին բոլոր պատուիրածին պէս ըրին։ Այնպէս ըրին»։ Դարձեալ, քահանայութեան օծումը կատարելու ատեն, «Մովսէս Տէրոջը իրեն բոլոր պատուիրածին պէս ըրաւ՝ այնպէս ըրաւ»։ (Ելից 39։32. 40։16) Արդի ժամանակներուն, մենք ալ պատեհութիւնը ունինք սրտանց թիկունք կանգնելու քարոզչութեան եւ Թագաւորութեան ընդլայնման յայտագիրներուն։ Ուստի, մեր առանձնաշնորհումն է ‘այնպէս ընելու’ մէջ մեր մասնակցութիւնը բերել։
Յեսու. Քաջարի եւ Շատ Զօրաւոր
10, 11. (ա) Ի՞նչ բան Յեսուի յաջողութիւն ապահովեց։ (բ) Ներկայ փորձութիւններուն հետ գլուխ ելլելու համար ինչպէ՞ս կրնանք զօրանալ։
10 Երբ Մովսէս Յեսուի յանձնարարութիւն տուաւ որ Իսրայէլը խոստացեալ երկիրը առաջնորդէ, հաւանաբար Եհովայի ներշնչեալ գրաւոր Խօսքը կը բաղկանար Մովսէսի հինգ գրքերէն, մէկ կամ երկու սաղմոսներէ եւ Յոբի գրքէն։ Մովսէս պատուիրած էր Յեսուի որ Աւետեաց երկիրը հասնելէ ետք, ժողովուրդը հաւաքէ եւ «Բոլոր Իսրայէլին առջեւ այս օրէնքը [կարդայ], որպէսզի լսեն»։ (Բ. Օրինաց 31։10–12) Ասկէ զատ, Եհովա ինք Յեսուի հետեւեալ պատուէրը տուաւ. «Այս օրէնքներուն գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ, որպէսզի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես»։—Յեսուայ 1։8
11 Եհովայի ‘գրքին’ առօրեայ ընթերցանութիւնը զինեց Յեսուն, որպէսզի իր դիմագրաւելիք փորձութիւններուն հետ գլուխ ելլէ, ճիշդ ինչպէս որ Եհովայի Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ առօրեայ ընթերցանութիւնը կը զօրացնէ իր այժմու Վկաները, որպէսզի այս «վերջին օրեր»ու դժուարին ժամանակներուն հետ գլուխ ելլեն։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Վայրագ աշխարհով մը շրջապատուած ըլլալով, մենք ալ լուրջի առնենք Յեսուի տրուած Աստուծոյ խրատը. «Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս»։ (Յեսուայ 1։9) Քանանը նուաճելէ ետք, Իսրայէլի ցեղերը առատօրէն վարձատրուեցան, իրենց ժառանգութեան մէջ հաստատուելով։ «Ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր, Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին»։ (Յեսուայ 14։5) Այսօր ալ նոյնանման վարձատրութիւն մը կը սպասէ բոլոր անոնց, որոնք Աստուծոյ Խօսքը կը կարդան եւ զայն կը կիրարկեն իրենց կեանքին մէջ, հնազանդութեամբ ‘այնպէս ընելով’։
Հաւատարիմ եւ Անհնազանդ Թագաւորներ
12. (ա) Իսրայէլի թագաւորներուն ի՞նչ պատուէր տրուած էր։ (բ) Այս մարզին մէջ թագաւորներուն թերացումին հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։
12 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Իսրայէլի թագաւորներուն մասին։ Եհովա հետեւեալը պահանջած էր թագաւորէն. «Երբ իր թագաւորութեան աթոռը նստի, այս օրէնքներու գրքին մէկ օրինակը Ղեւտացի քահանաներուն քով եղած օրինակէն հատ մը թող գրքի մէջ գրէ։ Օրինակը իր քով թող պահէ ու իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ կարդայ. որպէսզի իր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվի եւ օրէնքին բոլոր խօսքերն ու կանոնները զգուշութեամբ գործադրէ»։ (Բ. Օրինաց 17։18, 19) Իսրայէլի թագաւորները այդ պատուէրին հնազանդեցա՞ն։ Մեծաւ մասամբ, անոնք ողորմելիօրէն թերացան, ուստի Բ. Օրինաց 28։15–68–ի մէջ նախագուշակուած անէծքները իրենց վրայ եկան։ Վերջապէս, Իսրայէլ «երկրի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը» ցրուեցաւ։
13. Դաւիթի նման Եհովայի Խօսքին հանդէպ սէր ցոյց տալով ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։
13 Սակայն Դաւիթ, Իսրայէլի առաջին հաւատարիմ թագաւորը, Եհովայի հանդէպ բացառիկ նուիրում ցոյց տուաւ։ Ան փաստեց որ «առիւծի ձագ» մըն է, նախապատկերացնելով Յիսուս Քրիստոսը՝ ‘Յուդայի ցեղին յաղթական առիւծը, Դաւիթին արմատը’։ (Ծննդոց 49։8, 9. Յայտնութիւն 5։5) Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանար Դաւիթի զօրութիւնը։ Ան խոր գնահատութիւն ունէր Եհովայի գրաւոր Խօսքին հանդէպ եւ անոր համաձայն կ’ապրէր։ 19–րդ Սաղմոսին՝ «Դաւիթին Սաղմոս»ին՝ մէջ կը կարդանք. «Տէրոջը օրէնքը կատարեալ է»։ Եհովայի վկայութիւններուն, կանոններուն, պատուիրաններուն եւ դատաստաններուն ակնարկելէ ետք, Դաւիթ կը շարունակէ ըսել. «Ցանկալի են անոնք ոսկիէն ու շատ փորձուած ոսկիէն. մեղրէն անոյշ են ու խորիսխէ կաթած մեղրէն։ Քու ծառադ անոնցմով կը խրատուի ու զանոնք պահելուն վարձքը շատ է»։ (Սաղմոս 19։7–11) Եթէ 3,000 տարի առաջ Եհովայի Խօսքին ամէն օր կարդալը եւ անոր վրայ խոկալը վարձահատոյց էր, որքան աւելի՝ մեր օրերուն։—Սաղմոս 1։1–3. 13։6. 119։72, 97, 111
14. Ի՞նչ կերպով Սողոմոնի ընթացքը ցոյց կու տայ թէ գիտութենէն աւելին պէտք է։
14 Բայց պարզապէս գիտութիւն ստանալը ինքնին բաւարար չէ։ Աստուծոյ ծառաներուն համար անհրաժեշտ է այդ գիտութեան համաձայն վարուիլ, աստուածային կամքին համաձայն զայն կիրարկել. այո, ճիշդ ‘այնպէս ընել’։ Ասիկա կարելի է բացատրել Դաւիթի որդւոյն՝ Սողոմոնի՝ պարագայով, որու Եհովա ընտրեց «որպէսզի Իսրայէլի վրայ Տէրոջը թագաւորութեան աթոռը նստի»։ Սողոմոն տաճարը շինելու նշանակում ստացաւ, գործածելով այն յատակագծերը զորս Դաւիթի «յայտնուած» էր։ (Ա. Մնացորդաց 28։5, 11–13) Սողոմոն ինչպէ՞ս կրնար իրագործել այս հսկայական պարտականութիւնը։ Աղօթքի մը պատասխանելով, Եհովա իրեն իմաստութիւն ու գիտութիւն շնորհեց։ Ասոնց շնորհիւ եւ աստուծոյ կողմէ հայթայթուած յատակագծերուն մօտէն հետեւելով, Սողոմոն կրցաւ այդ հոյակապ տունը շինել, որ հետագային Եհովայի փառքովը լեցուեցաւ։ (Բ. Մնացորդաց 7։2, 3) Սակայն հետագային, Սողոմոն թերացումներ ունեցաւ։ Ո՞ր մարզին մէջ։ Իսրայէլի թագաւորին նկատմամբ Եհովայի օրէնքը կը նշէր. «Նաեւ անիկա իր կիները թող չշատցնէ, որպէսզի սիրտը չխոտորի»։ (Բ. Օրինաց 17։17) Այսուհանդերձ, Սողոմոն «եօթը հարիւր իշխանազուն կին ու երեք հարիւր հարճ ունէր ... անոր կիները անոր սիրտը օտար աստուածներու դարձուցին»։ Իր վերջին տարիներուն, Սողոմոն այլեւս ‘այնպէս ընել’է ետ կեցաւ։—Գ. Թագաւորաց 11։3, 4. Նէեմեայ 13։26
15. Յովսիան ինչպէ՞ս «այնպէս ըրաւ»։
15 Յուդայի մէջ քանի մը հնազանդ թագաւորներ եղան, որոնցմէ վերջինն էր Յովսիան։ Հ.Դ.Ա. 648–ին, ան սկսաւ երկիրը կռապաշտութենէ մաքրել եւ Եհովայի տաճարը վերանորոգել։ Հոն էր որ քահանայապետը «Մովսէսին ձեռքով տրուած Տէրոջը օրէնքներուն գիրքը գտաւ»։ Յովսիա ի՞նչ ըրաւ այս ուղղութեամբ։ «Թագաւորն ու Յուդայի բոլոր մարդիկը ու Երուսաղէմի բնակիչները եւ քահանաներն ու Ղեւտացիները ու բոլոր ժողովուրդը, մեծէն մինչեւ պզտիկը, Տէրոջը տունը գացին եւ Տէրոջը տանը մէջ գտնուած ուխտի գրքին բոլոր խօսքերը անոնց առջեւ կարդաց։ Ու թագաւորը իր տեղը ոտքի վրայ կանգնեցաւ ու Տէրոջը առջեւ ուխտ ըրաւ, որպէսզի այն գրքին մէջ գրուած ուխտին խօսքերը կատարելու համար Տէրոջը ետեւէն երթայ եւ անոր պատուիրանքներն ու վկայութիւնները եւ կանոնները բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով պահէ»։ (Բ. Մնացորդաց 34։14, 30, 31) Այո, Յովսիան «այնպէս ըրաւ»։ Իր հաւատարիմ ընթացքին որպէս հետեւանք, անհաւատարիմ Յուդայի վրայ Եհովայի դատաստանին գործադրումը յետաձգուեցաւ մինչեւ իր յանցագործ որդիներուն օրերը։
Աստուծոյ Խօսքով Ապրիլ
16, 17. (ա) Ո՞ր մարզերուն մէջ Յիսուսի շաւիղերուն պէտք է հետեւինք։ (բ) Աստուծոյ ուրիշ ո՞ր հաւատարիմ ծառաները օրինակ կը հանդիսանան մեզի։
16 Ցարդ ապրած բոլոր մարդոց մէջէն, Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկալու եւ անով ապրելու մէջ լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանայ Յիսուս Քրիստոս։ Աստուծոյ Խօսքը իրեն համար կերակուրի պէս էր։ (Յովհաննու 4։34) Ան իր ունկնդիրներուն ըսաւ. «Որդին ինքնիրմէ բան մըն ալ չի կրնար ընել, միայն այն՝ ինչ որ Հայրը կ’ընէ. վասնզի ինչ որ անիկա կ’ընէ, նմանապէս Որդին ալ նոյնը կ’ընէ»։ (Յովհաննու 5։19, 30. 7։28. 8։28, 42) Յիսուս «այնպէս ըրաւ», ըսելով. «Ես երկնքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս ընելու, հապա անոր կամքը՝ որ զիս ղրկեց»։ (Յովհաննու 6։38) Մեզի՝ Եհովայի նուիրուած Վկաներուս՝ ալ կոչ եղած է որ ‘այնպէս ընենք’, Յիսուսի շաւիղներուն հետեւելով։—Ղուկաս 9։23. 14։27. Ա. Պետրոս 2։21
17 Աստուծոյ կամքը ընելը միշտ առաջնահերթ տեղը կը գրաւէր Յիսուսի մտքին մէջ։ Ան լիովին ծանօթ էր Աստուծոյ Խօսքին, հետեւաբար սուրբ գրային պատասխաններ տալու համար զինուած էր։ (Մատթէոս 4։1–11. 12։24–31) Աստուծոյ Խօսքին յարատեւ ուշադրութիւն ընծայելով, մենք ալ կրնանք «կատարեալ [ըլլալ]՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Մենք ալ Եհովայի վաղեմի եւ արդի հաւատարիմ ծառաներուն օրինակին հետեւինք, մանաւանդ՝ մեր Տիրոջ, Յիսուս Քրիստոսի, որ ըսաւ. «Միայն թէ աշխարհ գիտնայ որ ես Հայրը կը սիրեմ ու ինչպէս Հայրը ինծի պատուիրեց, այնպէս կ’ընեմ»։ (Յովհաննու 14։31) Մենք ալ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը ցոյց տանք, շարունակելով ‘այնպէս ընել’։—Մարկոս 12։29–31
18. Ի՞նչ բան մեզ պիտի մղէ որ ‘խօսքը կատարողներ ըլլանք’, իսկ յաջորդ յօդուածը ի՞նչ նիւթ պիտի շօշափէ։
18 Մինչ Աստուածաշունչի ժամանակներու Աստուծոյ հնազանդ ծառաներուն ընթացքին վրայ կը մտածենք, մենք ալ չե՞նք քաջալերուիր Սատանայի ամբարիշտ դրութեան այս վերջին օրերուն հաւատարիմ ծառայութիւն մատուցանել։ (Հռովմայեցիս 15։4–6) Արդարեւ, բառին բուն առումով, պէտք է մղուինք ‘խօսքը կատարողներ ըլլալ’, որու մասին պիտի խօսի յաջորդ յօդուածը։—Յակոբու 1։22
Կը յիշէ՞ք
◻ «Աստուծոյ սէրը» ի՞նչ պէտք է նշանակէ մեզի համար։
◻ Նոյի, Մովսէսի եւ Յեսուի օրինակներէն ի՞նչ կը սորվինք։
◻ Իսրայէլի թագաւորները ո՞ր տարողութեամբ Աստուծոյ «խօսքին» հնազանդեցան։
◻ Յիսուս ‘այնպէս ընելու’ մէջ ինչպէ՞ս մեր Տիպարը կը հանդիսանայ։
[Նկարներ՝ էջ 9]
Նոյ, Մովսէս եւ Յեսու «այնպէս ըրին»