Չգիտցուած տուեալներ յայտնած է
ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
ԹԷԵՒ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԳԻՏԱԿԱՆ ԳԻՐՔ ՄԸ ՉԷ, ԲԱՅՑ ԱՆՈՐ ՄԷՋ ՆՇՈՒԱԾ ԵՆ ԽՕՍՔԵՐ, ՈՐՈՆՑ ՃԻՇԴ ԸԼԼԱԼԸ ՄԻԱՅՆ ՅԵՏԱԳԱՅԻՆ ՓԱՍՏՈՒԱԾ Է։ ՆԿԱՏԻ ԱՌ ԿԱՐԳ ՄԸ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ։
Ֆիզիքական տիեզերքը սկիզբ մը ունէ՞ր։
Ժամանակին, կարգ մը յայտնի գիտնականներ վերջին ծայր համոզուած էին, որ այս հարցումին պատասխանը ո՛չ է։ Ներկայիս, անոնք մեծաւ մասամբ կ’ընդունին որ տիեզերքը սկիզբ մը ունէր։ Սուրբ Գիրքը միշտ այս բանը յստակօրէն ըսած է (Ծննդոց 1։1)։
Երկրին ձեւը ի՞նչ է։
Հին օրերուն, շատեր կը կարծէին որ երկիրը տափակ է։ Ք.Ա. հինգերորդ դարուն, յոյն գիտնականները կ’ըսէին որ ատիկա կլոր է։ Բայց ատկէ շատ առաջ՝ Ք.Ա. ութերորդ դարուն, Սուրբ Գիրքը գրողներէն մէկը՝ Եսային, նշեց «երկրի շրջանակը», գործածելով բառ մը որ նաեւ կրնայ թարգմանուիլ «գունդ» (Եսայի 40։22)։
Ֆիզիքական երկինքը ժամանակի ընթացքին կը փճանա՞յ։
Ք.Ա. չորրորդ դարուն ապրող յոյն գիտնական Արիստոտէլ սորվեցուց, որ միայն երկրին վրայ փճացում կ’ըլլայ, մինչ աստղազարդ երկինքը բնա՛ւ չի փոխուիր կամ չի փճանար։ Մարդիկ դարերով այս գաղափարին կը հաւատային։ Բայց 19–րդ դարուն, գիտնականները entropy–ի գաղափարը կազմեցին։ Անոնք ըսին որ բոլոր նիւթերը կը փճանան, ըլլան երկնքին մէջ կամ երկրի վրայ։ Այս գաղափարը յառաջ տանող գիտնականներէն մէկը՝ լորտ Քէլվին, նշեց թէ Սուրբ Գիրքը երկինքին եւ երկրին համար կ’ըսէ. «Անոնց ամէնքը լաթի պէս պիտի մաշին» (Սաղմոս 102։25, 26)։ Ճիշդ ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ, Քէլվին կը հաւատար որ Աստուած կարողութիւն ունի արգելք կենալու, որ այս փճացումին պատճառով իր ստեղծագործութիւնները չկործանին (Ժողովող 1։4)։
Ի՞նչը կը ձգէ որ մոլորակները, ինչպէս երկիրը, իրենց տեղը պահեն։
Արիստոտէլ սորվեցուց, որ բոլոր երկնային մարմինները կը գտնուին բիւրեղային գունդերու մէջ,– մէկ գունդը միւսին մէջ,– իսկ երկիրը ամենաներքինն է։ Ք.Ե. 18–րդ դարուն, գիտնականները արդէն սկսած էին ընդունիլ այն գաղափարը, թէ աստղերը եւ մոլորակները կրնան պարապութեան մէջ կախուած ըլլալ։ Բայց Ք.Ա. 15–րդ դարուն պատկանող Յոբ գիրքին մէջ կը կարդանք, թէ Ստեղծիչը «երկիրը ոչնչին վրայ կը կախէ» (Յոբ 26։7)։
ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ
ԹԷԵՒ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԳԻՐՔ ՄԸ ՉԷ, ԲԱՅՑ ԱՆՈՐ ՄԷՋ ԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՑՈՒՑՆԵՆ ԹԷ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՅԱՌԱՋԱՑԱԾ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՐՈՒՆԱԿԷ։
Հիւանդները հեռու պահել առողջներէն։
Մովսիսական օրէնքը ըսաւ որ բորոտները պէտք է հեռու պահուին միւսներէն։ Բժիշկները սկսան այս սկզբունքը գործադրել միջին դարերուն, երբ համաճարակներ տեղի ունեցան։ Ատիկա տակաւին մինչեւ այսօր կը գործադրուի (Ղեւտացւոց, գլուխ 13 եւ 14)։
Դիակի մը դպչելէ ետք լուացուիլ։
Մինչեւ 19–րդ դարուն վերջը, բժիշկները դիակներու վրայ աշխատելէ ետք, յաճախ առանց ձեռքերնին լուալու կ’երթային հիւանդները տեսնելու։ Ասիկա պատճառ դարձաւ որ շատեր մեռնին։ Անդին, Մովսիսական օրէնքը ըսած էր, որ դիակին դպչող անհատը կրօնական գետնի վրայ անմաքուր կը սեպուի։ Ատիկա նաեւ ըսած էր, որ այսպիսի պարագաներու ջուր պէտք է գործածուի մաքրուելու համար կրօնական գետնի վրայ։ Այս կրօնական սովորութիւնները վստահաբար առողջապահական օգուտներ ալ ունէին (Թուոց 19։11, 19)։
Մարդու աղբը թափել։
Ամէն տարի, աւելի քան կէս միլիոն պզտիկներ կը մեռնին փորհարութեան պատճառով, մեծաւ մասամբ քանի որ մարդու աղբին կ’ենթարկուին։ Մովսիսական օրէնքը ըսաւ, որ մարդու աղբը բնակուած վայրէն հեռու պէտք է թաղուի (Բ. Օրինաց 23։13)։
Թլփատութեան ժամանակը։
Աստուծոյ Օրէնքը ըսաւ թէ տղայ զաւակը պէտք է թլփատուի ծնելէն ութ օր ետք (Ղեւտացւոց 12։3)։ Երբ պզտիկ մը ծնի, արիւնը մէկ շաբաթ ետք բաւարար նիւթեր կ’ունենայ արիւնահոսութիւնը կեցնելու։ Ուրեմն, Սուրբ Գիրքի ժամանակներուն, երբ բժշկական դարմանումները չէին յառաջացած, իմաստութիւն էր մէկ շաբաթէ աւելի սպասել եւ ետքը նորածինը թլփատել։
Զգացական առողջութեան եւ ֆիզիքական առողջութեան միջեւ եղած կապը։
Բժշկութեան գիտնականներ կ’ըսեն թէ դրական զգացումները, ինչպէս՝ ուրախութիւնը, երախտապարտութիւնը, յոյսը եւ ներողամտութիւնը, օգտակար են առողջութեան։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է, բայց կոտրած սիրտը ոսկորները կը չորցնէ» (Առակաց 17։22)։